Որոնել

Via Crucis procession during Good Friday celebrations in Port-au-Prince

Հայիթիի մէջ առեւանգուած վեց մայրապետները ազատ արձակուեցան

Նշենք որ Հայիթիի եկեղեցին երէկ` 24 Յունուարին կազմակերպած էր աղօթքի, խորհրդածութեան եւ Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքի օր մը առեւանգուած անձերուն համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 19 Յունուարին Հայիթիի մէջ զինուած անձերու կողմէ պատանդ առնուած Սան Աննայի միաբանութեան միանձնուհիները ազատ արձակուեցան։ Անոնց հետ ազատ արձակուեցան նաեւ իրենց հետ գտնուող միւս առեւանգուած անձերը։ Ազատագրումի լուրը հաստատեց Հայիթիի մայրաքաղաքի Արքեպիսկոպոս` Գերապ. Լէրոյս Մեզիտորը, ուրախութիւն արտայայտելով ազատագրումի լուրին համար եւ շնորհակալութիւն ըլլալով բոլոր անոնց որոնք աջակցութիւն ցուցաբերեցին այս հարցին։

Յայտնենք թէ անցեալ 21 Յունուարին Ֆրանչիսկոս Պապը կոչ ուղղած էր այս առնչութեամբ պահանջելով պատանդներուն ազատագրումը ու նաեւ երկրին մէջ բռնութիւններու դադրեցումը։

Քահանայապետի այս կոչին հետեւած էր նաեւ գերապ. Փիէր Անտրէ Տիւմայի կոչը որ նաեւ այդ առիթով պատրաստակամութիւնը յայտնած էր պատանդներուն դիմաց իր անձը նուիրելու որպէս պատանդ:

Գերապ. Տիւման այսօր հրատարակած մէկ յայտարարութեան մէջ կը գրէ թէ «այս ողբերգական իրադարձութիւնը, անգամ մը եւս փորձութեան ենթարկեց մեր հաւատքը, բայց ան կը մնայ անսասան։ Մենք «աղաղակեցինք» առ Աստուած, եւ Ան մեզ ուժեղ դարձուց մեր փորձութիւններուն մէջ և բանտարկեալներուն տուաւ ազատութիւն։ Ան դարձի բերաւ կարծրացած սրտերը և Հայիթին պիտի ազատէ ամէն չարէ, որպէսզի իր բոլոր զաւակները կարողանան ճանչնալ ազատութեան անգին ուրախութիւնը: Եկեղեցին յանձնառու կը մնայ մնում Հայիթիի մէջ արդարութեան և խաղաղութեան դարաշրջանի գալուստին»:

Նշենք որ Հայիթիի եկեղեցին երէկ` 24 Յունուարին կազմակերպած էր աղօթքի, խորհրդածութեան եւ Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքի օր մը առեւանգուած անձերուն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2024, 09:20