Եկեղեցական Գիտելիքներ Ա. Շաբաթ Առաջաւորի (28 Յունուար- 4 փետրուար 2024)
Կիրակի օրուայ աւետարանին մէջ կը կարդանք. ՜՜Յիսուս կը պատուիրէ որ ուտենք իր մարմնէն, քանի ինքն է երկնքէն իջած կեանքի հացը՝՝։ Իր ժամանակակիցներուն համար` ասոնք բոլորովին անհասկնալի բառեր են, որոնք կը գայթակղեցնեն ու շփոթի կը մատնեն նոյնիսկ առաքեալները։ Միայն Յովհաննէս է որ կը հասկնայ խոր իմաստը այս բառերուն եւ, առանց վարանելու զայն կը դնէ իր Աւետարանին մէջ, մինչ միւս աւետարանիչները կը զգուշանան այդ խօսքերը դնելէ Քրիստոսի բերնին մէջ Աւագ Հինգշաբթիէն առաջ։ Յիսուս երբ կը խօսի երկնքէն իջած հացին մասին, խորհրդանշական նմանութիւն մը կը կատարէ Աստուծոյ խօսքին. Այո, երկնքի հացը Աստուծոյ խօսքն է որ կը պարգեւէ զայն ընդունող եւ անոր հաւատացող մարդուն` յաւիտենական կեանք։ Ասոր համար է որ իր աւետարանին սկիզբէն արդէն, Յովհաննէս կ՛որակէ Քրիստոսը որպէս Բանն Աստուծոյ, այսինքն Խօսքն Աստուծոյ որ կու գայ երկնքէն եւ որ հաւասար է Հօր։
Երկուշաբթի օրը ՝ տօնն է Ատովմանց զօրավարաց։ Այս անունով երկու սուրբերու խումբեր կան մեր Յայսմաւուրքին մէջ: Առաջինը` Ատոմ Գնունին է եւ իր հետ եղող` Մանաճիհր Ռշտունի, որոնք Վարդանանց զօրավարներէն առաջ նահատակուեցան Յազկերտ Բ. Պարսից թագաւորի հրամանաւ, որպէսզի օրինակ հանդիսանան միւս հայ զօրավարներուն համար թէ ինչպէս կը պատժուին արքայից արքայի չհնազանդողները։ Երկրորդ խումբը Ատովմանց, արաբական շրջանին է որ կը նահատակուին Բուղա ոստիկանին ձեռամբ։
Երեքշաբթի օրը՝ տօնն է Սուքիասանց ճգնաւորացն: ասոնք 18 պալատականներ էին Ալաններու որոնք Հայաստան եկած էին առաջին դարուն եւ, մկրտուելով Ոսկեան քահանաներու կողմէն, քրիստոնեայ դարձած էին ու ճգնողական կեանք մը կ՛անցընէին Սուկաւէտ լերան մօտ` քարայրներու մէջ պահուըտած։ Անոնք, Ոսկեանց նահատակութենէն ետք` թաղեցին անոնց մարմինները եւ շարունակեցին ապրիլ իրենց ճգնողական կեանքը, աւելի խիստ կերպով: Իրենց հագուստները բոլորովին մաշած ըլլալով` իրենց մարմնի մազերով կը ծածկէին իրենց մերկութիւնը: Անոր համար ալ կոչուեցան Քօշ, որ կը նշանակէ մամրոտ ժայռ։
Ալաններու Շապուհ թագաւորը, 130 թուին՝ զիրենք փնտռել տուաւ եւ ուզեց որ վերադառնան իրենց երկիրը, սակայն անոնք չուզելով ուրանալ իրենց կրօնքը, նախընտրեցին նահատակութիւնը։
Հինգշաբթի օրը՝ տօնն է Ոսկեանց քահանաներուն։ Ասոնք, թուով հինգ, որոնց գլխաւորն էր Ոսկի անունով մէկը, կ՛ապրէին ըստ աւանդութեան Հայաստանի մէջ, առաջին դարուն։
Թադէոս առաքեալի աշակերտելով` մկրտուեցան եւ Ոսկի, քահանայ ձեռնադրուեցաւ։ Առաքեալին նահատակութենէն ետք` անոնք քաշուեցան Ծաղկոտն գաւառի Ծաղկէոյ լերան վրայ, ուր 40 տարի ճգնողական կեանք մը անցուցին. 107-ին, Սուքիասի եւ իր հետ ընկերացող իշխաններու մկրտութենէն ետք` անոնք, հինգը միասին, նահատակուեցան Հայոց թագաւորի հրամանով։
Ուրբաթ օրը՝ 2 Փետրուարը, Տեառնընդառաջ է, այսինքն երբ Յիսուսի ծնողքը զինք կը ներկայացնեն տաճար, քառասնօրեայ շրջանը ամբողջացնելէ ետք: Յատկանշական է մանաւանդ հանդիպումը երկու ծերունիներուն Սիմէոնի եւ Աննայի որոնք ներշնչուած Սուրբ Հոգիէն կու գան տաճար Յիսուս Մանուկը տեսնելու, այն որ եկած է փրկելու ժողովուրդը, խոստացուած Մեսիան:
Հայ Եկեղեցին այդ օրը կը կատարէ մոմերու օրհնութիւնը ժողովուրդը այդ օրհնուած մոմերը առնելէ ետք ՝ տուն կը տանի որպէս խորհրդանիշ հաւատքի լոյսին որ կը լուսաւորէ ամէն քրիստոնեայ ընտանիք: Նաև նոյն օրը կամ նախորդ օրուայ իրիկունը ըստ տեղւոյն յարմարութիւններուն, Աւագերէցը անդաստան կը կատարէ դպիրներուն հետ Եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ: Անդաստանը զուտ հայկական սովորութիւն մըն է ուր կ՛օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը դառնալով վառուած կրակի մը շուրջը:
Շաբաթ 3 Փետրուարին` տօնն է մեր մեծագոյն հայրապետներէն` Սուրբ Սահակ Պարթեւի, որուն շնորհիւ է որ Մեսրոպ Մաշտոց կրցաւ նուիրուիլ գրերու գիւտին։ Հետագային Սահակ եւս մասնակցեցաւ Սուրբ Գրքի հայերէն թարգմանութեան։ Սահակ որդին էր Մեծն Ներսէս հայրապետին, ծնած էր 348-ին եւ 387-ին` կը հանդիսանայ Հայոց կաթողիկոս. Կը վախճանի 437 թուին, յետ երկարամեայ արդիւնաւոր կեանքի մը: Կղերական չեղած` ան ամուսնացած էր եւ ունէր աղջիկ մը` Սահականոյշ, որ պիտի հանդիսանար մայրը Վարդան Մամիկոնեանի։
Տօնն է նաեւ Ս.Վլաս՝ Սեբաստիոյ հայրապետին, ոմանք զինք հայ կը կարծեն ծագումով, սակայն որեւէ փաստ չկայ այդ ուղղութեամբ: Ան նշանաւոր եղած է իր բժշկութիւններով մանաւանդ կոկորդի ցաւէ տառապողներուն համար: հալածանքներու ժամանակ ինք եւս կը բռնուի եւ տարուելով Կեսարիա շատ մը չարչարանքներու կ՛ենթարկուի: Կը մարտիրոսանայ 316 թուին: Հռոմի Ս. Վլասի անուան եկեղեցւոյ մէջ (Via Giulia) ամբողջ օրը պատարագ կը մատուցուի և հաւատացեալները առիթը կ'ունենան իրենց կոկորդը Ս. Իւղով օրհնել տալու: Երեկոյեան կը մատուցուի Հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ:
Նոյն օրը կը տօնենք Ոնեսիմոս՝ Պօղոս Առաքեալի աշակերտներէն մին, որուն մասին վկայութիւն տուած է առաքեալը Փիլեմոնի ուղղած իր թուղթին մէջ:
Կիրակի 4 Փետրուարը՝ Բ կիրակին է զկնի Առաջաւորի:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ