Որոնել

2023.03.31 Incontro con Mons Narek Alemezian

Հարցազրոյց - հանդիպում` Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի հետ

Զրոյցին նիւթը եղաւ` վերջերս Վատիկանի մէջ գումարուած Կաթողիկէ Եկեղեցի-Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ընտանիք Աստուածաբանական Երկխօսութեան 20-րդ ժողովը։

Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան Նիուզ 

22 Յունուարէն մինչեւ Ուրբաթ, 26 Յունուար 2024ին, Վատիկանի մէջ գումարուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցի-Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ընտանիք Աստուածաբանական Երկխօսութեան 20-րդ ժողովը, հիւրընկալութեամբ Սուրբ Աթոռի Քրիստոնեաներու միութեան խթանումի Վերատեսչութեան։

հաւաքին ի միջի այլոց մասնակցեցաւ նաեւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն որուն հետ առիթը ունեցանք զրուցելու եւ լուսաբանութիւններ խնդրելու վերոնշեալ ժողովի մասին, որուն այս տարուայ օրակարգը Մարեմաբանութիւնն էր.

Ունկնդրէ հարցազրոյցը

 


Օրակարգ, հանդիպումներ, աղօթնքեր

Շաբաթ–Կիրակի, 20–21 Յունուար, Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ընտանիքի անդամներ առանձին նիստեր ունեցան եւ իրենց ընտանիքը շահագրգռող միջ-եկեղեցական հարցեր քննարկեցին։ Այս ծիրին մէջ, Նարեկ Սրբազան ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական գործունէութեան գլխաւոր երեսները եւ Անուշաւան Սրբազան Դեկտեմբեր 2023-ին Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ամերիկայի Արեւելեան Թեմ շնորհած հովուապետական այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած միջ-եկեղեցական հանդիպումները։

Երեքշաբթի, 23 Յունուար, ակադեմական յատուկ հանդիսութեամբ, նշուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցի-Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ընտանիք Աստուածաբանական Երկխօսութեան 20-ամեակը։

Հինգշաբթի, 25 Յունուար, «Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթ»-ի աւարտին, Հռոմի Ս. Պօղոս Տաճարին մէջ, ժողովականներ աղօթակից դարձան Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապին։

Ուրբաթ, 26 Յունուար, Առաքելական Պալատին մէջ, ժողովականներ ընդունուեցան Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապին կողմէ, որ իր ուրախութինը յայտնեց աստուածաբանական երկխօսութեան հանգրուանային յաջողութեան համար եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ընտանիքի Հոգեւոր Պետերուն իր եղբայրական ողջոյնները յղեց։

Կաթողիկէ Եկեղեցի-Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ընտանիք Աստուածաբանական Երկխօսութեան անդամները որոշեցին յաջորդ տարի վերաքննել 2004-էն ի վեր իրենց կատարած աշխատանքը եւ ապագայ երկխօսութիւնը շարունակել նոր մեթոտաբանութեամբ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2024, 07:42