Որոնել

2021.08.01 Vangelo di domenica

Փնտռենք Քրիստոսը, Ճաշակենք Քրիստոսը եւ ապրինք Քրիստոսով (Յովհ. 6, 22 – 38) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը

Ուշադի՛ր ըլլանք թէ հաւատքը չի նշանակեր «ի՞նչ հրաշք պիտի գործես. որպէսզի տեսնենք եւ քեզի հաւատանք» (Յովհ. 6, 30), այլ է ամբողջական նուիրում՝ դիտուած հոգիի աչքերով: Կը հասնինք իսկական հաւատքին երբ «Աստուծոյ կամքը կատարած կ՛ըլլանք» (Յովհ. 6, 28):
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածը սիրելիներ շարունակութիւնն է մեր անցեալ կիրակի օրուայ Աւետարանի հատուածին (Յովհ. 6, 15 – 21), ուր հարց տուինք մենք մեզի ըսելով. Պէ՞տք ենք փնտռել Քրիստոս...Ինչպէ՞ս պէտք ենք փնտռել զԻնք, եւ ինչո՞ւ պարտաւոր ենք զԻնք փնտռել ու գտնել:

Երբ ընթերցենք մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածը, պիտի տեսնենք թէ ինչպէս Յովհաննէս աւետարանիչ մանրամասնօրէն կը պատասխանէ մեր այս բոլոր տուած հարցումներուն եւ կասկածներուն:

Ա. ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ ԵՆՔ ՓՆՏՌԵԼ ԶԻՆՔ

1. ՀԱՒԱՏՔՈՎ եւ ոչ թէ ԿԱՍԿԱԾՈՎ (Յովհ. 6, 28 – 30):

2. Որպէս մէկական մարդ արարածներ, մեր մօտ կասկածը աւելի բարձր է քան թէ հաւատքը, որովհետեւ երբ բան մը մարդկային աչքերովս չեմ տեսներ, այդ մէկը ինծի համար կը դառնայ գրեթէ անկարելի եւ կամ առասպել մը:

3. Չարին բոլոր նպատակն է մեզի կասկածի մէջ դնել (նոյնիսկ իր գոյութեանը մասին) որպէսզի մեր հաւատքը տկարացնէ եւ կամ գրեթէ ոչնչացնէ:

4. Ուշադի՛ր ըլլանք թէ հաւատքը չի նշանակեր «ի՞նչ հրաշք պիտի գործես. որպէսզի տեսնենք եւ քեզի հաւատանք» (Յովհ. 6, 30), այլ է ամբողջական նուիրում՝ դիտուած հոգիի աչքերով:

5. Կը հասնինք իսկական հաւատքին երբ «Աստուծոյ կամքը կատարած կ՛ըլլանք» (Յովհ. 6, 28):

6. Ոչ «առանձին» (Յովհ. 6, 22), այլ Եկեղեցիին օգնութեամբ եւ անոր ուսուցումովը:

Բ. ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԱՐՏԱՒՈՐ ԵՆՔ ԶԻՆՔ ՓՆՏՌԵԼ ՈՒ ԳՏՆԵԼ

1. «Որովհետեւ տեսանք Անոր հրաշքները» (Յովհ. 6, 26) ամէն օր եւ ամէն վայրկեան մեր առօրեայ կեանքին մէջ:

2. «Որովհետեւ պէտք ենք ջանալ ապահովել այն կերակուրը որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ (հոգեւոր սնունդը)» (Յովհ. 6, 27), եւ ոչ թէ «կորստեան ուտելիքը զոր կերանք եւ կշտացանք (մեր առօրեայ ֆիզիկական կերակուրն ու հոգերը)» (Յովհ. 6, 26-27):

3. Յիշենք որ Յիսուս միակն է իսկական եւ ճշմարիտ «Կեանքի Հացը» (Յովհ. 6,35)՝ զոհուած խաչին վրայ, եւ մեզի բաժնուած՝ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին ներքեւ:

4. Եւ «եթէ չուտենք Մարդու Որդիին մարմինէն եւ չխմենք Անոր արիւնէն, կեանք պիտի չունենանք մեր մէջ» (Յովհ. 6,53):

Լաւ, այս բոլորը լսելէն ետք,

Գ. ՊԷ՞ՏՔ ԵՆՔ ՓՆՏՌԵԼ ՔՐԻՍՏՈՍ

1. Այո, որովհետեւ «Քրիստոսի մօտ գացողը, պիտի չմերժուի» (Յովհ. 6,37):

2. Որովհետեւ կը հաւատանք որ «Քրիստոս Ինքն է սպասեալ Մեսիան» (Յովհ. 6, 29):

3. Որովհետեւ «այս հացը ուտողը, յաւիտեան պիտի ապրի» (Յովհ. 6,58):

Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան նամակը.

1. Փնտռենք Քրիստոսը

2. Ճաշակենք Քրիստոսը

3. Եւ ապրինք Քրիստոսով

Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2024, 08:00