«Անբաւելին երկնի եւ երկրի ի խանձարուրս պատեցաւ..». Գերյ. Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն
Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծնունդը այն հոգեզմայլ տօնն է, որով Մայր եւ Դաստիարակ Սուրբ Եկեղեցին կը փափաքի գօտեպնդել մեր երկրաւոր կեանքը, որպէսզի զայն ապրինք հետեւելով Քրիստոսի աւետարանական անյեղլի յորդորներուն:
Մեր Տէրը, աշխարհ գալով իր դրոշմը թողուց Մարդկութեան պատմութեան վրայ եւ ճանչցուեցաւ իբրեւ Աստուծոյ Օծեալ Որդին:
Անոր անձին մէջ Աստուած մարմնացաւ, ծնաւ եւ աճեցաւ՝ իր առօրեան ամենայն պարզութեամբ ապրող ընտանիքի մը շրջապատին մէջ:
Այս սուրբ ընտանիքին ամէնօրեան յար եւ նման է ներկայ դարուս անհամար գաղթականներուն վարած կեանքին:
Արդարեւ, այդ ընտանիքները անոնք են, որ վտարուեցան իրենց պապենական հողերէն: Անոնք են, որ ամէն ինչ թողուցին, տեղափոխուեցան, տարագրուեցան՝ ապրելու համար անկայուն պայմաններու մէջ:
Նման պատճառներով, վերոնշեալ ընտանիքներուն ինչպէս նաեւ՝ անդոհանքի ու անձկութեան գիշերին մէջ խարխափող մարդկութեան համար, կենսական է ու անհրաժեշտ Սուրբ Ծննդեան խաւարամերժ լոյսը:
Սուրբ Ծնունդը անշուք գոմի մը մէջ աշխարհ եկած նորածին Յիսուսը չէ' միայն, այլ՝ անիկա տիեզերքի խաւարը անմատոյց լոյսով եւ անհուն սիրով փարատող Աստուածն է:
Չկարծենք, որ «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» օրհնաբանելով, փերեզակներու նման շուկայէ շուկայ շրջելով, Կաղանդ Պապային տողանցքին հետեւելով՝ ամէն ինչ կը փոխուի, կամ՝ մեր կեանքին մէջ լոյս կը վերագտնենք:
Ընդհակառակը, Աստուծոյ անպարագիր սէրը ընկալելով եւ իւրացնելով է, որ պիտի կարենանք յոյսով ապրիլ ու քաջալեր ըլլալ անոնց, որ յուսալու պատճառ կը փնտռեն:
Ուստի, ապրելու յոյսի նշոյլները սփռենք ուրիշներուն վրայ՝ ներում շնորհելով, կարիքաւորը բազկատարած ընդունելով, խաղաղութեան նպաստելով, արդարութեան նեցուկ կանգնելով եւ Աստուծոյ խօսքին՝ մեզ ներքուստ փոխակերպելու առիթ տալով:
Արդ, ի՞նչ մաղթելու ենք Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով:
Պիտի չմաղթէի ձեզի, որ միլիոններ շահիք, որովհետեւ հսկայական գումարները չեն բաւեր լիացնելու դատարկ սափորը մեր կեանքին: Անոնք աւելի պատճառ կը դառնան մտահոգութեան քան՝ երջանկութեան:
Մենք, քրիստոնեայ հաւատացեալներս, պարտինք աճեցնել մեր սրտին մէջ Տիրոջ սերմանած սէրը:
Սուրբ Աւետարանին համաձայն՝ մենք բոլորս առանձնայատուկ անդամներ ենք Աստուծոյ բազմանդամ ընտանիքին:
Անդամ ըլլալը թէ' պատիւ է եւ թէ' պատասխանատուութիւն: Աստուած մեզ կը սիրէ անհուն սիրով, թէկուզ ամենածանր մեղքերու մէջ գահավիժած ըլլանք ու կ'ակնկալէ, որ մենք եւս նոյն սիրով սիրենք մեր նմանները:
Առ այդ, ի՞նչ մաղթելու ենք:
Նախ եւ առաջ՝ անչափ եւ անսահման սէր, այսօր՝ երէկուընէ աւելի եւ վաղը՝ այսօրուընէ աւելի: Սէր՝ ամէնուրեք:
Կը մաղթեմ, որ մեր փոքրերն ու երիտասարդները կարենան աճիլ ու մեծնալ՝ շրջապատուած զիրենք սիրող հայրիկին եւ մայրիկին գուրգուրանքով:
Սրտալիր մաղթանքներս կը յայտնեմ բոլոր լքուածներուն, տարեցներուն, հիւանդներուն, աղքատներուն, յուսաբեկներուն, որոնք կարիք ունին, որ լսենք զիրենք, յարգենք ու սիրով շրջապատենք:
Իսկ, թիւրիմացութեան, զրպարտութեան, չարախօսութեան, բամբասանքի, ոխի եւ ատելութեան զոհ եղած ըլլալու պարագային, արդարութեան հետամուտ ըլլալով հանդերձ՝ Մանուկ Յիսուսի մսուրին առջեւ զետեղենք մեր դէմ գործուած բոլոր անիրաւութիւնները:
«Անբաւելին երկնի եւ երկրի ի խանձարուրս պատեցաւ...Արարածք ամենայն զգեցան հանդերձ փրկութեան» (Մ. Խորենացի, Շարական Ս. Ծննդեան):
Ա'յս է համակ խորհուրդը այդ մանկացեալ Աստուծոյն, որ հեռու՜ն, Բեթղեհէմի ճամբուն վրայ, անպաճոյճ մսուրի մը մէջ կը սպասէ դարձեալ, տալու մեզի այն ինչ որ խնդրենք, լոկ մեր սէրը խնդրելով' փոխարէն:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզ մեծ աւետիս:
Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ եւ երջանիկ Նոր Տարի բոլորիդ: Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ