Քրիստոնէական Միութիւնը. «Որպէսզի ամէնքն ալ մէկ ըլլան»
Իր երկրաւոր կեանքի աւարտին, վերջին Ընթրիքի գիշերը, Յիսուս՝ հրաժեշտի պահուն՝ աղօթեց իր Հօր ամբողջ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ՝ ամբողջ մարդկութեան միութեան համար. «Որպէսզի ամէնքն ալ մէկ ըլլան» (Յովհ. 17, 21), այսինքն՝ համաձայն ու համերաշխ վկաներ Ս. Աւետարանին. ու յարեց իր սեղանակիցներուն. «Ամէնքը ասով պիտի ճանչնան, թէ դուք իմ աշակերտներս էք, եթէ զիրար սիրէք» (Յովհ. 13, 35):
Ներկայ դարուս, երբ դժոխքի ոյժերը, մոլեգնած՝ իրենց նենգութիւններով կը նկրտին մոլորեցնել հաւատացեալ քրիստոնեաները (Հմմտ. Մատթ. 24, 4-5), Քրիստոսի խօսքերը, աւելի քան երբեք, մխիթարական են իւրաքանչիւրիս եւ Եկեղեցւոյ համար, որ 20 դար է, ահա', եւ ի հեճուկս «Աշխարհի ցուրտին ու բորանին» (Պէպօ Սիմոնեան), կը շարունակէ խիզախօրէն սփռել Աւետարանի ճշմարիտ լոյսը ի սփիւռս աշխարհի:
Մենք Հաւատացեալներս, ապրելով հանդերձ ներկայ իրավիճակը, Քրիստոսի Հաւատքով զօրացած եւ Ս. Հոգիին ներգործութեամբ գօտեպնդուած, վառ յոյսով կը սեւեռենք մեր հայեացքը Յարուցեալի խոստումին. «Ահաւասիկ ես ձեզի հետ եմ ամէն օր՝ մինչեւ աշխարհիս կատարածը» (Մատթ. 28, 20). «Քաջալերուեցէք, ես յաղթեցի աշխարհի» (Յովհ. 16, 33):
Ամէնքս հաստատապէս կը հաւատանք, թէ մարդկային պատմութեան ղեկը Քրիստոսի ձեռքն է, եւ թէ յաղթական վերջին խօսքը Անոր է: Ան պիտի սաստէ Չարին եւ մարդակերպ սատանաներուն, որոնք ամօթահար պիտի հեռանան թաւալգլոր, մինչ Եկեղեցին Ս. Կոյսին նման, կը մնայ մի եւ կանգուն իր առօրեայ խաչերուն դիմաց. «Դուն վէմ ես, ու այդ վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ Եկեղեցիս, եւ դժոխքի դռները պիտի չյաղթահարեն զայն» (Մատթ. 16, 18):
Եկեղեցին մի է, երբ համոզուինք՝ թէ մենք չընտրեցինք Յիսուսը, այլ ինքը մեզ ընտրեց եւ սահմանեց, որ երթանք ու պտղաբեր ըլլանք, որպէսզի մեր պտուղը տեւական ըլլայ եւ ինչ որ խնդրենք Հօրմէն իր անունով՝ տայ մեզի (Հմմտ. Յովհ. 15, 16):
Ան մի է, երբ մեր ներկցորդումը Ս. Երրորդութեան հետ մեզ դարձնէ հարազատ որդիներ Հօր Աստուծոյ, եղբայրներ՝ Որդի Աստուծոյ եւ կենդանի տապանակներ՝ Ս. Հոգի Աստուծոյ, եւ երբ այդ ներկցորդումը Ս. Երրորդութեան հետ մեզ դարձնէ հարազատ եղբայրներ եւ քոյրեր իրարու:
Յիսուս հիմնեց մի եւ սուրբ Եկեղեցի մը: Այս ներքին միութիւնն ու սրբութիւնը հարկ է, որ արտայայտուին ի դիմաց աշխարհի, «Որպէսզի ամէնքն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս դո'ւն, Հայր, իմ մէջս ես եւ ես քու մէջդ. որպէսզի անոնք ալ մեր մէջ ըլլան եւ աշխարհը հաւատայ՝ թէ դուն ղրկեցիր զիս» (Յովհ. 17, 21):
Իրականացնելու համար այս բաղձանքը, Քրիստոնեաներս հրաւիրուած ենք ապրելու Ս. Աւետարանի յորդորները մեր առօրեային մէջ: Մեր իւրաքանչիւր խօսքն ու գործը ըլլալու են նշողումները Քրիստոսի ճշմարտութեան: Հարկ է, ուրեմն, կատարել Աստուծոյ կամքն ու խոստովանիլ, թէ Քրիստոս մեզ սիրեց եւ ընտրեց, որպէսզի Իր մարդասիրութիւնն ու ծառայասիրութիւնը ապրելով, (Հմմտ. Յովհ. 13, 15), բոլորս միասին, յաւիտենօրէն համախմբուինք Աստուծոյ ծոցին մէջ:
Եկեղեցւոյ միութիւնը կատարեալ կ'ըլլայ, երբ ամէնքս, կղեր ու աշխարհական, անխտիր, դառնանք Բեթղեհէմի մսուրին Մանուկին հնազանդութեան. «Երկինքէն իջած եմ ո'չ թէ կամքս կատարելու, այլ կամքը անոր՝ որ զիս ղրկեց» (Յովհ. 6, 38):
Եկեղեցւոյ միութիւնը կատարեալ կ'ըլլայ, երբ ամէնքս, կղեր ու աշխարհական, դառնանք Գողգոթայի կողահերձ Խաչեցեալին խոնարհութեան. «Սորվեցէք ինձմէ՝ որ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ, ու հանգիստը պիտի գտնէք ձեր հոգիներուն» (Մատթ. 11, 29):
Եկեղեցւոյ միութիւնը կատարեալ կ'ըլլայ, երբ ամէնքս, կղեր ու աշխարհական, Յարուցեալ Խաչեցեալին թափուր գերեզմանին առջեւ դառնանք մէկ մէկ խաչեցեալներ մարդկութեան խորանին վրայ:
Յիսուս աղօթեց, մենք ալ այսօր կ'աղօթենք, որպէսզի Ս. Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, համայն մարդկութիւնը ընկալէ Ս, Հոգիին ներշնչումներն ու ապրի սիրոյ պատգամը Քրիստոսի. «Ես անոնց մէջ, դուն իմ մէջս, որպէս զի կատարեալ ըլլան միութեան մէջ. եւ աշխարհ գիտնայ՝ թէ դուն ղրկեցիր զիս, եւ սիրեցիր զանոնք այնպէս՝ ինչպէս զիս սիրեցիր» (Յովհ. 17, 23):
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ