Որոնել

2024.01.07 Messa Epifania celebrata da S. Beatitudine Minassian

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Նախագահեց Աստուածայայտնութեան եւ Մկրտութեան տօնի արարողութեան

Ս. Զոհին եւ Արարողութեան աւարտին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, շնորհաւորանքները ընդունեց եկեղեցիիս սրահին մէջ,

Մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան եւ Մկրտութեան տօնին առիթով, «Ս. Փրկիչ» Հայ Կաթողիկէ եկեղեղիին մէջ, Հայրապետական Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ ջրօրհնէքի արարողութիւնը նախագահեց` Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, առընթերակայութեամբ` Մարսէյի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցիին ժողովրդապետին Գեր. Հ. Սեպուհ Վրդ. Կարապետեանին եւ Պուրճ Համուտի «Ս. Փրկիչ» եկեղեցիին օգնական ժողովրդապետին Գեր. Հ. Ռաֆայէլ Վրդ. Ժաուհարժիին:

Այս տարի «Յովհաննէս Մկրտիչ»-ը հանդիսացաւ «Յիսուսի Բարեկամներ»-էն պարտաճանաչ անդամ եղբ. Համբարձում Թութիկեանը:

Ս. Զոհին եւ Արարողութեան աւարտին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, շնորհաւորանքները ընդունեց եկեղեցիիս սրահին մէջ, ուր «Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութիւն»-ը կոկիկ հիւրասիրութիւն պատրաստած էր խուռներամ հաւատացեալներու բազմութեան:

«Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ, օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/01/2024, 08:38