Կը վերսկսին Ռատիովատիկանէն ուղղակի եթերով սփռուած հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Քովիտ 19 համաճարակի պատճառաւ ու անկէ ետք այլ հարցերու բերումով դադրած՝ Վատիկանի ձայնասփիւռէն ուղղակի եթերով սփռուած հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագները կը վերսկսին յառաջիկայ կիրակի օր` 21 Յունուար 2024ին։
Այս պատարագները կը մատուցուին ու կը սփռուին ամէն ամսուայ Երրորդ Կիրակին` առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Վատիկանի Ձայնասփիւռի յայտագիրներու արտադրման կեդրոն՝ Պիոս ԺԱ. Հռոմի Պապի անունը կրող պալատի Սուրբ Կոյս Մարիամի Աւետման նուիրուած մատուռէն, հովանաւորութեամբ եւ հոգատարութեամբ Լեւոնեան Քահանայապետական հայ կաթողիկէ Վարժարանին։
Մի քանի տարիներու դադարէն ետք յառաջիկայ օրերուն, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոս պատրիարքի տնօրինութեամբ, եւ Լեւոնեան Ք. Վարժարանի ներկայ մեծաւոր Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վ. Գույումճեանի կարգադրութեամբ, 2024 տարուայ անդրանիկ պատարագը պիտի մատուցէ Արհի. Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեան` Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն վաստակաւոր Առաջնորդը, մինչ պատարագին սպասարկութիւնը եւ երգեցողութիւնը պիտի ապահովեն Լեւոնեան Ք. Հայ Կաթողիկէ Վարժարանի սաները։
Յայտնենք` որ ամսուայ երրորդ կիրակի օրուայ այս պատարագներու աւանդութիւնը վաղուց հաստատուած է եւ ժամանակին այս մէկը կը կատարուէր Վատիկանի Պետութեան պարտէզներու մէկ բարձունքի վրայ գտնուող Վատիկանի Ձայնասփիւռի կեդրոնատեղիի մատուրէն, որ ապա գործնականութեան համար փոխադրուեցաւ Ձայնասփիւռի յայտագիրներու արտադրման կեդրոն։ Պատարագները միշտ հովանաւորուած են Լեւոնեան Ք. Վարժարանի կողմէ։
Վատիկանի ձայնասփիւռը աշխարհի ամենամեծ Ռատիոկայաններէն մին է։ Անոր ալիքներու միջոցաւ Հինգ աշխարհամասերու ունկնդիրներուն կը ձայնասփռուին 45 լեզուներով յայտագիրներ, որոնց շարքին նաեւ հայերէնը իր ամէնօրեայ 19 վայրկեան տեւողութեամբ հաղորդումով։ Ձայնասփիւռը հիմնուած է ռատիոյի ալիքներու գիւտարար` Իտալացի Կուլիէլմօ Մարքոնիի կողմէ եւ կայանին պաշտօնական բացումը կատարած է երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ. Քահանայապետը՝ 12 Փետրուար 1931ին։ Մինչ Ռատիոկայանիս հայերէն լեզուով առաջին հաղորդումը սփռուած է 29 Մայիս 1966-ին եւ այս մէկը շնորհիւ Աստուծոյ Ծառայ` Երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանին։
Հայկական բաժանմունքը իր գործունէութեան սկզբնական շրջանին ունէր քառորդ ժամ տեւողութեամբ շաբաթական 2 հաղորդումներ, որոնք 1968-ին դարձան շաբաթական երեք հաղորդում, ապա 1975-էն՝ սկսեալ դարձան՝ 19 վայրկեան տեւողութեամբ առօրեայ հաղորդումներ, որոնք կը սփռուին ամէն օր Հռոմի ժամով 17-ին եւ որոնց կարելի է հետեւիլ նաեւ Վատիկան Նիուզի կայքէջի միջոցաւ «vaticannews.va/hy.html» հասցէով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ