Ինչ՞ է իմ կեանքիս նպատակը. (Յովհաննէս 4, 24-42)։ Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը
Ահաւասիկ սիրելիներ, արդէն իսկ մեր տօնական բոլոր զարդերը մինչեւ Տեառնընդառաջ կը սկսինք հաւաքել, եւ պատրաստուիլ քառասնորդաց մեծ պահքի կարեւոր շրջանին:
Այսօրուան մեր աւետարանի հատուածը մեզ կը պատրաստէ այդ մեծ եւ կարեւոր օրերուն՝ մեր առջեւ դնելով էական հարցում մը. Ինչ՞ է իմ կեանքիս նպատակը:
Քրիստոս կ՛ըսէ. «իմ կերակուրս այն է՝ որ գործադրեմ զիս ղրկողին կամքը, եւ լրումին հասցնեմ անոր գործը» (Յովհ. 4, 34):
Իմ կեանքս արժէք կ՛ունենայ երբ կը գործադրեմ զիս ստեղծողին կամքը. ինչպէ՞ս:
Պահելով Անոր պատուիրանները.
1. Երբ ամբողջ սրտովս կը պաշտեմ միակ երկնաւոր Աստուծոյս եւ ոչ իմ շինած չաստուածներուն:
2. Երբ Աստուծոյ օրը Ս. կը պահեմ՝ մասնակցելով Ս. Պատարագներու եւ զանազան աղօթքներու (նաեւ անհատական աղօթքները կատարելով):
3. Երբ յարգանքը գոյութիւն ունի իմ կեանքիս մէջ՝ նամանաւանդ մեծերուն հանդէպ:
4. Երբ մեր լեզուները կ՛օգտագործենք միայն ու միայն զԱստուած փառաբանելու:
5. Երբ երդում չեմ ըներ եւ կը խօսիմ ճշմարտութիւնը:
6. Երբ չեմ սպաններ...ոչ միայն գործիքով, այլ նաեւ լեզուով:
7. Երբ մարմինս մաքուր կը պահեմ բոլոր պղծութիւններէ:
8. Երբ կը մերժեմ ստախօսութիւնը:
9. Երբ կը դադրիմ գողնալէ:
10. Երբ չեմ ցանկար ուրիշին ունեցածը եւ անոր կեանքը:
11. Երբ կը սիրեմ իմ Տէր Աստուածս բոլոր սրտովս, մտքովս եւ հոգիովս:
12. Երբ կը սիրեմ ուրիշը՝ իմ անձիս պէս:
Երբ կը պահեմ Աստուծոյ պատուիրանները, նաեւ կատարած կ՛ըլլամ Անոր կամքը. Երբ կատարեմ Անոր կամքը, լրումին հասցուցած կ՛ըլլամ Անոր գործը որ է՝ երկրպագել զԻնք ՀՈԳԻՈՎ եւ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՄԲ:
Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան նամակը. Բոլորս կանչուած ենք Աստուծոյ կամքը կատարելու եւ լրումին հասցնելու այն նամակը որուն համար բոլորս մենք աշխարհ եկած եւ կանչուած ենք. Ըլլալ միայն ու միայն Աստուծոյ զաւակը եւ Անոր ներկայութիւնը այս աշխարհին մէջ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ