Որոնել

FBL-WC-2022-ILLUSTRATION

Քաթարի կաթողիկէ առաջին եկեղեցիին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագը՝ յոյսի եւ միասնութեան նշան

Տոհայի «Վարդարանի Տիրամայր»՝ Երկիրի մէջ առաջին կաթողիկէ եկեղեցիէն ներս 1 Յունուարին մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ, որ նախագահեց Հիւսիսային Արաբիոյ առաքելական փոխանորդ եպիսկոպոս Ալտօ Պերարտին։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Հիւսիսային Արաբիոյ առաքելական փոխանորդ Գերապայծառ Ալտօ Պերարտին Տոհայի «Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցիէն ներս 30 հազար մասնակիցներու ներկայութեամբ 2024 թուականի Յունուար մէկին հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ մատուցեց, որ, ինչպէս նշեց Ան Fides լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին, «նպատակ ունի յոյսի եւ միասնութեան նշան ըլլալ կաթողիկէ համայնքին համար» եւ իր շուրջը «կը համախմբէ տարբեր ցեղերու եւ ազգութիւններու, տարբեր լեզուներու եւ կաթողիկէ ծէսերու անձեր»:

Քաթարի մէջ գործող առաջին կաթողիկէ եկեղեցին

Քաթարի մէջ լիազօրուած կաթողիկէ առաջին Եկեղեցին ՝ «Վարդարանի Տիրամայր» անունը կրող, կառուցուած է 2006ին՝ Էմիր Համատ պին Խալիֆա Ալ Թանիի կողմէ նուիրաբերուած հողատարածքի վրայ, որ այդպիսով ընդառաջած է օտարերկրեայ դեսպաններու՝ ի մասնաւորի Ֆրանսայի դեսպանի, խնդրանքին:

Օծուած է 15 Մարտի 2008 թուականին Ժողովուրդներու Աւետարանումի ժողովի երբեմնի նախագահ Կարդինալ Իվան Տիասի կողմէ։

Չափերով այդ հսկայական Եկեղեցին մօտ է նոր օդակայանին եւ՝ բողոքական, հնդիկ, ղպտի եւ ուղղափառ եկեղեցիներու հետ միասին, տեղի «Կրօնական համալիր»ի մասը կը կազմէ: «Կաթողիկէ եկեղեցին ամենէ մեծն է (․․․) եւ ցանկութիւն ունինք կառուցել եւս մէկը Երկիրի մէկ այլ տարածքին վրայ», նշած է եպիսկոպոս Պերարտին, աւելցնելով, որ յատկապէս ուրբաթ օրերու պատարագներուն բազմաթիւ հաւատացեալներ կը ժամանեն։ «Հիւսիսային Արաբիոյ թեմը կ’ընդգրկէ Պահրէյնը, Քաթարը, Քուէյթը եւ Սաուդեան Արաբիան, որոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր է իր օրէնքներով, մշակոյթներով, ցեղերով, քիչ թէ շատ խորը արմատաւորուած մահմեդական հակումներով», եզրափակած է Առաքելական փոխանորդը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2024, 11:15