Որոնել

Յիսուս առաքեալներ կ՝ընտրէ Յիսուս առաքեալներ կ՝ընտրէ 

«Համագործակցութիւն եկեղեցւոյ կեանքէն ներս» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Գործակցիլ կը նշանակէ բաժնեկից դառնալ, օժանդակել, ընկերակցիլ, նեցուկ կանգնիլ, ընդունիլ, հոգատարութիւն ընել, խնամել, մտահոգուիլ, զոհուիլ։
Ունկնդրէ լուրը

Եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցման սկզբունքներուն մէջ, համագործակցութիւնը հիմնական տեղ կը գրաւէ: Եթէ ուշադրութեամբ վերլուծենք Եկեղեցւոյ ընկերային զանազան շրջաբերականները, պիտի անդրադառնայինք որ համագործակցութիւնը նախ եւ առաջ արժէք մըն է : Արժէք մը, զոր կը շնորհենք ե՛ւ անհատներուն եւ հասարակութիւններուն, որոնք մեզ կը միացնեն : Ան կը կազմէ, ըստ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին «հաստատ եւ անսակարկ որոշումը, աշխատելու յանուն մարդկային բարիքին, այսինքն՝ իւրաքանչիւր անհատին եւ համայն մարդկութեան, որովհետեւ իրապէս մենք պատասխանատու ենք բոլորին»:

Համագործակցութիւնը նաեւ գործնական աշխատանք է, որ արժէքը կամ առաքինութիւնը շօշափելի արարքներու կը վերածէ: Այլ խօսքով գործակցիլ կը նշանակէ բաժնեկից դառնալ, օժանդակել, ընկերակցիլ, նեցուկ կանգնիլ, ընդունիլ, հոգատարութիւն ընել, խնամել, մտահոգուիլ, զոհուիլ, եւ այլն:
Ոչ ոք կրնայ առանձին ապրիլ եւ անտեսել հասարակութիւնը : Որովհետեւ, պատկանելիութիւնը ընկերային զանազան շրջանակներուն, ըլլան անոնք ընտանիք կամ որեւիցէ շրջանակ, ոչ միայն նիւթական վերապրումի սկզբունքը կը կազմէ, այլեւ մեր ինքնութիւնը մեր մտաւորական աճումը եւ մեր զգացականին հաւասարակշռութիւնը:

Չենք կրնար բաժնել համագործակցութիւնը աւետարանչութենէն, որովհետեւ աւետարանչութիւնը կ'ենթադրէ շօշափելի մասնակցութիւն մարդոց կեանքին, այսինքն՝ այն բոլոր մարդոց որոնք հոգեկան կամ մարմնական դժբախտութիւն ունին: Հետեւաբար, այն ինչ որ կրնայ մարդիկը ընկերութիւններուն մօտեցնել ներկայ աշխարհին մէջ, ուր այնքան ներդաշնակ է եւ միեւնոյն ատեն շատ բաժնուած, աւետարանչութեան մաս կը կազմէ։ Արդարութեան հաշտութեան եւ ներողամտութեան փնտռտուքը, ինչպէս նաեւ ցեղապաշտութեան գերազանցումը մաս կը կազմեն եղբայրութեան, որ իր աղբիւրը կը գտնէ Աստուծոյ Հօր մէջ :
Համագործակցութիւն բառը, առաջին անգամ քրիստոնէական բարբառին մէջ մուտք գործեց Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին օրով : Անոր ընկերային շրջաբերականներուն մէջ, համագործակցութիւն բառը բազմաթիւ կերպերով գործածուած են: Ըստ իրեն, ան պէտք է ըլլայ բոլորին համար, այսինքն՝ պէտք չէ սահմանափակուի միայն Քրիստոնեայ կրօնքով, անոր ցեղով դասակարգերով ու շրջանակներով, որովհետեւ բոլոր մարդկութիւնը հաւասարապէս սիրուած է Աստուծմէ:

Նմանապէս, Յովհաննէս Պօղոսին համար, համագործակցութիւնը կը հասնի մինչեւ ներողամտութիւն եւ հաշտութիւն: Սակայն, երբ մէկու մը ներողութիւնը կը խնդրենք նախատելէն ետք, ասիկա կը նշանակէ որ կ'ուզենք մեր կեցուածքը փոխել իրեն հանդէպ, այլ խօսքով՝ դարձի գալ: Արդ, համագործակցութեան պարտականութիւնը կը դառնայ կոչ մը հաշտութեան եւ ներգործութեան: Այն ատեն, բոլոր մեքենայութիւնները, որոնք մարդս կը նուաստացնեն արմատախիլ կ'ըլլան:

Ահաւասիկ ուրեմն համագործակցութեան սկզբունքը: Համագործակցութեան պարտականութիւնը մէկ խօսքով սիրոյ եւ ողորմութեան արտայայտութիւն է կարիքաւորներուն հանդէպ:
Որովհետեւ, ինչպէս կ'ըսէ Յովհաննէս Պօղոս Քահանայապետը «փոխադարձ սիրով եւ յատկապէս պաղատանքով է, որ մենք կարիքաւորներուն ցոյց կու տանք որ մենք Յիսուսի իսկական առաքեալներն ենք»:
Եկէք ուրեմն աւելի գիտակցինք ներկայ աշխարհին մարտահրաւէրներուն եւ գրաւականներուն եւ աւելի յանձնառու ըլլանք արդարութեան եւ համագործակցութեան :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2024, 08:33