Որոնել

2022.10.28 Cerimonia apertura fase Diocesana processo beatificazione Card Agagianian

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (53)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Ծիրանաւոր Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի Երանացման եւ Սրբադասման որոշումին:

ԾԳ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Ծիրանաւոր Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի Երանացման եւ Սրբադասման որոշումին:

 

Հայազգի Ծիրանաւորի մահէն 50 տարի անց, Չորեքշաբթի, 22 Ապրիլ, 2020-ին, Վատիկանի Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթի մէջ լոյս կը տեսնէ համայն հայութեան ուրախութիւն պատճառող լուր մը. Օրաթերթի այդ թուին մէջ հրատարկուած էր Երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի սրբադասման դատի կոնդակը: Արդարեւ, տարի մը առաջ, 2019 թուին,  Զմմառու վանքին մէջ, Հ. Կ. Կաթողիկոսական  Աթոռի Գահակալ՝ Գրիգոր Պետրոս Ի. Ղապրոյեան Պատրիարքի նախաձեռնութեամբ, և Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական Հայրերու միաձայնութեամբ՝ Աստուծոյ Ծառայ, Սրբակեաց Ծիրանաւոր Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի Երանացման եւ Սրբադասման Դատին ընթացք տալու խնդրագիր կը ներկայացուի: Այսօր, այդ խնդրագիրի ներկայացումէն տարիներ անց, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին խորին երախտագիտութիւն կը յայտնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին եւ Հռոմի Ս. Աթոռի Սրբադասման Ժողովի անդամներուն, որ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գահակալի դիմումնագրին ընդառաջելով՝ քննարկեց Կարդինալ Աղաճանեանի տարիներու ընթացքին աճող սրբութեան համբաւը և որոշում կայացուց ընթացք տալ անոր Երանացման եւ ապա Սրբադասման Դատին: Այսօր, աղօթք կը բարձրացնենք առ Ամենաբարին Աստուած որ Երանելիի պայծառ լուսապսակը ընդհուպ դրուի հայ ժողովուրդի նուիրեալ հոգեւորական՝ Աղաճանեան Կարդինալի վեհ ճակտին վրայ:

Ինչո՞ւ երանացում Աղաճանեան Հայրապետին. երանացում, որովհետեւ ան հարազատ զաւակն է հայ ազգին, որ արդէն այնքան հարուստ է մարտիրոսներով առաջին դարերէն, որ ամէն ազգէ առաջ քրիստոնեայ եղած է արքաներով, աւագինիով և բովանդակ ժողովուրդով, և ամբողջ տիեզերքի մէջ առաջին անգամ իր առաջին քրիստոնեայ թագաւորին առաջնորդութեամբ՝ պատերազմներ մղած է իր հաւատքին և կրօնքին համար. և շարունակ տուած է բազմաթիւ նահատակներ: Այդ նոյն շառաւիղէն ընթացան նաեւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան օրհասական օրերուն, բազմաթիւ հայ նահատակ հոգեւորականներ: Անոնց կարգին է Մարտինի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ՝ Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեան, որ արդէն Երանելի հռչակուած է: Աստուծմէ թախանձաքին կը խնդրենք որ Մալոյեան եւս բարձրանայ սրբադասման փառքին: Կարդինալ Աղաճանեանի անթառամ յիշատակը և անոր անձին արժանիքները միշտ յաւերժ պիտի մնան՝ սերունդէ սերունդ և դարէ դար:

Այսօր յաւերժ կը մնայ անոր յիշատակը հայ ժողովուրդի զաւակներուն հոգւոյն մէջ, որուն առ ի երախտագիտութիւն՝ Կաթողիկէ Եկեղեցին այս մեծ եկեղեցականը երանացման ու սրբացման դատին արժանի համարած է:

Երջանկայիշտակ Կարդինալին և Երանելի Մալոյանին ապրած կեանքին օրինակը և զոհաբերութեան գերագոյն ոգին մեզի և գալիք սերունդներուն ներշնչանքի անսպառ աղբիւր թող դառնայ: Այս դժուարին օրերուն, Եկեղեցւոյ մաղթանքը կը վերանորոգուի, իր մէջ ընդունելով նորանոր քահանայական կոչումներ, որոնք մեր անցեալի արժանաւոր հոգեւորականներուն նման՝ իրենց կեանքով, ամբողջանուէր ծառայութեամբ, հոգեմտաւոր  ստեղծագործութեամբ, խոնարհաբար սպասարկեն Աստուծոյ Ս. Խորանին և Հայ ժողովուրդի զաւակներուն ի Մայր Հայաստան և ի Սփիւռս աշխարհի, ի փառս Աստուծոյ և ի պանծացումն Ս. Եկեղեցւոյ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/01/2024, 09:40