Որոնել

Տարեվերջ, Ամանոր, հրավառութիւն, շնորհաւոր Նոր տարի Տարեվերջ, Ամանոր, հրավառութիւն, շնորհաւոր Նոր տարի 

«Խաղաղութեամբ դիմաւորենք նոր տարին» Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեան

Սակաւաթիւ են սակայն այն մարդիկը, որոնք համոզումով եւ ներքին խաղաղութեամբ յառաջիկայ տարին կը յանձնեն Աստուծոյ Նախախնամութեան:

Շատերուս համար մեծ ուրախութիւն է թեւակոխել նոր տարին յուսալով, որ դառնայ աւելի յաջող իր ծրագիրներով եւ ակնկալութիւններով։ Ու կը փորձենք ուրախութեան յոյսեր ստեղծել մեր սրտերուն մէջ. Ինչո՞ւ: Պատասխանը անորոշ է. թերևս այսպէս սովորութիւն դարձած է, որպէսզի այս զգացումը մեզ մղէ լաւատես աչքերով մօտենալու նոր տարուան:

Նոր տարուայ շեմին կանգնած՝ շատեր ցնծագին եւ յուսալից պատճառներով կը դիմաւորեն զայն, ակնկալելով եւ մաղթելով, որ յառաջիկայ տարին ըլլայ աւելի բարենպաստ եւ դրական:

Թղթատելով նախորդ տարուայ էջերը, մենք մեզի հարց կու տանք, թէ որքան պատմութիւններ եւ դէմքեր ուրուագծուած են այդ տարուայ էջերուն վրայ. դարձնելով զանոնք առաւելաբար կը զգանք, որ դրոշմ մը ձգած ենք անոր էջերուն վրայ:
Այդ էջերը վերջացնելով, բոլորս հարցման կէտի մը առջեւ կը դրուինք, ի՞նչ էր մեր նպատակը անցեալ 365 օրերուն ընթացքին եւ կամ ին՞չ էր մեր իւրաքանչիւրին երազը, զորս պէտք էինք իրագործել եւ զանազան պատճառներով չկարողացանք, միշտ մեղադրելով մենք զմեզ, կամ մեզ շրջապատող մարդիկը, առանց պահ մը իսկ մտածելու Աստուածային Նախախնամութեան մասին:

Սակաւաթիւ են սակայն այն մարդիկը, որոնք համոզումով եւ ներքին խաղաղութեամբ յառաջիկայ տարին կը յանձնեն Աստուծոյ Նախախնամութեան:
Ամենուրեք կը լսենք, պատերազմներ եւ պատերազմներու փողերու ձայներ: Փաստօրէն այս բոլորին մէջ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը ձգտի խաղաղութեան, ինչ որ դրական կրնայ ըլլալ անհատի մը համար, ինչպէս նաեւ ընկերութեան մը կեանքին վրայ:

Մեր խղճին առջև կը մնայ մէկ իրողութիւն, որուն մենք պարտական ենք պատասխանել. ի՞նչ կ'ընենք մեր ներքին կամ արտաքին խաղաղութեան համար :
Արդեօ՞ք մանուկ Յիսուսը կրցա՞ւ իր խաղաղութեամբ համոզել, որ մենք իբրեւ քրիստոնեաներ, կրնանք յաղթահարել ամէն տեսակ չարի :

Արդեօ՞ք խաղաղութեան ըմբռնումը մարդու ներսէն դէպի դուրս ճառագայթող երեւոյթ մըն է, թէ հակառակը. այլ կերպ ասած, արդեօ՞ք քաղաքական խաղաղ եւ նիւթական հանգիստ կեանք մը ապրիլը, կը նշանակէ, որ ներքնապէս մարդը խաղաղ կեանք մը կ'ապրի:

Աշխարհի խաղաղութիւնը հիմնուած է փոխադարձ եւ անձնական շահերու վրայ. այդ խաղաղութիւնը զէնքի ու ուժով հաստատուած կ՛ըլլայ և ընդհանրապէս պայմանաւորուած է:
Մինչդեռ Քրիստոսի խաղաղութիւնը հիմնուած է մարդու շահերը ապահովելու վրայ. ան ոչ պայմանաւոր է, ոչ ալ ժամանակաւոր, այլ յաւերժական է:

Քրիստոս ինքն է միայն խաղաղութեան Աստուածը, եւ իրմով միայն աշխարհը պիտի խաղաղի :
Ինչպէս Ան կ'ըսէ մեզի՝ «Խաղաղութիւնս կը թողում ձեզի, իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, ոչ ինչպէս աշխարհը ձեզի կու տայ» :

Ապաւինինք ուրեմն Քրիստոսի խաղաղութեան, որպէսզի այս նոր տարուայ առթիւ մեր յոյսերը ի թերեւս չելլեն եւ կարենանք վայելել իսկապէս խաղաղութեան օրեր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/01/2024, 07:00