Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Շնորհալիի «Գիր Հաւատոյ»ի մէջ քննուած հարցերը – Ը Մաս

Հաղորդաշար (45) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ.Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Ալեքս իշխանին փոխանցած նամակին մէջ շարադրուած յոյ­նե­րու տաս­նե­րեք հար­ցե­րուն մէջ կարեւոր տե­ղ կը գրա­ւէ Քրիս­տո­սի աստուածային եւ մարդկային բնու­թիւններու խն­դի­րը՝ որ երեք անգամ արծարծուած կը գտնենք։ Առաջին անգամ հարցը ներկայացնելուն՝ հայերուն մասին այսպէս կ՚արտայայտուի. «Ա­նոնք մէկ բնու­թիւն կը դա­ւա­նին Բա­նին եւ մարմ­նին»։

Շ­նոր­հա­լի նախ կ՚ըն­դու­նի թէ այս հար­ցը տա­րաբ­նոյթ պա­տաս­խա­նի կը կա­րօ­տի, սա­կայն «ժամանակի սղութեան պատ­ճա­ռով քի­չով բա­ւա­կա­նա­նանք» կը գրէ եւ հա­մա­ռօ­տա­բար կը ներ­կա­յաց­նէ թէ Քրիս­տո­սի մէջ մէկ բնու­թիւն ըսե­լով ի՛նչ կը հասկ­նայ։ Այս իսկ պատ­ճա­ռով նա­խընտ­րելի է հա­ւա­տար­մու­թեամբ մէջ­բե­րել Ս. Ներ­սէ­սի խօս­քե­րը։

«Ք­րիս­տո­սի մէջ մէկ բնու­թիւն կ՚ը­սենք, ոչ թէ Եւ­տի­քէ­սի պէս շփոթ­ումով, այլ Կիւ­րեղ Աղէք­սանդ­րա­ցիի՝ որ... Նես­տո­րի դէմ կ՚ը­սէ. Մի է բնու­թիւն Բա­նին մարմ­նա­ցե­լոյ», եւ «մենք սուր­բե­րու աւան­դա­ծին հա­մա­ձայն կ՚ը­սենք այս, եւ ոչ չա­րա­փառ­նե­րու ըմբռ­նու­մով շփո­թու­թիւն կամ փո­փո­խու­թիւն կամ այ­լայ­լու­թիւն վե­րագ­րե­լով Քրիս­տո­սի միաւո­րու­թեան։ Մէկ ան­ձ՝ որ դուք կ՚ը­սէք Քրիս­տո­սի մէջ, որ ճիշտ է եւ մենք ալ կը խոս­տո­վա­նինք, անոր փո­խա­րէն մեր ըսած մի բնու­թիւնն ալ նոյն եւ նման է, եւ ոչ թէ հեր­ձուա­ծո­ղա­կան կար­ծիք»։

Շ­նոր­հա­լի կ՚անց­նի հա­կիրճ փաս­տար­կով ներ­կա­յաց­նե­լու հայե­րու որ­դեգ­րած «մէկ բնու­թիւն» բա­նա­ձե­ւին ու­ղիղ ըն­կա­լու­մով կի­րա­րուի­լը, հաս­տա­տե­լով թէ երբ նոյն այս հար­ցին շուրջ տար­բեր բա­ռե­րով կ՚ար­տա­յայ­տուինք՝ խօս­քը միայն աս­տուա­ծու­թեան մա­սին չի սահ­մա­նա­փա­կուիր, ոչ ալ միայն մարդ­կային բնու­թեան վրայ կանգ կ՚առ­նենք, այլ, միշտ ան­շփոթ միու­թիւ­նը կը պահ­պա­նենք, ինչ­պէս կը բա­ցատ­րէ. «վե­րոն­շուած­նե­րը յայտ­նի են սուրբ Աթա­նա­սէն, որ կ՚ը­սէ թէ Բա­նը՝ Աս­տուած ըլ­լա­լով, ան­չար­չա­րե­լի է բնու­թեամբ, սա­կայն ան­մար­մի­նը՝ ան­բա­ժա­նե­լի կեր­պով միացած էր չար­չա­րե­լի մարմ­նին հետ, եւ նման ու­րիշ շատ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ»։­

Իր պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեան մէջ կը տես­նենք թէ Շնոր­հա­լի հա­մո­զուած է որ այս կամ այն բա­նա­ձե­ւը օգ­տա­գոր­ծե­լու պա­րա­գային՝ կա­րե­ւո­րը մտադ­րուած նպա­տակն է եւ իմաս­տը՝ որ կը տրուի այդ բա­նա­ձե­ւե­րուն, եւ հե­տե­ւա­բար՝ եր­կուքն ալ հա­մա­զօր կը գտ­նէ եւ ըն­դու­նե­լի եթէ մի­տուած են Քրիս­տո­սի մէջ Բա­նին եւ մարմ­նին ան­բա­ժա­նե­լի եւ ան­ճառ միաւո­րու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տե­լու՝ առանց որե­ւէ շփո­թու­թեան կամ խառնման։

­Հե­տե­ւեալ խօս­քե­րով Շնոր­հա­լի կ՚եզ­րա­փա­կէ. «Արդ, եթէ “մէկ բնու­թիւն” ըսուի ան­քակ­տե­լի եւ ան­բա­ժա­նե­լի միաւո­րու­թեան հա­մար եւ ոչ թէ շփո­թում նշա­նա­կե­լու, իսկ “եր­կու բնու­թիւն”՝ ան­շփոթ եւ անայ­լայ­լե­լի ըլ­լա­լուն հա­մար եւ ոչ թէ բա­ժա­նում նշա­նա­կե­լով՝ եր­կուքն ալ ուղ­ղա­փա­ռու­թեան սահ­մա­նին մէջ են»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2024, 07:51