Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Շնորհալիի «Գիր Հաւատոյ»ի մէջ քննուած հարցերը – Թ Մաս
Ներսէս Շնորհալի Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդին առնչուող՝ յոյներու տասնմէկերորդ հարցը այսպէս կը ներկայացնէ. «Այդ գրութիւնը այս ալ մեզի ցոյց տուաւ, թէ լսեցինք անոնցմէ ոմանց խօսքերը՝ որ Քրիստոս մեզի համագոյակից թանձր, մահկանացու, չարչարելի, երկրային, ապականացու եւ եղանելի մարմին չառաւ Կոյսէն, այլ անապական, անօսր, անչարչարելի եւ անեղանելի։ Եւ թէ՝ ինչպէս կամեցաւ, երեւցաւ մարդու նման, կերաւ եւ խմեց՝ ինչպէս Աբրահամի քով»։ Մէկ խօսքով յոյները կ՚ամբաստանէին հայերը՝ դաւանելու Քրիստոս երեւութապէս մարմնացած՝ եւ ոչ թէ թանձրացեալ եւ ապականացու, հողեղէն մարմնով, որով չարչարուէր եւ կրէր բոլոր մարդկային կիրքերը, տառապանքն ու մահը։
Շնորհալի նախ հայոց դաւանութիւնը կը բանաձեւէ եւ ապա սուրբգրային մէջբերումներով եւ օրինակներով կը բացատրէ, պատճառաբանեալ շարադրանքով։
«Քրիստոս՝ Աստուած եւ մարդ կը դաւանինք. մարդութեամբ՝ մեզի համագոյակից, իսկ աստուածութեամբ՝ Հօր եւ Հոգիին. եւ նոյն ինքն՝ ըստ աստուածային բնութեան՝ մէկ անբաժանելի աստուածութիւն՝ երկնային, պարզ, անչարչարելի եւ անմահ. իսկ ըստ մարդկային բնութեան՝ երկրաւոր, թանձր, չարչարելի եւ մահկանացու։ Բայց ոչ թէ առանձին առանձին, համաձայն Նեստորի կարծիքին, որ մարմինը՝ Բանին տաճարը կոչեց։ Որովհետեւ միութենէն ետք՝ երկուութիւնները վերացան»։
Շնորհալի կ՚անցնի այս միութեան կերպը բացատրելու, մերժելով որեւէ երկուութիւն։ «Օրինակի համար, երբեմն, սուրբ Գրքի մէջ վեհագոյն ու աստուածային յատկութիւնները՝ մեզի համագոյակից մարմինին կը վերագրուին, ինչպէս մեր Տիրոջ տնօրինական տիտղոսները՝ աստուածութեան յատկանիշ կը ներկայացնէ առաքեալը՝ ըսելով. «Յիսուս Քրիստոս երէկ եւ այսօր նոյն եւ յաւիտեանս» (Եբր. Ժգ, 8)։ Երէկ՝ աստուածութեան մշտնջենաւորութիւնն է, որ Հօր մօտ էր, կ՚ըսէ «եւ այսօր» մարդեղութեան համար, «նոյն եւ յաւիտեան»՝ անվախճան թագաւորութեան համար»։ Սուրբ Ներսէս բնական կը գտնէ որ Պօղոս առաքեալի մտքէն անգամ չ՚անցնիր Քրիստոսի աստուածութեան եւ մարդկութեան միջեւ բաժանում ընդունիլ։ Այլապէս «Պէտք է ըսէր որ Բանն Աստուած երէկ, եւ Յիսուս Քրիստոս այսօր։ Սակայն, միութենէն ետք բնաւ երբեք բաժանումի կերպ չնշեցին ո՛չ առաքեալները եւ ո՛չ եկեղեցւոյ վարդապետները, ինչպէս Յովհաննէս աւետարանիչը՝ մարմինը շօշափելով՝ Բանը շօշափել յայտարարեց, ըսելով՝ «Մեր ձեռքերը շօշափեցին կեանքի Խօսքը» (ԱՅվ Ա,1)։
«Դարձեալ, նաեւ մարմնի յատկութիւնները աստուածութեան կը վերագրեն, ինչպէս Աստուած խաչուած, եւ արիւն, չարչարանք եւ մահ Աստուծոյ՝ Գրիգոր Աստուածաբանին եւ այլ սուրբերու համաձայն, եւ այս բոլորը ի՛նչ կը նշանակեն, եթէ ոչ անճառ միութիւնը եւ անբաժանելի ըլլալը»։
Մէկ խօսքով, վերագրել աստուածային յատկանիշները մարդկութեան եւ մարդկայինները՝ աստուածութեան, ուրիշ բան չի նշանակեր եթէ ոչ անբաժանելի միութիւնը Քրիստոսի, ինչպէս որ Պօղոս առաքեալն ու Յովհաննէս աւետարանիչը մեզի կը ներկայացնեն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ