Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Շնորհալիի «Գիր Հաւատոյ»ի մէջ քննուած հարցերը – Ժ Մաս
Մարդեղութեան խորհուրդով Քրիստոսի ունեցած մարմնին յարութենէն ետք անգամ մեր մարմիններուն հետ համագոյակցութեան ի նպաստ Շնորհալի որպէս փաստ կը մէջբերէ աւետարանէն, այս անգամ յարուցեալ Յիսուսի իսկ խօսքերը, որ աշակերտներուն ըսաւ. «Շօշափեցէք զիս եւ տեսէք, որ ես նոյնն եմ, որովհետեւ հոգին մարմին եւ ոսկորներ չունի, ինչպէս որ կը տեսնէք թէ ունիմ»։
Շնորհալի այս խօսքերու հիման վրայ կը հաստատէ թէ Քրիստոսի մարմինը թանձրացեալ, հողեղէն, շօշափելի մարմին էր, եւ հակաճառողներու առարկութիւնները կանխելով՝ կը գրէ. «Թէպէտ աստուածային զօրութիւնը երբ ուզէր կը թեթեւցնէր մարմինը, ինչպէս ծովուն վրայ քալելով եւ կնքուած գերեզմանէն դուրս ելլելով եւ փակուած դռներով աշակերտներուն քով մտնելով. որովհետեւ ոչ թէ ինքը բնութեան օրէնքներուն կը ծառայէր, այլ բնութեան օրէնքները իրեն կը ծառայէին՝ իբրեւ արարչի, ինչպէս որ կարելի է հասկնալ կուսական ծնունդէն եւ այլ գերազանց հրաշքներէն»։
Անգամ մը առարկութիւններէն ձերբազատուած՝ կ՚անցնի հակաճառելու, ընդդիմախօսներէն բացատրութիւն պահանջելով. «Իսկ եթէ մարմինը թանձր չէր, ո՛վ բեւեռեցին խաչին վրայ կամ մեռեալի մը պէս գերեզման դրին։ Յարութենէն ետք Թովմաս ո՛վ շօշափեց, եւ եթէ չարչարելի չէր՝ ի՛նչպէս գլուխը խոնարհեցնելով հոգին աւանդեց»։
Այստեղ Շնորհալի անհրաժեշտ կը գտնէ շեշտել եւ յստակել նաեւ թէ Յիսուս բոլոր չարչարանքներն ու մահը ոչ թէ պարտադրաբար այլ կամաւորապէս կրեց, կրկին մէջբերելով Քրիստոսի խօսքերը. «Իշխանութիւն ունիմ անձս դնել եւ իշխանութիւն ունիմ ետ առնել» (Յվ Ժ,18)։
Հուսկ կ՚անցնի բացատրելու թէ ի՛նչ առումներով կարելի է «ապականացու» կոչել Քրիստոսի մարմինը։
«Իսկ եթէ մէկը ապականացու ըսէ մարմինը, կամաւոր կիրքերուն համար՝ ինչպէս անօթութեան եւ ծարաւին, լալուն եւ խաչին վրայ արիւն թափելուն՝ որու շնորհիւ կենդանացանք, մենք ալ այս կը խոստովանինք։ Բայց եթէ մէկը ակամայ եւ անարգ կիրքերու համար զինք ապականացու յայտարարէ... ասոր չենք հաղորդակցիր, որովհետեւ ապականութիւնը մեղքի ծնունդ է, իսկ ով որ մեղք չգործեց՝ այսպիսի ապականութիւն չտիրեց անոր։... իսկ եթէ ապականելի կիրքերուն ակամայ կը հնազանդէր, պարզ է որ ենթակայ էր նաեւ մեղքին, որ ապականութեան հայրն է. ինչ որ, քաւ լիցի մտածել կամ ընդունիլ՝ ուղիղ հաւատացողներուն»։
Շնորհալի շատ յստակ եւ ճշգրիտ բացորոշումներ դնելով կը փորձէ բացառել ամէն սխալ ընկալում իր օգտագործած բացատրութիւններուն, մատնանշելով թէ՛ աստուածաբանական եւ թէ՛ իմաստասիրական նուրբ տեսութիւն եւ անվիճելի պատրաստութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ