Որոնել

2019.02.01 Presentazione al Tempio di Gesù Cristo, presentazione del Signore

«Մարմնացեալդ ի Կուսէն նախայաւիտեան Բանդ. այսօր ի տաճարն եկիր կատարել զօրէնս» (Տեառնընդառաջի շարական)

Ուրբաթ 2 Փետրուարին Եկեղեցին կը տօնէ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնը։ Այս առիթով կը ներկայացնենք Արհ. Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանի խորհրդածութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

«Մարմնացեալդ ի Կուսէն նախայաւիտեան Բանդ. այսօր ի տաճարն եկիր կատարել զօրէնս» (Տեառնընդառաջի շարական):

Հայ շարականագիրը սոյն խորիմաստ տողերով է, որ կը շարահիւսէ Քրիստոսի տաճար ընծայումը Իր ծնունդէն քառասուն օր ետք:

Տակաւին երէկ էր կարծէք եւ արդէն 40 օր անցաւ Ս. Ծննդեան տօնէն, եւ ահա' կրկին Ս. Եկեղեցին կը հրաւիրէ մեզ հաւատացեալներս սեւեռակէտելու մեր հայեացքը Ս. Կոյսին եւ Ս. Յովսէփին վրայ, որոնք տաճար կը տանին նորածին Յիսուսը, որ քառասնօրեայ էր տակաւին:

Եւ Ղուկաս աւետարանիչ կը ներկայացնէ եղելութիւնը հանգամանօրէն. «Երբ Մովսէսի օրէնքին համաձայն՝ լրացան սրբութեան օրերը, Երուսաղէմ տարին զանիկա՝ Տիրոջ ներկայացնելու համար, ինչպէս գրուած է Տիրոջ օրէնքին մէջ. «Ամէն արու անդրանիկ Տիրոջ պիտի նուիրուի, եւ զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի ձագ ընծայ պիտի տրուի, Տիրոջ օրէնքին համաձայն» (Ղուկաս 2, 22-24):

Հնազանդիլ օրէնքին, Աստուծոյ նուիրել արու անդրանիկը ու փրկանաւորել՝ տաճարին գանձանակին մէջ համեստ գումար մը զետեղելով:

Ա'յս է, որ կը կատարեն Ս. Կոյսը եւ Ս. Յովսէփ տաճար գալով, որ ինքնին կը ներփակէ ամբողջ խորքայնութիւնը այսօրուայ խորհուրդին:

Հայ Եկեղեցւոյ համար, ինչպէս կը ներբողեն մեր շարականները՝ «Լոյս ի Լուսոյ ի Հօրէ առաքեցար...», Քրիստոսի տաճար ընծայումը, արդարեւ, տօնն է Լոյսի. այդ Լոյսը, որ երեք տարի անյոգնաբեկ փայլեցաւ Տիբերական ծովակի ափերուն, որուն յարատեւ կ'ակնարկէ աւետարանիչը Յովհաննէս. «Ես եմ աշխարհի լոյսը, ով որ իմ ետեւէս գայ՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ՝ պիտի ընդունի Կեանքի լոյսը» (Յովհաննէս 8, 12):

Ճիշտ այդ Լոյսի լիութիւնն էր, որ ներթափանցած էր ծերունի Սիմէոնը, երբ գիրկն առնելով մանուկ Յիսուսը՝ կ'օրհնաբանէ Աստուած. «Որովհետեւ աչքերս տեսան Քու փրկութիւնդ, որ պատրաստեցիր բոլոր ժողովուրդներու առջեւ, իբրեւ լոյս՝ հեթանոսները լուսաւորելու» (Ղուկաս 2, 29-32):

«Լոյս ի Լուսոյ», որ նշողելով Բեթղեհէմի գիշերային լռութեան մէջ, կ'երկարի մինչեւ արտեւանը Գողգոթայի, հո'ն, երբ հետագային պիտի մթագնին ճառագայթները արեւին, ու պիտի մնայ տիրող խաւարին մէջ լոկ խաչափայտը առանձին եւ Քրիստոս՝ միակ Լոյսը, որ պիտի կրկնէ յարաժամ. «Քաջալերուեցէ'ք, ես յաղթեցի աշխարհի» (Յովհաննէս 16, 23):

Յաղթելու համար Չարին, այո', սիրելի Քոյրեր ու Եղբայրներ ի Քրիստոս, հարկ է քալել Քրիստոսի ետեւէն, եւ Իր խոստացած Կեանքի լոյսով յաղթահարել Չարին բոլոր արբանեակները, որոնք անընդհատ կը տրորեն կեանքի անփոխարինելի արժէքները ու կը պղծեն արարչագործութեան սրբութիւնները:

Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին համար Քրիստոսի լոյսը՝ այդ հուրն էր, որ կը տոչորէր սիրտը աստուածային Վարդապետին:

Սիրելի Քոյրեր ու Եղբայրներ ի Քրիստոս, մենք եւս կրկնենք Շնորհալի հայրապետին նման.

«Հուր կենդանի Քրիստոս,

Բորբոքէ' իմ մէջ հուրը Քու սիրոյդ,

Որ դուն երկրի վրայ ձգեցիր,

Որպէսզի այրէ' աղտը հոգիիս,

Սրբէ' խղճմտանքս,

Ջնջէ' մեղքերը մարմինիս,

Եւ սիրտիս մէջ Քու գիտութեանդ լոյսը վառէ'»,

Որպէսզի հեռու աշխարհազբօս զբաղումներէ, կարենանք ըսել Նարեկացիին նման.

«Յիշատակաւ Կենարարին միշտ ճենճերիմ» (Նարեկ Բան ԺԲ):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2024, 07:50