Այսօր Լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Գիրգոր Նարեկացիին տօնը
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Այսօր` Երեքշաբթի 27 Փետրուարին Լատին Եկեղեցւոյ տօնացոյցի համաձայն տօնն է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին։ Այս կարգադրութիւնը կը պարտինք Ֆրանչիսկոս Պապին, որ հայոց մեծ սուրբին շնորհած էր Տիեզերական «Եկեղեցւոյ Վարդապետի» տիտղոսը ` 12 ապրիլ 2015-ին, ապա 2 փետրուար 2021-ին, որոշած էր անոր ծիսական տօնը ներառել Լատին Եկեղեցւոյ ծիսական Օրացոյցին մէջ։
Տօնին առիթով կը ներկայացնենք Գեր. Հ. Մաշտոց Ծ. Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեանի համատեղ աշխատանքով պատրաստուած գրութիւնն ու ձայնագրութիւնը։
Մեր Տիրոջ գալուստէն 10-դար ետք, մենք` հայերս, ապացուցելու համար մեր հաւատարմութիւնն ու նուիրումը այդ նոր ուխտին, մեր սրտի ամենախոր ծալքերէն դարձեալ խօսեցանք Տիրոջ հետ, այս անգամ` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի բերնով, ստեղծելով մատեան մը, ուր լացով եւ զղջումներով փորձեցինք առաւել մերձենալ Տիրոջ:《Մատեան Ողբերգութեան》ը դարձաւ այն բալասանը, որով սփոփեցինք մեր հոգիներու անդարմանելի վէրքերը: Իրմով զօրացանք եւ իրմով ամրապնդեցինք մեր հաւատքը:Նարեկը հայուն համար դարձաւ աղօթք, դարձաւ աւիւն, դարձաւ ուղի` դէպի ճշմարտութիւն:
10-րդ դարու հայ մտքի լուսաւորման գործընթացին մէջ մեծ է դերը Գրիգոր Նարեկացիին: Իր հետ վերջ գտաւ հին շրջանը եւ սկիզբ առաւ վերածնունդի դարաշրջանը:
10-րդ դարու կէսերէն սկսեալ տիրող քաղաքական բարենպաստ պայմաններուն որպէս հետեւանք, Հայաստանի մէջ զարգացան քաղաքներ, ստեղծուեցաւ քաղքենի դասակարգ մը, որ իր շահերով եւ հայեացքով կը հակադրուէր իր գոյութիւնը տակաւին պարտադրող աւատապետական կարգերուն: Ձեւաւորուող նոր դասակարգը այլեւս չէր մտածեր նախկինին պէս: Գիտութիւնը, գրականութիւնն ու արուեստները կը դառնային այս դասակարգի շահերուն եւ աշխարհայեացքին արտայայտութիւնները: Այսպիսով մինչեւ 11-րդ դարու կէսերը հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ բոլորովին նոր գիծեր ի յայտ եկան, որոնք նոյնութեամբ մենք պիտի տեսնենք Ասկէ քանի մը դար ետք Եւրոպական վերածնունդին ( renaissance)ին մէջ:
Նարեկացին իր էութեամբ կը պատկանի դասական շրջանին: ինք ճգնաւորական քրիստոնէութեան մեծագոյն ներկայացուցիչն է, անոր «Մատեան Ողբերգութեան» քերթողագիրքը իր մէջ ունի տարօրինակ շերտաւորումներ: Դասական շրջանի քերթողութեան գլուխ գործոցն է, բայց նոյն Նարեկացիի գործերուն մէջ, յատկապէս անոր տաղերուն մէջ, մենք կը տեսնենք հինին քայքայումը եւ նորի ձեւաւորումը:
Նարեկացիի գրական գործերուն մէջ խորունկ աշխարհ մը կամ տիեզերք մը կը գտնուի: Նարեկացին գրականութիւն մշակելու նպատակով չէ գրած իր տաղերը, այլ արտայայտելու իր հոգեւոր ճախրանքն ու փնտռտուքը եւ իր ձգտումը`գտնելու զԱստուած իր անձին ընդմէջէն եւ ինքզինք գտնելու Աստուծոյ մէջ:
Նարեկացին գրական-ստեղծագործական հսկայական ժառանգութիւն կտակեց համայն մարդկութեան: Սակայն «Մատեան Ողբերգութեամբ» ան դարձաւ հայուն խիղճը:
Նարեկացին իր կեանքի վերջալոյսին 1003-թուին գրեց իր գլուխ գործոց «Մատեան Ողբերգութեան» ստեղծագործութիւնը:
Սոյն կոթողը 95-գլուխներէ բաղկացած է, որոնցմէ իւրաքանչիւրը բանաստեղծական ոճով գրուած «ի խորոց սրտի խօսք» է` ուղղուած Աստուծոյ: Այս գործով Նարեկացին կը փորձէ ուղղակի կապի մէջ մտնել Աստուծոյ հետ: Իրեն համար հաւատքը կը նշանակէ «խօսիլ Աստուծոյ հետ»եւ ո'չ Աստուծոյ մասին: Այդ տաղերուն ընդմէջէն ան կը բանայ եւ կը դրսեւորէ իր ներաշխարհը Աստուծոյ առջեւ, եւ իր անձնականին մէջէն կը ներկայացնէ իր ժողովուրդին իղձերը, տառապանքներն ու երազները:
Նարեկացին «Մատեան Ողբերգութեամբ» մեզի կը ներկայացնէ մարդու եւ յատկապէս իր մէջ եղած բախումը` չարին եւ բարիին, մարմինին եւ հոգիին, լոյսին եւ խաւարին, որոնք խորապէս կը տանջեն զինք`յառաջացնելով մարդկային ողբերգութիւնը:
Նարեկացիի աղօթքները ներմուծուած են մեր ծիսական արարողութիւններուն մէջ, եւ մինչեւ օրս անոնք կը գործածուին, որովհետեւ անոնց մէջ միացած են բարձր ոգեղենութիւնը, խորացած հաւատքը, կրօնական ուսմունքները եւ բարոյական սկզբունքները:
Նարեկացին ճանչնալու համար`անհրաժեշտ է ճանչնալ քրիստոնէական հայրերու գրական ժառանգութիւնը: Բիւզանդական Աստուածաբանութեան երկու տիտաններ` Գրիգոր Նիւսացիի եւ Գրիգոր Նազիանզացիի բացայայտ ազդեցութիւնը կը կրեն, մարդու Աստուածացման եւ մարդու ներաշխարհի սրբացման եւ մաքրագործութեան խնդիրներուն նուիրուած` Նարեկացիի գաղափարները: Որոնք սակայն անցած են Նարեկացիի բովէն եւ դարաշրջանի շունչը ստանալով` վերագտած են իրենց երբեմնի կենդանութիւնն ու կենսունակութիւնը:
Խոստովանութիւններու սեռին պատկանող «Մատեան Ողբերգութեան» ը ժամանակներէն անդին կը շարունակէ իր գոյութիւնը: խոստովանելով` մարդ կը մաքրուի իր վրայ կուտակուած կեղտերէն: խոստովանութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ անհատին` իր հոգին Սուրբ Հոգիին լոյսով լեցնելու: խոստովանութիւնը մաքրութեան ընթացք մըն է, բիւրեղացման ընթացք մը: Այս իմաստով, Նարեկացիի աղօթամատեանին խոստովանութիւնները, առաջին էջէն մինչեւ վերջինը, ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ ինքն իր անձին հետ կռիւ տալու ընթացք մը` Աստուծոյ բարեհաճ ըլլալու համար:
Եւ վերջապէս «Մատեան Ողբերգութեան»ը հայերուս համար ունի Սուրբ Գրային հանգամանք: Իւրաքանչիւր հայ ընտանիք Սուրբ Գիրքի կողքին ունի Նարեկը իբրեւ ժողովուրդի հոգեւոր սնունդ, որմէ յարատեւ կը ստանայ մեղքերու քաւութիւն եւ հիւանդներու բժշկութիւն: «Նարեկը»նաեւ բազմաթիւ մեղաւորներու դարձի պատճառ հանդիսացած է:
Ան հասցէագրուած է բոլոր սերունդներուն, որոնք ապրած են եւ կ'ապրին այս մոլորակին վրայ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ