Որոնել

2022.08.18 P. Nikodemus Schnabel OSB, Vicario patriarcale per i migranti e i richiedenti asilo presso il Patriarcato latino di Gerusalemme

Երուսաղեմին մէջ յարձակում՝ վանահօր մը վրայ ․ Պատրիարքարանը դատապարտած է արարքը

Երկու երիտասարդ ուղղափառ հրէաներ կալանքի տակ առնուած են 3 Փետրուարին՝ Պենետիկտեան վանահայր Նիկոտէմուս Շնապելի վրայ կատարած յարձակումին համար։ Միջադէպը դատապարտած է նաեւ Իսրայէլի արտգործնախարարը
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքարանը 4 Փետրուար 2024ին յայտարարութիւն տարածած է, որուն մէջ դատապարտած է Պենետիկտեան վանահայր Նիկոտէմուս Շնապելի դէմ «անարդարացի եւ ամօթալի յարձակումը», որ տեղի ունեցած է 3 Փետրուարին՝ Երուսաղեմի մէջ, երբ երկու երիտասարդ ուղղափառ հրէաներ՝ որոնցմէ մին անչափահաս, սկսած են բղաւել եւ թքել հոգեւորականին վրայ։

Պատրիարքարանի գրութեան մէջ ընդգծուած է, որ «ատելութեան դրսեւորումներու շարունակականութիւնը կը մեծցնէ քրիստոնեայ կրօնականներու անապահովութեան զգացումը Սուրբ Երկիրին մէջ եւ՝ մասնաւորապէս, Երուսաղեմի մէջ:

Համաձայն Իսրայէլի ոստիկանութեան՝ յարձակումը գործած երկու անձերը տնային կալանքի տակ առնուած են։ Տեղական լրատուական աղբիւրները յայտնած են նաեւ, որ Իսրայէլի ներքին գործերու նախարարը հեռաձայնային կապ պահած է Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարք` Կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցցապալլային հետ եւ իր հակառակութիւնն արտայայտած վերոնշեալ երկու անձերու վարքագիծին առնչութեամբ։ Երկիրի Արտաքին գործերու նախարարը նոյնպէս «X» համացանցի միջոցաւ դատապարտած է միջադէպը, որ, ցաւօք, առաջինը չէ քրիստոնեաներու դէմ։

Նշենք թէ, անցեալ դեկտեմբերին՝ ելեկտրահարող սարքերով, մետաղէ ձողերով եւ քարերով զինուած անձինք՝ հայհոյանքներով յարձակած էին Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի միաբանութեան եւ պաշտօնէութեան վրայ։ Այդ յարձակումը Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի հետ միասին՝ առանձին յայտարարութիւններով դատապարտած էին Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2024, 07:40