Որոնել

Սուրբ Ղեւոնդ Սուրբ Ղեւոնդ 

«Սրբոց Ղեւոնդեանք՝ որպէս բարեխօս Հայ կղերին» Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեանի խորհրդածութիւնը

Ով Ս. Ղեւոնդ եւ անոր ընկերակցող սուրբ նահատակներ, բարեխօսեցէք մեզի՝ եկեղեցականներուս համար, որպէսզի մեզի տրուած այս դժուարին առաքելութեան տէր ըլլանք, ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, եւ ի բարօրութիւն հայ ազգի:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ըստ հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին յառաջիկայ շաբաթներուն ունինք երկու կարեւոր տօներ՝ Սրբոց Ղեւոնդեանք եւ Սրբոց Վարդանանք:

Այս տօներուն հայ եկեղեցականն ու աշխարականը կը շնորհաւորեն կղերը, իրենց բարեխօսներուն՝ Սրբոց Ղեւոնդեանք օրհնութիւնը հայցելով կղերականներու վրայ:

«Ղեւոնդեանք» եւ «Վարդանանք» բառերը եզակի անունները են, որոնք յոգնակերտ մասնիկով կը գրուին: Եթէ աշխարհաբար պիտի թարգմանենք զանոնք կ'ըլլան՝ «Ղեւոնդներ» եւ «Վարդաններ»: Այս բառերը իրենց մէջ կ'ընդգրկեն այն իրականութիւնը, որ հայ եկեղեցին Ս. Ղեւոնդն ու Ս. Վարդանն տօնելով, կը յիշատակէ նաեւ անոնց ընկերակցող սուրբ նահատակները:

Ինչպէս վերեւ նշեցի, հայ եկեղեցին իր կղերին բարեխօս ունի Ս. Ղեւոնդը եւ անոր հետ եղող սուրբ կղերը: Հակառակ այն իրականութեան, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ինք էր հայ ազգը Քրիստոսի աւետարանով լուսաւորողը. կամ Ս. Մեսրոպ, որ Քրիստոսի աւետարանն ու պատուիրանները հայերէնով ներկայացուց իր ժողովուրդին. կամ Ս. Ներսէս՝ զՔրիստոս շարականներով փառաբանողը. կամ ՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացին, որ հայ վանականներու պարծանքն է . եւն.: Այս բոլորին հանդերձ, մեր հայրերը պատշաճ տեսած են «Ղեւոնդները» առնել, որպէս հայ կղերին բարեխօս:

Այն պատճառով, որ Ս. Վարդանի տօնը մեծ շուքով կը յիշատակենք, նոյն պատճառով ալ Սրբոց Ղեւոնդներ հայ կղերին բարեխօս ընդունած ենք. որովհետեւ անոնց ազգապահպանման երեսը նոյնքան կարեւոր եղած է հայութեան համար, որքան իրենց կրօնական կողմը: Անոնք իրենց օրինակով հայ կղերին կը պատգամեն, որ հսկեն հայոց հաւատքին եւ ազգային ինքնութեան վրայ: Ներկայ ժամանակներու հայ ազգը խաթարող երկու հոսանքներ կան՝ անհաւատութեան ու ձուլումի վտանգը: Սրբոց Ղեւոնդեանք մեզի՝ եկեղեցականներուս կը պատգամեն այսօր հսկել, որ մեր ազգը պահէ իր ինքնութիւնը, Աստուծոյ մօտ մնալով: Աստուած մարդ արարածին գոյութեան պատճառն ու նպատակն է: Ան է գերագոյն արժէքը մարդկութեան: Եթէ մարդը հեռանայ Աստուծմէ, բարիի եւ չարին կողմնացոյցը կը կորսնցնէ: Գիտնալու համար ի՞նչ կը նշանակէ կորսնցնել բարիին եւ չարին կողմնացոյցը, պարզապէս նայինք մեր շուրջը եւ պիտի տեսնենք մարդկութեան կորսուածութիւնը:

Միջին արեւելքը կը պարպուի հայութենէն: Շատեր գաղթեցին, իսկ մնացողներն ալ գաղթելու միջոցներ կը փնտռեն: Արեւմուտքի հրապոյրը մեր զաւակները իրէն կը քաշէ. սակայն այդ հրապոյրին  իր մէջ ունի մեզ ձուլելու վտանգը:

Մենք՝ կղերականներս պէտք է միշտ արթուն հսկենք, որ մեր ազգի զաւակները միշտ մօտիկ մնան Աստուծոյ, որով պիտի կարողանանք մեր ազգային ինքնութիւնը առողջ պահել:

Ով Ս. Ղեւոնդ եւ անոր ընկերակցող սուրբ նահատակներ, բարեխօսեցէք մեզի՝ եկեղեցականներուս համար, որպէսզի մեզի տրուած այս դժուարին առաքելութեան տէր ըլլանք, ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, եւ ի բարօրութիւն հայ ազգի:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2024, 06:00