Որոնել

2024.02.16 an Gregorio Armeno di Nardo  N.B. Ho preso le foto da internet

Իտալիոյ Նարտօ քաղաքի պաշտպան սուրբ` Սուրբ Գրիգոր Հային նուիրուած տօնակատարութիւնները

Նարտօ Քաղաքի պաշտպան սուրբին նուիրուած այս տարուայ պատարագը, տեղւոյն եպիսկոպոս` Գերապայծառ Ֆերնանտօ Ֆիլոկրանային հրաւէրով պիտի գլխաւորէ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իտալիոյ Նարտօ քաղաքը միակ քաղաքն է` որ որպէս պաշտպան սուրբ ունի Սուրբ Գրիգոր Արմենոն (Հայը), այսինքն Հայ Ազգի Լուսաւորիչը, որուն մասունքներէն կիսանդրին պահպանուած է այդ քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ եւ դարերէ ի վեր կ՛արժանանայ քաղաքի բնակչութեան մեծարանքին, որպէս շնորհակալութիւն զանոնք փրկած ըլլալուն ահաւոր մէկ աղէտէ մը։

Արդարեւ 1743ի Փետրուարին քաղաքը թիրախ կը դառնայ սարսափելի մէկ երկրաշարժի եւ շնորհիւ Սուրբ Գրիգորի միջամտութեան կը փրկուի։ Կը պատմուի թէ 20 Փետրուարին Սուրբին արձանը, որ տեղադրուած է «Salandra» Հրապարակի «Sedile» պալատին վերեւ կը գտնուի դարձած եւ ուղղուած դէպի երկրաշարժի կեդրոն, վերջ դնելով այդ ահռելի աղէտին։

Հրաշքը

Երկրաշարժի ուժգնութիւնը հասած էր մերքալլիի 11 աստիճանի, սակայն զոհերուն թիւը շատ սահմանափակ եղած է՝ համեմատած աւերուած բազմաթիւ պալատներու և շինութիւններու հետ։ Այս մէկը հայոց մեծ Սուրբի բարեխօսութեան վերագրուող հրաշքը եղած է։

Ահա թէ ինչու ամէն տարի Փետրուար ամսուայ ընթացքին Նարտօ քաղաքը կը կազմակերպէ հարուստ յայտագիրով ծրագիր մը, սկսելով պատարագէն, որ ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ 19 Փետրուարին, որուն կը յաջորդէ Սուրբի կիսանդրիի մասունքով երկար թափօր մը, որ կ՛անցնի քաղաքի տարբեր թաղամասերէն օրհնելով այդ թաղամասերու բնակիչները։

Լուսաւորչի մասունքները

Ինչպէս յայտնի է իր կեանքի վերջին տարիներուն Գրիգոր Լուսաւորիչը իր պաշտօնը յանձնելով Արիստակէսին՝ կը քաշուի ճգնողական կեանքի։ Վրթանէս Առաջին Պարթև կաթողիկոսի օրով սուրբին մասունքները կը տեղափոխուին Թորդան գիւղ` Լուսաւորիչի տոհմական կալուածք:

Տարիներ անց սակայն Ներսէս Գ Տայեցին, ձեռամբ իշխան Գրիգոր Պատրիկ Մամիկոնեանի, Գրիգոր Ա Լուսաւորիչի մասունքներու մեծ մասը Թորդանէն կը տեղափոխէ և կը զետեղէ Զուարթնոցի մէջ: Յետոյ անոնք կը տեղափոխուին Կոստանդնուպոլիս, իսկ Ը դարուն հայ վանականները անոնց մեծ մասը կը տեղափոխեն Իտալիոյ Նափոլի քաղաք, ուր Սուրբին ի պատիւ կառուցուեցաւ Գրիգոր Լուսաւորիչի անուամբ եկեղեցին: Այնտեղ մինչեւ օրս կը պահուի Անոր մասունքներէն գանկը:

Գրիգոր Ա Լուսաւորիչի՝ «Մեծ Հայոց սուրբ Գրիգորի» պաշտամունքը տարածում սկսած է ունենալ Բիւզանդիոնի մէջ սկսեալ Ե դարէն, մասնաւորապէս՝ Յունաստանի մէջ: Մասունքներու պաշտամունքը զօրացաւ կրօնական մաքառման ժամանակաշրջանի ընթացքին՝ Քաղկէդոնի ժողովէն ետքը։

Գրիգոր Լուսաւորիչի նշխարները Թորդանէն հանուելով սփռուեցան համայն քրիստոնեայ աշխարհին մէջ դառնալով պաշտամունքի առարկայ:

2024ի պատարագը

Նարտօ Քաղաքի պաշտպան սուրբին նուիրուած այս տարուայ պատարագը, տեղւոյն եպիսկոպոս` Գերապայծառ Ֆերնանտօ Ֆիլոկրանային հրաւէրով պիտի գլխաւորէ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2024, 11:19