Որոնել

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոս Պատիրարքին նախագահութեամբ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տօնակատարութիւնը Նարտօ քաղաքի մէջ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոս Պատիրարքին նախագահութեամբ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տօնակատարութիւնը Նարտօ քաղաքի մէջ 

Սուրբ Գրիգոր Հայը թող մեզ առաջնորդէ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան քայլերով. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը գլխաւորեց Իտալիոյ Նարտօ քաղաքի պաշտպան սուրբ` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած սուրբ պատարագը եւ աւանդական թափօրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի 19 Փետրուար 2024ի Երեկոյեան Նարտօ քաղաքի եւ Նարտօ-Կալլիփոլի Եկեղեցական թեմին պաշտպան սուրբ` Սուրբ Գրիգորի Լուսաւորիչին նուիրուած տօնին առիթով Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոս պատրիարքը Նարտոյի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ մատոյց հայածէս ձայնաւոր սուրբ պատարագ ի ներկայութեան տեղւոյն եպիսկոպոս Գերապ. Ֆերնանտօ Ֆիլոկրանայի  եւ կղերական դասին, քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն, ու մեծ թիւով տեղացի եւ տօնին առթիւ Նարտօ ժամանած հազարաւոր հաւատացեալներուն։ Պատարագին սպասարկութիւնն ու երգեցողութիւնը ապահովեցին Լեւոնեան Ք. Վարժարանի նորընծաները։

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած աւանդական թափօր գլխաւորութեամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած աւանդական թափօր գլխաւորութեամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ

Պատարագի սկիզբը խօսք առաւ Թեմիս եպիսկոպոսը` Գերապ. Ֆերնանտօ Ֆիլիկրանան որ շնորհակալութեան խօսք ուղղելով պատուաւոր հիւրին հակիրճ կերպով ներկայացուց հայ ժողովուրդին պատմութեան ու հաւատքին հայող որոշ յատկանշական թուականներ եւ եղելութիւններ, ինչպէս քրիստոնէական հաւատքին տարածումը հայ աշխարհին մէջ շնորհիւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի քարոզութեան, ապա 1915 ցեղասպանութիւնը եւ վերջերս Արցախի հայաթափումը, մատնանշելով թէ ինչպէս հայ ժողովուրդը միշտ կառչած մնաց իր հաւատքին։ Ան ապա ներկայացուց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հակիրճ կենսագրականը շնորհակալութիւն յայտնելով Անոր` որ որպէս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ եւ Սուրբ Գրիգորին յաջորդներէն մին կամեցաւ այցելել Նարտօ քաղաքը եւ գլխաւորել պաշտպան սուրբին նուիրուած տօնակատարութիւնը։

Նարտոյ առաջնորդ եպիսկոպոսի խօսքէն ետք սկիզբ առաւ սուրբ պատարագը որուն ընթացքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց հայրապետը ներկաներուն փոխանցեց օրուան քարոզը, որուն սկիզբը իր կարգին ուզեց երախտագիտութիւն յայտնել իրեն ընծայուած այս ուրախ առիթին համար` «միասին տօնելու հայոց Լուսաւորիչին տօնը, որուն կը պարտինք մեր այսօրուայ ներկայութիւնը այստեղ...որ միացուց մեր երկու ժողովուրդները» ըսաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը։

«Ես, ինչպէս գիտէք, զաւակ եմ Հայ ազգին։ Ազգ` որ իր հաւատքին համար հալածուեցաւ ու կրեց բազում չարչարանքներ բայց եւ այնպէս շարունակեց կառչած մնալ այդ հաւատքին երբեք չուրանալով Աւետարանը եւ հաւատարիմ մնալով Քրիստոսին» շարունակեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հայրապետը մատնանշելով 1915 ցեղասպանութեան ու նաեւ վերջերս Արցախի հայերու տեղահանութեան ու նկատել տալով, որ «այսօր եւս անցեալի նման հայ ազգը թիրախ է խոշտանգումներու ու հալածանքներու»։

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած աւանդական թափօր գլխաւորութեամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած աւանդական թափօր գլխաւորութեամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ

Ակնարկելով այսօրուայ աշխարհին մէջ տիրող տխուր իրադարձութիւններուն, պատերազմներուն եւ անարդարութիւններուն, ուր «կարծես` որ մարդկութիւնը կորսնցուցած է իր արժէքները...եւ Խաղաղութիւն բառը այլեւս իմաստ չի գտներ» Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ քաջալերեց բոլոր ներկաները հաստատուն մնալու իրենց հաւատքին մէջ ապա խրախուսեց զանոնք քալելու սիրոյ եւ եղբայրութեան ճանապարհին վրայ, հաստատելով որ եթէ կը ձգտինք խաղաղութեան պէտք է որ զայն մշակենք նախ եւ առաջ մեր սրտին մէջ։

Ան քարոզը աւարտեց հայցելով Սուրբ Գրիգորի հովանին` «որպէսզի առաջնորդէ մեզ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան քայլերով» ըսաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը

Սուրբ Զոհի աւարտին բոլոր հաւատացեալները դուրս գալով աթոռանիստ եկեղեցիէն մասնակցեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած աւանդական թափօրին զոր գլխաւորեց միշտ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ իր կողքին ունենալով Նարտօ-Կալլիփոլի թեմին եպիսկոպոսը։ Ան կրելով քաղաքի պաշտպան Սուրբին մասունքները շրջեցաւ քաղաքի զանազան թաղամասերուն մէջ սուրբին օրհնութիւնները ջամբելով ճամբաներու եզրին կանգնած հաւատացեալներուն։

Թափօրը վերջ գտաւ Նարտոյի կեդրոնի մուտքի հրապարակին վրայ ուր գերապ. Ֆիլոկրանայի եզրափակիչ խօսքէն ետքը տեղի ունեցաւ սուրբ Գրիգորի մասունքով հանդիսաւոր օրհնութիւնը։

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած աւանդական թափօր գլխաւորութեամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած աւանդական թափօր գլխաւորութեամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2024, 07:59