«Մեծ պահքը՝ որպէս նորոգութեան աղբիւր» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը
Եկեղեցւոյ հայրերը հետեւելով իրենց վարդապետին օրինակին եւ պատգամին, պահքի եւ ծոմապահութեան օրեր կարգած են եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, որպէսզի անոնք հաւատացեալին նորոգութեան առիթներ ըլլան: Մեծ պահքը այս իմաստով շատ կարեւոր տեղ ունի, որովհետեւ ան մեզ կը պատրաստէ հաղորդ դառնալու Քրիստոս յարութեան նորոգող զօրութեան հետ:
Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին ծոմ պահեց եւ պահեցողութիւն թելադրեց իր աշակերտներուն: Յիշենք այն դէպքը, երբ մարդիկ դիւահար մը բերին Յիսուսի մօտ եւ ըսին՝ « Տէր քու աշակերտներդ չկարողացան այս մարդը ազատագրել դիւային կապանքէն»: Յիսուս աղօթեց եւ դիւահարը ազատագրեց ապա ըսաւ՝ « այս տեսակը միայն աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ դուրս կու գայ» (Մտթ. 17:21): Այս պատգամ մըն է, որ ծոմապահութեան կարեւորութիւնն ու զօրութիւնը մատնանշէ:
Ամէն տարի մեծ պահքի ժամանակաշրջանին հաւատացեալները յաճախ կը հարցնեն, թէ ինչպէ՞ս պէտք է ծոմ պահենք եւ կամ եթէ անհրաժեշտ է պահք բռնել: Նախապէս եկեղեցին պահեցողութեան խիստ դրութիւն մը ունէր, որ կը հետեւէր վանքերէն ներս վանականներու որդեգրած օրինակին: Սակայն ժամանակի ընթացքին եկեղեցին յարմար նկատեց, որ հաւատացեալներու ուսերէն թեթեւցնէ ծոմապահութեան խստութիւնը, որպէսզիի անօթութիւնը չազդէ անոնց առօրեայ կեանքին:
Ծոմապահութիւնը քրիստոնէական կրօնի մէջ այլ կրօնքներու նման երկնքէն պարտադրուած չէ, սակայն եւ այնպէս ծոմապահութիւնը կարեւոր է հաւատացեալին համար:
Ինչպէս վերը նշեցի, ծոմապահութիւնը հաւատացեալին հոգեւոր զօրութեան եւ նորոգութեան աղբիւր է: Անով քրիստոնեան կը կրթէ իր հոգին, որպէսզի կարենայ դէմ դնել իր կրքերուն եւ մոլութիւններուն: Ան, որ կարենայ իր ստամոքսը սանձել, կրնայ նաեւ դէմ դնել իր ցանկութիւններուն: Երբ ծոմ պահենք, մեր մարմինը կը սկսի անհանգիստ զգալ. դիմանալ այդ անհանգստութեան եւ չուտել, մեզ կը սորվեցնէ նաեւ դէմ դնել այլ ցանկութիւններու եւ մոլութիւններու: Այդ պատճառով սուրբերն ու ճգնաւորները իրենց կեանքերը գրեթէ ծոմապահութեամբ կ'անցնէին. եւ այդպիսով անոնք միշտ զգաստ կը մնային եւ յարատեւ հոգեւոր նորոգութեան կ'ապրէին:
Այս ըսելով հանդերձ եկեղեցին, որպէս մայր, Մեծ Պահոց առաջին օրէն կը յիշեցնէ հաւատացեալներու Ս. Պօղոսի խօսքերը, որ «ուտողը չուտողին թող չդատէ»: Ինչպէս նաեւ Քրիստոս կ'ըսէ՝ « կարեւորը բերնէն ներս մտածը չէ, այլ անկէ դուրս ելողը». այսինքն ծոմապահութիւն առանց կենցաղի փոփոխութեան, անիմաստ է:
Այս բոլոր ըսելէ ետք միշտ յիշենք, որ եկեղեցին պահեցողութիւնը չեղեալ չսեպեց. դիւրացուց զայն եւ հաւատացեալ ազատ թողուց ընտրելու՝ առանց զինք դատապարտելու: Այսուամենայնիւ եկեղեցին պահեցողութիւնը կարեւոր կը նկատէ: Պահք եւ ծոմապահութիւն հոգեւոր նորոգութեան եւ մեր «ես»ին վրայ յաղթելու կարեւոր միջոց մըն է:
Ամէն մարդ նոյն հոգեւոր խորութիւնը չունի, եւ մէկը այս բնական է: Սակայն անոնց համար, որ աւելի յառաջանալ կը փափաքին իրենց քրիստոնէական կեանքին մէջ, եթէ ծոմապահութիւն պահեն, անոնք զօրութիւն պիտի հագնին եւ ապրին նորոգուած կեանք մը: Աւելի լաւ ձեւով չենք կրնար Ս. Յարութիւնը դիմաւորել, եթէ ոչ ծոմապահութեամբ նորոգուած կեանքով:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ