Կարդինալ Ծուփփի. Խաղաղութիւնը պէտք է յամառութեամբ փնտռել ու ան վստահ կը հասնի
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կարդինալ Զուփփի յոյս կը յայտնէ, որ Իսրայէլը ընդունի զինադադարը
Կազայի մէջ Իսրայէլի եւ ՀԱՄԱՍ-ի միջեւ ծագած պատերազմի վերաբերեալ կարդինալ Զուփփի վերահաստատեց «հակասեմականութեան եւ անցեալ 7 հոկտեմբերին, յարձակումներուն խիստ եւ յստակ դատապարտումը, երբ կարգ մը Ժիհատիսթներ սպանեցին իսրայէլի շուրջ 1200 քաղաքացիներ. «սարսափելի բռնութիւն, որ կը սպանեն անմեղներ» եւ բանի մը արտայայտութիւն, զոր մենք չեն կրնար ընդունիլ» ըսաւ Կարդինալ Զուփփին։ Ան Անդրադառնալով Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին անցեալ օրերուն արտասանած խօսքերուն, կարդինալ Զուփփին ընդգծեց, որ Վատիկանի պետական քարտուղար, « ըսաւ այն ինչ, որ ըսած են շան մը պետութիւններ», որովհետեւ« այս գործողութիւնը չ՝արդարացներ շատ մեծ թիւով զոհեր»։ Կը մաղթեմ եւ յոյս կը յայտնեմ, որ այս կոչը ընդունուի իսրայէլի կողմէ եւ սկսինք ապագային նայիլ», ըսաւ Պալոնիա թեմի արքեպիսկոպոսը։
Ուքրանիոյ պատերազմը եւ Ֆրանչիսկոս Պապին մարդասիրական ծրագիրը
Ուքրանիոյ մէջ բռնկուած պատերազմին վերաբերեալ կարդինալ Զուփփին յստակացուց, թէ կը շարունակուին Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ սկսած մարդասիրական ծրագիրը։ « Մոսկուայի եւ Քիեւի միջ երկու պապական նուիրակները միշտ կապի մէջ են եւ կ՝օգնեն կողմերու միջեւ շփումին, որպէսզի սկսին եւ արդեն սկսած են ընտանիքներուն վերամիացումը՝ Ռուսիոյ մէջ մանուկներուն խնդրի պատճառաւ։
Իտալիան յուզող հարցերու կապուած նիւթեր
Ի վերջոյ Ելոյթին մէջ կարդինալ Ծուփփին անդրադարձաւ Իտալիան յուզող հարցերուն, ինչպէս գաղթականները ընդունելու, աշխատանքի վայրերու մէջ անվտանգութեան խնդիրներու եւ ամոքիչ դեղերու օգտագործումի վերաբերող նիւթեր։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ