Քրիստոնէական արժէքները քաղաքական շահերու մի հպատակեցնէք. Եւրոպայի Եպիսկոպոսները` Եւրոմիութեան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յառաջիկայ 6 - 9 Յունիսին կայանալիք Եւրոխորհրդարանի քաղաքական ընտրութիւններուն ի տես Եւրոպայի Եպիսկոպոսները, Եւրոպայի Եկեղեցիներու համաժողովը, Ուղղափառութեան միջ-խորհրդարանական վեհաժողովը և «Միասին յանուն Եւրոպայի» ցանցը, հրաւէր ուղղած են իշխանութիւններուն ու քաղաքական հաստատութիւններուն որպէսզի հաշուի առնեն քրիստոնէական արժէքները` որպէս եւրոպական նախագծի հիմք՝ բացուելով ցամաքամասի եկեղեցիներու և կրօնական ընկերակցութիւններու հետ երկխօսութեան։
Անոնց կոչն է «Քրիստոնէական արժէքները վերադարձնել Եւրոպայի ապագայի շուրջ բանավէճի առանցք՝ ի դէմս այն փոփոխութիւններուն և մարտահրաւէրներուն, որոնց հետ պէտք է համեմատուին եւրոպական կառոյցները։
«Եւրոպա, եղի՛ր դուն քեզ»
Նամակ-Կոչին վերնագիրն է. «Եւրոպա, եղիր դուն քեզ» եւ ելակէտը մտահոգութիւնն է զոր անոնք կ՛արտայայտեն «Եւրոպայի և ամբողջ աշխարհին մէջ տնտեսական, գաղթականութեան, առողջապահական և ուժանիւթային ճգնաժամերուն և մեզ շրջապատող աւերիչ պատերազմներուն հետեւանքներուն ի տես»: Մարտահրաւէրներ, որոնք կասկածի տակ կը դնեն եւրոպական տարածքի արժէքները, հաստատութիւնները եւ անոնց ժողովրդավարական սկզբունքները։
Ստրոգրաողները կ՛ընգծեն կենցաղային կարեւորութիւնը` «մասնակցային ժողովրդավարութեան» հայեցակարգի և որոշումներու կայացման գործընթացին ու եւրոպական գործերու կառավարման մէջ քաղաքացիներու լայն մասնակցութեան հարկաւորութիւնը, մատնանշելով նաեւ, թէ այդ քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը, որ իրենք զիրենք կը նոյնացնեն այդ քրիստոնէական արժէքներուն, այսօր կ՛ապրին կղզիացումի զգացում մը, որովհետեւ կարելիութիւնը չունին արտայայտելու իրենց դիրքորոշումներն ու գաղափարները։
Քրիստոնէական արժէքներուն բացակայութիւնը
Եւրոպայի Եպիսկոպոսներն ու միւս կազմակերպութիւնները կը քննադատեն ապա Եւրոմիութեան փաստաթուղթերուն մէջ քրիստոնէական արժէքներուն բացակայութիւնը. «Ցաւով կը նկատենք, որ այն արժէքները, որոնք ժամանակին սովորական կը համարուէին, ինչպիսին է խաղաղութիւնը, կայունութիւնն ու բարգաւաճումը և օրէնքի գերակայութիւնը, քան իշխանութեան գերակայութիւնը, այժմ անհետացած են» կը գրեն անոնք դիտել տալով որ անոնց տեղը գրաւած են այլ տարրեր որոնք յաճախ շահագործուած են ի տես նաեւ տարածուած վախի եւ անապահովութեան։
Քրիստոնէական արժէքները ճանչնալ որպէս եւրոպական նախագծի հիմնական հիմք
Ասկէ մեկնելով կոչ կ՛ուղղուի նկատի առնելու քրիստոնէական արժէքները, մինչ Եւրոպական միութեան Եպիսկոպոսական դասերու յանձնաժողովը եւ կոչը ստորագրող միւս կազմակերպութիւնները, կը վերահաստատեն իրենց համագործակցութեան յանձնառումը խթանելու համար «քրիստոնէական արժէքներէն ներշնչուած դրական եւրոպական օրակարգ մը» ապա իրենց միտքը կ՛ամփոփեն երեք կէտերու մէջ. «Քրիստոնէական արժէքները ճանչնալ որպէս եւրոպական նախագծի հիմնական հիմք՝ իրականացնելով բաց, թափանցիկ և կանոնաւոր երկխօսութիւն եկեղեցիներու և կրօնական հաստատութիւններու հետ, պայքարելով` յանուն քաղաքական շահերու և ցեղապաշտական պատմագրութիւններու հեռանկարով քրիստոնէական արժէքներու շահագործման դէմ» և վերջապէս՝ «խթանել քրիստոնէական արժէքները քաղաքական ծրագրերուն և նախաընտրական քարոզարշաւներու ընթացքին»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ