Որոնել

Երուսաղեմի Լացինաց Պատրիարք կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցցապալլա Երուսաղեմի Լացինաց Պատրիարք կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցցապալլա 

Կարդինալ Փիցցապալլա. «Առաջին անգամուան համար գործ ունինք սովի հետ. Ամերիկայի թուլութիւնը շփօթութիւն կը ստեղծէ

Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարք, կարդինալ Փիցցապալլա Tv2000 հեռուստակայանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ այս տարի Սուրբ Երկրին մէջ Զատիկը դժուար պիտի ըլլայ ու առաջին անգամուան համար սովի հետ կապուած լուրջ հարցեր կան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Շօշափելի օրէն անտանելի վիճակ է։ Միշտ՝ ամէն տեսակի շատ հարցեր ունեցած ենք, նաեւ Ֆինանսական տնտեսականութեան վիճակը միշտ տկար եղած է , սակայն երբեք անօթութիւն  չէ տիրած։ Առաջին անգամն է որ գործ ունինք սովին հետ։ Ասիկա անտանելի է», ըսաւ Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարք, կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալան։ Ան ապա անհրաժեշտ նկատեց կրօնական, քաղաքական եւ ընկերային ողջ համայնքներուն ջանքերը այդ հարցերը լուծելու համար։

«Միացեալ Նահանգներուն թուլութիւնը շփոթութիւն կը ստեղծէ, որովհետեւ մինչեւ այսօր՝ միշտ եղած է մէկ մը որ ամէն բան կարգի կը դնէր։ Արդ՝ այս բոլորը գոյութիւն չ՝ունի, պէտք է ամէն բան այստեղէն կատարել։ Չեմ գիտեր երբ եւ ինչպէս կատարել ըսաւ կարդինալը։

Զրոյցի մէջ երուսաղեմի Պատրիարքը վստահեցուց որ Պաղեստինեան տարածաշրջանի մէջ ապրող քրիստոնեաներու համար, Երուսաղեմ մտնելու արտօնագիրները պիտի տրուին այնպէս ինչպէս տրուեցան Ռամատանի համար մահմետականներու, նոյնպէս ալ Քրիստոնեաներու պիտի տրուին Զատիկի տօնին համար։

Կարդինալ Փիցցապալլա զրոյցի աւարտին նշեց, որ Սուրբ Զատիկը դժուար պիտի ըլլայ աւելցնելով, «Կը մտածեմ Գեթսէմանիին մէջ Յիսուսին մենակութեան մասին, որ միեւնոյն է բոլորիս համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2024, 11:31