Որոնել

2018.12.30 festa della sacra Famiglia, festività santa famiglia, Gesù, Giuseppe e Maria

Եկեղեցական Գիտելիքներ Զ. Շաբաթ Քառասնորդաց (17_24 Մարտ 2024)

Երեքշաբթի 19 մարտին տօնն է Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր: Յովսէփ Դաւթի ցեղէն էր, աւետարանը զայն կը կոչէ "Արդար" մարդ:
Ունկնդրէ լուրը

Քառասնորդաց վեցերորդ շաբաթը կը կոչուի Գալստեան շաբաթ եւ նուիրուած է Յիսուսի-Քրիստոսի երկրորդ գալստեան, երբ Ան աշխարհի վերջը պիտի գայ, դատելու համար բոլոր մարդկութիւնը։ Այս շաբթուայ ընթացքին կը կարդացուին զանազան բժշկութիւններու աւետարաններ. Իսկ քառասնորդաց 40-րդ օրը, որ կը հանդիպի ուրբաթ օր, կը կարդացուի Յիսուսի խաչելութեան պահուն իր կատարած յանձնումը իր մօրը` Յովհաննէս առաքեալին, եւ Յովհաննէսը կարգելով իր տեղ` որպէս որդի Մարիամի։ Խաչելութեան յիշատակէն մէկ շաբաթ առաջ արդէն` Հայ Եկեղեցին կը յիշեցնէ թէ Յիսուսի մայրը փրկչակից եղաւ իրեն, խաչին տակ։

Կիրակի օրուան աւետարանը մեզի կը հաղորդէ սիրոյ պատգամը Քրիստոսի, թէ ինչպէս, աստուածսիրութիւնը ամենամեծ պատուիրանն ըլլալով հանդերձ` եղբայրսիրութիւնը կարելի չէ բաժնել անկէ։ Երկուքը միասին կը կազմեն հիմը բոլոր օրէնսդրութեան։ Իսկ ով որ խոնարհեցնէ ինքզինք, ան պիտի բարձրանայ։

Մեզի կը սորվեցնէ նաեւ զգուշանալ անոնցմէ որոնք, նման փարիսեցիներուն` իրենց կրօնասիրութիւնը կ՛իրագործեն պարզապէս երեւնալու համար ժողովուրդէն։ Մարդ եթէ պիտի պաշտէ զԱստուած, բոլոր սրտանց պէտք է կատարէ զայն։

Երեքշաբթի 19 մարտին տօնն է Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր: Յովսէփ Դաւթի ցեղէն էր, աւետարանը զայն կը կոչէ "Արդար" մարդ: Նշանուած էր Մարիամի հետ,  Նազարէթի մէջ իր ապրուստը կը շահէր հիւսնութեամբ: Երբ Յովսէփ իմացաւ որ Մարիամ յղի էր, ազնիւ մարդ ըլլալով՝ որոշեց առանց պատճառը հրապարակելու լռելեայն արձակել Մարիամը, սակայն Աստուծոյ հրեշտակը տեսիլքի մէջ երեւցաւ անոր եւ ըսաւ. "Յովսէփ Դաւթի որդի,  մի վախնար տունդ առնելէ Մարիամը իբր քու կինդ,  որովհետեւ անոր մէջ ծնածը Սուրբ Հոգիէն է.  Պիտի ծնի որդի մը անոր անունը Յիսուս պիտի դնես (որ կը նշանակէ ՓՐԿԻՉ) որովհետեւ ան պիտի փրկէ իր ժողովուրդը մեղքերէն: Ասիկա կը կատարուի համաձայն Աստուծոյ Խօսքին Եսայի մարգարէի բերնով "Ահա կոյսը պիտի յղանայ և պիտի ծնի որդի մը որուն անունը պիտի դնեն "էմմանուէլ" որ կը թարգմանուի Աստուած մեզի հետ: Յովսէփ հնազանդեցաւ ու իր մօտ առաւ Մարիամը աւելի սերտ սիրով ու յարգանքով կապուեցաւ անոր, տէր կանգնեցաւ Մարիամին ու նաեւ Յիսուսին: 

Յիսուս բազմիցս կոչուած է Որդի Աստուծոյ, Որդի Դաւթի  ու Որդի Մարդոյ,  սակայն նաեւ կը մնայ Որդի Յովսէփայ,  ասիկա Յովսէփին անկապտելի և յաւիտենական փառքն է:  Արդար է եկեղեցւոյ բարձրագոյն յարգանքը Յովսէփի նկատմամբ ան կը ներկայացուի աստուածային իր մանուկը բարձր ու հայրաբար բռնած աշխատաւորի կարշնեղ քաջակազմ բազուկներէն մէկուն մէջ եւ միւս ձեռքին մէջ բռնած շուշանածաղիկ մը խորհրդանիշ իր անարատութեան եւ հոգեկան մաքրութեան: Յայսմաւուրքին մէջ Յովսէփ ներկայացուած է իբրեւ մարդ մը ամբողջովին քաղցրութեամբ լեցուն, հեզ, ողորմած, մարդասէր, վշտակից այլոց և օժտուած ամենաբարի բնութեամբ: 

Սուրբ Յովսէփի տօնին օրը, Իտալիոյ մէջ կը նշուի նաեւ հայրերու տօնը: 

Միշտ (19 մարտին) կը նշուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան պաշտօնական մեկնարկը: 

Շաբաթ օր` 23 Մարտին , Հայ Եկեղեցին կը կատարէ յիշատակը Ղազարոսի յարութեան։  Ղազարոս Յիսուսի բարեկամն էր, որ մահացած էր եւ գերեզման դրուած չորս օրէ ի վեր։  Յիսուս եկաւ եւ զինք դուրս կանչեց գերեզմանէն։ Երբ ժողովուրդը տեսաւ այս զգայացունց հրաշքը, շատերը սկսան հաւատալ իրեն, ինչ որ նախանձը գրգռեց Փարիսեցիներուն ու Քահանաներուն: Այդ օրէն սկսեալ անոնք որոշեցին Յիսուսը սպաննել տալ, Հռոմէական իշխանութենէն խնդրելով որ զինք դատապարտէ մահուան։ 

Այդ օր` Երեկոյեան ժամերգութեան ատեն, խորանի վարագոյրը հանդիսաւորապէս կը բացուի երբ դպիրները կ՛երգեն օրուան շարականը։

Կիրակի  24 մարտ, Ծաղկազարդ է,  տօն՝ Յիսուսի Փառաւոր մուտքին  Երուսաղէմ: 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2024, 08:00