Որոնել

2023.04.01 Gesù entra a Gerusalemme

Ծաղկազարդ «Օրհնեալ եկեալ անուամբ Տեառն» (Շարական) - Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի Մեծ Պահքի մտածականները

Աւագ Շաբթուան նախօրեակին, Ծաղկազարդի տօնին, նորոգենք մեր փարումը Քրիստոսի եւ Անոր Սիրոյ պատգամին, դառնալու ծառաներ իրարու. «Ամէնքը ասով պիտի ճանչնան՝ թէ դուք իմ աշակերտներս էք, եթէ զիրար սիրէք» (Յովհաննէս 13, 35):

 Այսօր կը տօնենք Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, որ յիշուած է ու նկարագրուած չորս աւետարանիչներէն:

            Յիսուսի երկրաւոր կեանքին կարեւոր դրուագներէն մին է, ինչպէս նաեւ՝ մեզի քրիստոնեաներուս (Մատթէոս 21, 1-17Մարկոս 11, 1-11Ղուկաս 19, 29-40 եւ Յովհաննէս 12, 19):

            Եկեղեցիէն կը դառնանք մեր տուները, արմաւենիի ոստեր տանելով ու կրկնելով` «Օրհնութիւն Դաւիթի որդիին, օրհնեալ է այն՝ որ Տիրոջ անունով կու գայ, ովսաննա' բարձունքներուն մէջ» (Մատթէոս 21, 9). կու գայ սիրելով մարդկութիւնը ու հնազանդելով Հօր կամքին: Կը վերադառնանք տուն՝ գիտնալով, թէ Ան, որ ճաշակեցինք Ս. Հաղորդութեամբ մեր սիրտերուն մէջ, իբրեւ Իր սիրոյն վկաներ մեզ կը ղրկէ աշխարհի մէջ. «Դուք էք երկրի աղը» (Մատթէոս 5, 13), համեմելու համար մարդկային կեանքը Քրիստոսի հոգիով. «Դուք էք աշխարհի լոյսը...» (Մատթէոս 5, 14), լուսաւորելու համար խաւարը մեղքին:

            Յիսուս, որ ըսաւ. «Երկինքէն իջած եմ ո'չ թէ իմ կամքս կատարելու, այլ կամքն Անոր՝ (Հայր Աստուած), որ զիս ղրկեց» (Յովհաննէս 6, 38), հաւատարիմ մնաց իր անսահման սիրոյն Աստուծոյ եւ մարդոց, թէ' Գողգոթայի ճանապարհին վրայ եւ թէ' խաչին վրայ, ի հեճուկս Չարին նենգութիւններուն եւ մարդոց ատելութեան, վախին, գաղջութեան, մատնութեան եւ ուրացումին:

            Երբ հասաւ Իր Ժամը, ի տես զինուորներուն ծաղրանքին ու ձաղկումին, առաքեալներուն դասալքութեան ու փախուստին, Գողգոթայի բաժակին դառնութեան ու խաչի դաժան առանձնութեան. «Տրտում էր 'Իր հոգին' մեռնելու աստիճան...» (Մատթէոս 26, 38), եւ «Տագնապի մէջ էր... ու քրտինքը, արեան կաթիլներու նման, շիթ շիթ կը հոսէր գետին» (Ղուկաս 22, 43-44): Այսուհանդերձ, Ան նուիրեց Իր օրհասական ժամերը ի սէր Հօր Աստուծոյ եւ մարդոց. «Հա'յր, եթէ կարելի է՝ այս բաժակը ինծմէ հեռանայ. բայց ո'չ ինչպէս ե'ս կ'ուզեմ, այլ՝ ինչպէս դուն» (Մատթէոս 26, 39): Սիրով եւ խոնարհութեամբ ընդունելով խաչը, որպէս փառքի գահ, եւ մահը, որպէս միակ ճամբայ, որ կը տանի դէպի անմահութիւն, Ան յանձնեց իր կեանքը զերդ ողջակէզ մահկանացուներուս մեղքերուն համար:

            Ճգնաժամային այս ապրումներով, Քրիստոս սկսաւ Աւագ Շաբաթը՝ մտնելով Երուսաղէմ իբրեւ աննախընթաց թագաւոր մը. «Ըսէ'ք Սիոնի աղջկան, ահա' թագաւորդ քեզի կու գայ՝ հեզ, եւ հեծած իշու եւ անոր աւանակին վրայ» (Մատթէոս 21, 5):

            Այս թագաւորը, որ այսօր կը մտնէ Երուսաղէմ, չի' նմանիր աշխարհի թագաւորներուն, որոնք «իրենց բոլոր գործերը կը կատարեն մարդոց երեւնալու համար. կը լայնցնեն իրենց գրապանակները եւ կ'երկնցնեն զգեստներու քղանցքները...» (Մատ-թէոս 23, 5-7), հեծած արաբական ձիերու վրայ կամ ոսկիով զարդարուած կառքերու մէջ, կը սիրեն շրջապատուիլ զինուորներով, ծափահարուիլ շողոքորդ եւ քծնի իշխաններէ:        

            Կը մտնէ Երուսաղէմ իշու վրայ նստած: Անոր կ'ընկերանան ձկնորսներ, մաքսաւորներ, մանուկներ, աղքատներ, օտարներ ու մեղաւորներ:

            Աշակերտները «բերին էշն ու քուռակը, անոնց վրայ դրին իրենց զգեստները եւ Յիսուս նստաւ անոնց վրայ: Եւ ժողովուրդէն շատեր իրենց զգեստը 'փռեցին' ճամբուն վրայ եւ ուրիշներ ծառերու ոստեր 'կը կտրէին' ու 'կը տարածէին' ճամբուն վրայ» (Մատթէոս 21, 7-8):  Զէնքերն էին՝ արմաւենիի ճիւղեր, ծափահարութիւնը՝ սրտաբուխ աղաղակներ. «Օրհնութի'ւն Դաւիթի Որդիին, օրհնեալ է այն՝ որ Տիրոջ անունով կու գայ, ովսաննա բարձունքներու մէջ» (Մատթէոս 21, 9):

            Իր մուտքով Երուսաղէմ, Քրիստոս հրապարակաւ կը հաստատէ, թէ     «ՄԵՍԻԱ»-ն է եւ Իսրայէլի թագաւորը, ինչպէս գրուած էր Զաքարիայի մարգարէութեան մէջ (9, 9), եւ կը շեշտէ, թէ ինքն է սպասուած, պարզութիւնն ու հեզութիւնը զգեցած Թագաւոր Մեսիան:

            Ան Հեզ է, որովհետեւ ոչ միայն կը ճանչնար Ճշմարտութիւնը, այլ է' նաեւ նոյնինքն «Ճանապարհ, Ճշմարտութիւն եւ Կեանք» (Յովհաննէս 14, 6):  Իսկ ճամբուն վրայ փռուած զգեստները՝ մատուցուած մեծարանք էին թագաւորներու թագաւորին:      

            Փրկիչ Յիսուսի Խոնարհութիւնն ու անհուն Սէրը մեզ կը մղեն որդեգրելու իր Սիրոյն զօրութիւնը, որով յագեցուց Իր եւ Հօր ծարաւը. ծարաւը՝ փրկելու մարդը իր մեղքի խաւարէն եւ Չարին ստրկութենէն: Որդեգրելու՝ Անոր մարդասէր իմաստութիւնը, որով կը խեղդենք ատելութիւնն ու ոխակալութիւնը եւ կը կասեցնենք մեղքի եւ Չարին զօրութիւնը: Այս Սէրը մեր մէջ կ'արթնցնէ անձնուիրումը մերձաւորին հանդէպ, որուն հետ միասին սահմանուած ենք երջանիկ ապրելու Հօր Աստուծոյ ծոցին մէջ:

            Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ դարձակէտ եղաւ մարդկային նոր դարաշրջանի մը, որու տարածման սատարելու ենք, աշխարհի աչքին՝ փոքր, սակայն Աստուծոյ համար՝ հրաշագործ եւ կենարար մեր գործերով:

            Աւագ Շաբթուան նախօրեակին, Ծաղկազարդի տօնին, նորոգենք մեր փարումը Քրիստոսի եւ Անոր Սիրոյ պատգամին, դառնալու ծառաներ իրարու. «Ամէնքը ասով պիտի ճանչնան՝ թէ դուք իմ աշակերտներս էք, եթէ զիրար սիրէք» (Յովհաննէս 13, 35):

            Աւագ Հինգշաբթի, սնանելէ ետք Յիսուսի Ս. Մարմնով եւ Ս. Արիւնով... Աւագ Ուրբաթ, մեր սիրտերու խորէն, բարձրացնենք որդիական լի վստահութեամբ անկեղծ աղաղակը. «Յիշէ' զիս Տէ'ր, երբ դառնաս թագաւորութեամբդ» (Ղուկաս 23, 42): Խաչի բարձունքէն, պիտի լսենք Յիսուսի մխիթարական խոստումը, որ ուղղեց աւազակին . «Ճշմարիտ կ'ըսեմ քեզի, այսօր ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ» (Ղուկաս 23, 43):

            Այսօր, Ծաղկազարդ է. մեր ծիսական կեանքին գեղեցկագոյն տօներէն մին:    Մատթէոս աւետարանիչ ահաւոր բառերով ու երանգաւորումներով կը նկարագրէ. «Երբ Երուսաղէմ մտաւ, դղրդեցաւ բոլոր քաղաքը» (Մատթէոս 21, 10):

            Հարկ է ոստում մը կատարել ու քսան դար ետ երթալ, ներթափանցելու համար իմաստը սոյն խօսքերուն:

            Մերօրեայ ռազմական դղրդիւնները չեն, այլ՝ մարդկային աղաղակներ ինքնաբուխ... երգելու յարաժամ՝

 

« Զգալուստ քո Քրիստոս այսօր.

յԵրուսաղէմ նոր Եկեղեցի սուրբ.

Յաղթական երգով բարեբանեմք

Օրհնեալ եկեալ անուամբ Տեառն» (Շարական):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2024, 20:16