Անհաւատարիմ Տնտեսը։ Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի Մեծ Պահքի մտածականները
Աւետարանի էջերուն մէջ, դարձեալ Ղուկաս Աւետարանիչ, «Անհաւատարիմ տնտեսի առակը» իւրայատուկ տեղ մը կը գրաւէ:
Ան կը հանդիսադրէ նիւթական ու մատակարարական յարաբերութիւնները տիրոջ մը՝ իր տնտեսին եւ պարտապաններուն միջեւ:
Եւ Յիսուս ա'յսպէս կ'եզրափակէ. «Ես ալ կ'ըսեմ ձեզի, բարեկամներ ըրէք ձեզի անիրաւ մամոնայով, որպէսզի երբ ան պակսի՝ ձեզ յաւիտենական յարկերուն մէջ ընդունին» (Ղուկաս 16, 9):
Կարելի է խորհրդաւոր իմաստ մը ընդնշմարել սոյն խօսքերուն մէջ եւ այլազան հարցադրումներ կատարել: Ուստի, հարկ է խորհրդածել ու ընկալել զանոնք Քրիստոսի հայեացքով, որովհետեւ անոնք կը պատկերեն իր վարդապետութիւնը նկատմամբ մամոնային (Դրամը), դրոշմելով հո'ն էական պատգամ մը Իրեն հետեւորդներուն համար:
Կարելի է յարակցութիւն մը տեսնել Հին Կտակարանի հետեւեալ տողերուն հետ, ուր կը կարդանք, թէ «Տէր Աստուած առաւ մարդը (Ադամ), ու Եդեմի պարտէզին մէջ դրաւ, որպէսզի զանիկա մշակէ ու պահէ» (Գիրք Ծննդոց 2, 15):
Հետեւաբար, քրիստոնեաներս հրաւիրուած ենք ըլլալու Անոր իմաստուն ու աներկբայ տնտեսները Իր բարիքներուն: Պարտինք ապրիլ աւետարանական անյեղլի սկզբունքները՝ կերտելու համար աշխարհ մը աստուածային սրբազան ծրագիրին համաձայն, արդարօրէն մատակարարելով բարիքները հաւասարապէս բոլորին, որպէս սիրեցեալ որդիներ Աստուծոյ: Արդարեւ, ըստ Առաքեալին յորդորին, Աստուծոյ համար «չկայ խտրութիւն ոչ հրեայի եւ ոչ հեթանոսի, ոչ ստրուկի եւ ոչ ազատի, ոչ մարդու եւ ոչ կնոջ, որովհետեւ դուք ամէնքդ մէկ էք Քրիստոս Յիսուսով» (Գաղատացիներուն 3, 28):
Յիսուս, երբեք չգովեց եւ չդրուատեց անհաւատարիմ տնտեսը իր խորամանկութեան համար: Ան քաջ գիտէ, թէ դրամը անհրաժեշտ է դիւրակեցութեան համար:
Մեզի անյայտ՝ իր կեանքի առաջին տարիներուն ընթացքին, Ս. Յովսէփի հետ աշխատեցաւ, հոգալու համար ընտանիքին ապրուստը:
Քրիստոս ապահովեց օրապահիկը տասներկու աշակերտներուն: Առ այդ, նշանակեց մատակարար մը, Յուդա Իսկարիովտացին, որ դրամը դարձուց 'մամոնայ' եւ զայն նախադասեց Աստուծոյ եւ հարազատին:
Աստուածային Վարդապետը գնահատեց անկեղծ, անշահախնդիր եւ երախտագէտ հոգատարութիւնը բարեպաշտ կիներուն. «Մարիամ, որ Մագդաղենացի կը կոչուէր ... , Յովհաննա, Հերովդէսի մատակարարին՝ Քուզայի կինը եւ Շուշան եւ ուրիշ շատեր, իրենց ինչքերով կը հոգային 'Վարդապետին եւ Իր աշակերտներուն' պէտքերը» (Ղուկաս 8, 3):
Դրամը օգտակար է, որքան որ կատարեալ անջատումով կ'ապահովէ Աստուծոյ ձեռակերտ մարդուն արժանավայել կեանք մը: Լերան քարոզին մէջ կը կարդանք. «Երանի' հոգիով աղքատներուն, (անոնք՝ որ իրենց սիրտը չեն շղթայած դրամին), որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը» (Մատթէոս 5, 3):
«Տէրը գովեց անհաւատարիմ տնտեսը, որովհետեւ իմաստութեամբ գործեց» (Ղուկաս 16, 8), եւ սրտի ցաւով եզրափակեց. «Որովհետեւ, այս աշխարհի որդիները, իրենց տեսակին մէջ, աւելի իմաստուն են քան լոյսի որդիները» (Ղուկաս 16, 8):
Քրիստոսի համար, 'անիրաւ մամոնան', կը նշանակէ անարդարութեամբ, յափշտակութեամբ, խորամանկութեամբ, զեղծութեամբ ձեռք բերել, սեփականացնել ուրիշներուն հարստութիւնը՝ ոտնակոխ ընելով անոնց արդար իրաւունքները:
Քրիստոսի համար, 'անիրաւ մամոնան' կը ստրկացնէ ե'ւ զայն ցանկացողը եւ ալ՝ ունեցողը, որ կը վստահի աշխարհի ցնորական ապահովութիւններուն, անտեսելով Աստուծոյ հայրական նախախնամութիւնը մարդոց հանդէպ, եւ կ'արհամարհէ իր մերձաւորը:
Ապրելով ըստ Աւետարանի հոգիին, դրամը կը մօտեցնէ մարդիկ իրարու այս աշխարհի վրայ, որպէս նախապատրաստութիւն հանդերձեալ կեանքի, ուր պիտի վայելեն լոկ եղբայրութեան ջերմութիւնը. «Գանձեր մի' դիզէք ձեզի երկրիս վրայ, ուր ցեցը եւ ուտիճը կը փճացնեն եւ ուր գողերը (անիրաւ տնտեսները) պատը կը ծակեն ու կը գողնան: Այլ գանձեր դիզեցէք ձեզի երկինքի մէջ, ուր ո'չ ցեց եւ ո'չ ուտիճ կը փճացնեն եւ ո'չ ալ գողեր պատը կը ծակեն ու կը գողնան: Որովհետեւ ուր որ է ձեր գանձը՝ հո'ն է նաեւ ձեր սիրտը» (Մատթէոս 6, 19-21):
Յիսուս կը յայտարարէ, թէ Աստուած կը վստահի մեզի երկինքի շահերը. «Ապրի'ս, բարի եւ հաւատարիմ ծառայ, որովհետեւ քիչին մէջ հաւատարիմ ես, շատին վրայ պիտի դնեմ քեզ. մտի'ր տիրոջդ ուրախութեան մէջ» (Մատթէոս 25, 21): Ահա իսկական գանձը Աստուծոյ որդիներուն եւ ժառանգներուն եւ Քրիստոսի հետեւորդներուն:
Կարելի չէ սիրել երկու հոգի, որովհետեւ կամ մէկը եւ կամ ալ միւսը պիտի գրաւէ սիրտը: Աստուած եւ անձնասիրութիւնը, եսասիրութիւնը, հաճոյասիրութիւնը, հեշտ կեանքը, հաշտ չեն իրարու հետ:
Սէր եւ ատելութիւն չեն կրնար կենակցիլ:
Ներկայ դարս յատկանշող նորարական հոսանքներն ու գաղափարախօսութիւնները մոռցուցին մարդուն գերբնական կեանքի մը գոյութեան իրականութիւնը, եւ տպաւորեցին նոր սերունդին մտքին ու սիրտին մէջ խոտոր զգացումը ինքնաբաւութեան:
Մարդիկ «Մահ» եւ «Վերջինք» բառերը ջնջած են իրենց բառագիտութենէն: Ժամանակակից մարդը, ինքն իրեն կ'ըսէ. «Անձն իմ, շատ բարիքներ ունիս երկար տարիներու համար ամբարած, հանգչէ', կե'ր, խմէ' եւ զուարճացի'ր» (Ղուկաս 12, 19):
Եւ անտեսելով ամէնօրեայ ակնբախ ապացոյցները, ուշ կամ կանուխ, ան եւս պիտի լսէ Աստուծոյ ձայնը. «Անմի'տ, այս գիշեր իսկ քու հոգիդ պիտի պահանջուի քեզմէ, իսկ պատրաստածդ որո՞ւ պիտի մնայ» (Ղուկաս 12, 20):
Ափսո'ս, որ ձեռքերը դատարկ պիտի մեկնի այս աշխարհէն, մինչ կրնար իր ժամանակաւոր ինչքերով, ընթանալ Կեանքի եւ Ճշմարտութեան ուղիներէն, եւ արժանանալ յաւիտենական երջանկութեան Ս. Երրորդութեան ծոցին մէջ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ