Որոնել

2024.03.24 Messa Domenica delle Palme Patriarca Armeno

Ծաղկազարդի տօնին առիթով Հայրապետական Սուրբ պատարագ` Պուրճ-Համմուտի Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ

Սուրբ Զոհը մատոյց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ- Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը

Կիրակի, 24 Մարտ 2024-ին, ժամը 10-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ- Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը մատուցանեց հայրապետական Ս. Պատարագը Պուրճ-Համմուտի «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցիին մէջ՝ առընթերակայութեամբ վարդապետներու, սարկաւագներու եւ ներկայութեամբ՝ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։

Ս. Աւետարանին ընթերցումէն ետք, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը տուաւ հետեւեալ պատգամը.«Օրհնեալ է Ա՛ն, որ կու գայ Տիրոջ անունով»:

«Տօնին համար եկած ժողովուրդը երբ իմացաւ, թէ Յիսուս Երուսաղէմ կու գայ, արմաւենիի ոստեր առաւ, գնաց Զինքը դիմաւորելու եւ կ'աղաղակէր. ‘Ովսաննա՜, օրհնեալ է Իսրայէլի Թագաւորը, որ կու գայ Տիրոջ անունով’» (Յվհ. 12,12-13):

«Յիսուսի հետ եղող ժողովուրդը կը վկայէր, թէ Ան Ղազարոսը գերեզմանէն դուրս կանչեց եւ անոր յարութիւն տուաւ մեռելներէն։ Ասոր համար ալ ժողովուրդը դիմաւորեց Զայն, որովհետեւ լսեցին, թէ Ան այս հրաշքը գործած էր» (Յվհ. 12,17-18):

Այսօր, սիրելի եղբայրնե՛րս եւ քոյրե՛րս, ես ինծի կը հարցնեմ, թէ որքա՞ն կրնամ կրկնել այս խօսքերը՝ զղջալով իմ մեղքերուս համար եւ ներելով իմ ընկերոջս… :

Այո՛, կը կրկնե՞մ այս խօսքերը, երբ նաեւ կը պայքարիմ իմ եղբայրներուս հետ՝ Տիրոջ անունով:

Մէկ կողմէ, այո՛, օրհնե՛մ Զայն, որ կու գայ Տիրոջ անունով՝ Անոր վստահելով իր զաւակները եւ ձերբազատուելով այն բոլոր ախտերէն ու կիրքերէն, ինչպէս՝ ոխը, նախանձը, քինախնդրութիւնն ու անպարկեշտութիւնը, որոնց մէջ կ'ապրիմ…:

Միւս կողմէ, ո՞ւր է այդ օրհնութիւնը, եւ ինչո՞ւ փառաբանել Տիրոջ անունը, երբ կատաղի պատերազմները կը շրջապատեն մեզ ու կը դժուարացնեն մեր կեանքին ապրուստը…:

Այսօրուան պէս՝ 2000 տարիներ առաջ, Քրիստոս Փրկիչը մտաւ Երուսաղէմ: Պարզ ժողովուրդը Զայն ողջունեց եւ Անոր հետ քալեց ձիթենիին ճիւղերով, որ խորհրդանիշն է խաղաղութեան, զոր այսօր մենք կորսնցուցած ենք եւ անոր կը կարօտինք այսօր խաղաղութեան երկրին մէջ ու ամբողջ Արեւելքին մէջ:

Բազմութիւնը Յիսուսն ընդունեցաւ նաեւ արմաւենիին ոստերով որպէս յաղթանակին խորհրդանշանը, ու մենք տակաւին կը վճարենք անարդարութեան ու բռնակալութեան ծանր գինը աշխարհի ամբողջ տարածքին:

Ժողովուրդը Քրիստոսի առջեւ փռեց իր զգեստները, որպէսզի անոր ոտքերը գետին չդպչին, իսկ մենք այսօր Տէրը կը կոխկռտենք մեր չար գործերով եւ կը խախտենք այն ամէն ինչը, որ մեզի պատուիրեց մեր երջանկութեան ու փրկութեան համար։

Ուստի, եղբայրնե՛րս եւ քոյրե՛րս, պահն է, հաւատքով ու սիրով բանա՛նք մեր սրտին դռները եւ թոյլ տա՛նք, որ Փրկիչ Տէրը մտնէ մեր մէջ՝ մեր անձերուն մաքրութեան համար, որովհետև Ա՛ն է մեր Արարիչն ու Փրկիչը, Ա՛ն է Ամենակալն ու Մարդասէրը։ Ա՛ն է, որ մեզմէ աւելի շատ կը ճանչնայ եւ կը սիրէ մեզ, քան մենք՝ մեզ։

Եկէ՛ք, Յիսուսի Սրտին յանձնե՛նք մեր անձերը, որպէսզի Ան մեր առջեւ բանայ ճշմարտութեան ճամբան, եւ զայն ընթանա՛նք Տիրոջ կամքին համաձայն:

Թող մտնէ մեր սրտերուն մէջ, ինչպէս մտաւ Երուսաղէմ, եւ թող վռնտէ բոլոր այն ախտերն ու կիրքերը մեր կեանքէն եւ մեզ թող օրհնէ, ինչպէս օրհնեց այն բազմութիւնը, որ հետը քալեց:

Յիսուս Քրիստոս, Ս. Քաղաքը յաղթականօրէն մուտք գործած Թագաւորը, նաեւ թող մեզ համախմբէ մէկ հայրենիքին մէջ, ուր հաւատարմութեամբ յարգուի՛ն օրէնքները յատկապէս փտածութեան եւ ժխտողականութեան դէմ, ինչպէս ալ ուր տիրե՛ն արդարութիւնն ու հաւասարութիւնը:

Թող Տէրը մեզ համախմբէ խաղաղութեան ու հաւասարութեան դրօշին տակ, ինչպէս որ համախմբեց մանուկներու բազմութիւնը և զանոնք օրհնելով՝ ըսաւ իր աշակերտներուն.«Եթէ դուք այս մանուկներուն պէս չըլլաք, ուրեմն, տեղ պիտի չունենաք փրկութեան տան մէջ»: - Սակայն, այսօր մեր մանուկները կը մորթուին եւ կը սպաննուին բռնակալներու ձեռքով՝ անոնց հետ սպաննելով Աստուծոյ կամքը։

Ուրեմն, իմ սիրելի եղբայրներս եւ քոյրերս, եկէ՛ք, կառուցանե՛նք մեր անձերն իբրեւ Աստուծոյ տաճարները (1Կոր. 3,17) եւ այս նախաձեռնութեան հիմքերուն վրայ ընդունի՛նք հաշտութեան շնորհքը մեր անձերուն ու Տիրոջ միջեւ, ապա հաշտուի՛նք մեր եղբայրներուն հետ, մեր քոյրերուն հետ, ինչպէս նաեւ մեր հասարակութեան հետ մեր պառակտուած հայրենիքին ու ծննդավայրին՝ Հայաստանի, Լիբանանի եւ Արեւելքի այլ երկիրներու մէջ:

Բոլորս զոհաբերութեամբ նուիրուի՛նք՝ դուրս գալով եսասիրութենէն, որ մշտական պայքարին հիմնապատճառն է:

Օրհնեալ եւ շնորհաբաշխ այս Ծաղկազարդին, երբ կը տօնենք Տիրոջ մուտքը Երուսաղէմ ու յաղթական Արքային փառքը, որ յաղթեց չարին ու փրկութիւնը աւետեց բոլորին, անոր Մօր՝ Մարիամ Ս. Կոյսին միջնորդութեամբ կատարե՛նք այս խնդրանքը:

«Յիսուս թող մտնէ մեր սրտերուն մէջ:

Թող թափանցէ մեր հոգիներուն մէջ եւ մեզ թող մաքրէ ատելութեան ճիրաններէն:

Թող մեզ ազատագրէ ընկերային, քաղաքական, կուսակցական ու տնտեսական պառակտումներէն այս մեր սիրելի երկրին մէջ, ուր ոչինչ մնաց...:

Այո՛, ուր քաղաքացիներ կարողութիւնը չունին հիւանդանոց մտնելու…: Քաղցկէղէնէն եւ այլ ծանր հիւանդութիւններէ տառապողները ապաքինելու կարողութիւնը չունին…:

Այո՛, ուր մեր քաղաքացի եղբայրներ ու քոյրեր շատ բարձր գինը կը վճարեն իրենց առողջութեամբ եւ ապրուստով, իրենց ներկայով ու ապագայով…:

Այո՛, ուր փտածներ, կաշառողներ, աւազակներ, ոճրագործներ եւ այլ տեսակի յանցապարտներ կը մնան անպատիժ...»:

Սիրելի եղբայրներս եւ քոյրերս, կ'աղօթենք առ Աստուած, որպէսզի մեր ժողովուրդին կողքին ըլլայ, ինչպէս նաեւ մեզ լեցնէ իր անսահման սիրով, որ բարի գործեր կատարենք եւ կարենանք ապրիլ իբր մէ՛կ ժողովուրդ՝ մէ՛կ հայրենիքին ու մէ՛կ ծննդավայրին մէջ…:

Յիսուս Քրիստոսի Մայրն ու մեր Մայրիկը՝ Մարիամ ըլլալով Հայաստանի Սեւանակղզիին Տեսլամայրն ու Լիբանանի Հարիսայի Տիրամայրը, թող օգնութեան հասնի մեր ժողովուրդներուն այս երկու երկիրներուն մէջ, որոնք սուրբգրային տարածքներն են յաւերժական: Ամէն:

Ս. Պատարագին աւար՝ տեղի ունեցաւ Ծաղկազարդի աւանդական թափօրը եկեղեցիին շրջափակին մէջ, ուր մանուկներն ու տօնականները մոմերով, արմաւենիին ուստերվ եւ ձիթենիին ճիւղերով, ընկերացան շեփորախումբին ու հաւատացեալներուն բազմութեան:

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան կայք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2024, 08:46