Որոնել

2023.06.12 Visita del Patriarca Minassian a Zahle

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոս Պատրիարքին հայրապետական պատգամը

«Մի՛ վախնար, փոքրիկ հօտ»: Ձեր Փրկիչը, որ մեռելներէն յարութիւն առաւ, ձեզ կը տեսնէ ու ձեզ կը հոգայ, ուստի, հաւատարիմ ծառաներ եղէ՛ք Անոր և Անոր պատուիրանին.«Սիրեցէ՛ք զիրար, ինչպէս Ես ձեզ սիրեցի, նոյնպէս դուք զիրար սիրեցէ՛ք: Բոլորը ձեզ պիտի ճանչնան իբրեւ իմ աշակերտներս, եթէ դուք զիրար սիրէք» (Յվհ 13, 34-35):

 

Աւագ Շաբաթը անցաւ, որուն ընթացքին յիշատակեցինք մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի՝ Աստուծոյ միածին Որդիին չարչարանքներն ու խաչելութիւնը:

Բայց եւ այնպէս «ճանապարհ խաչի» ջերմեռանդութեան բոլոր հանգրուաններուն ընկերացող բազմութիւնը անտարբերութեամբ վերադարձաւ իր առօրեայ կեանքին...:

Մեզի նման ու մեզի հետ ոմանք երկիւղածութեամբ մասնակցեցան Աւագ Ուրբաթի խաչելութեան ու թաղման կարգին, իսկ ուրիշ շատեր, կարծէք, թէ անիմաստ փառատօնի մը ներկայ եղան...։

Այո՛, այդ յոյժ ցաւալի օրերը անցան, և մնաց միայն անոնց յիշատակը՝ Գողգոթայի յիշատակը, որ ծանօթ է իբրեւ ամօթի լեռ:

Այդ բոլոր ծիսական արարողութիւններուն մէջ կայ մէկ ճշմարտութիւն, թէ Քրիստոս յարութիւն առաւ եւ կեանք շնորհեց՝ մահուան յաղթելով: Հետեւաբար, ո՞ւր մնաց մահուան փուշը.«Մահը ընկղմեցաւ յաղթութեան մէջ. ո՜վ մահ, ո՞ւր է յաղթանակդ, ո՜վ մահ, ո՞ւր է խայթոցդ...» (1Կոր. 15,55):

Քրիստոս յարութիւն առաւ մեռելներէն և մեզի նոր կեանք տուաւ՝ մեզ ազատելով յաւիտենական մահուան կապանքներէն: Ա՛յս է այն ճշմարիտ պատկերը, զոր Փրկիչը մեզի շնորհեց իր զոհաբերութեամբ, այսինքն՝ իր անսահման եւ ինքնամատոյց սիրով:

Ա՛յս է արդիւնքը այն ամէն ինչին մասին, զոր Յիսուս խօսեցաւ իր աշակերտներուն Ձիթենեաց պարտէզին մէջ՝ ըսելով.«Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինքը կը զոհէ իր բարեկամներուն համար» (Յվհ 15.13): Ստուգապէս, ասիկա՛ է սիրոյ գագաթնակէտը։

Ուստի, մենք ալ, ի հեճուկս ահռելի դժուարութիւններուն, պատերազմներուն, անմեղներու սպանութիւններուն եւ անարդարութիւններուն շատացումին, յարութեան շնորհքը պիտի ստանանք։

Յարութիւն պիտի առնենք մեր խոր քունէն: Յարութիւն պիտի առնենք Քրիստոս Փրկչին օրինակով: Այսպէս, իւրաքանչիւրը մեզմէ ինքզինքը պիտի նորոգէ իր կոչումին համաձայն, քահանան՝ իր պարտականութիւններուն, հայրը՝ իր երեխաներուն համար, հայրենիքը՝ իր ժողովուրդին և ժողովուրդը՝ իր հայրենիքին համար, որպէս զի կարենանք ստանալ Յարութեան իսկական պտուղը, որովհետեւ դուք ալ Աստուծոյ զաւակներն էք։ Մենք մահէն յարութիւն պիտի առնենք, բարոյական մահէն, և պիտի վերականգնենք մեր սիրելի տունն ու երկիրը յարուցեալ Փրկչին սիրով:

Եղբայրնե՛ր և Քոյրե՛ր, զիրար սիրեցէ՛ք առանց կրօնական ու համայնքային խտրութեան, որովհետեւ մենք բոլորս մէկ Աստուծոյ զաւակներն ենք, ուստի, եկէ՛ք, զիրար սիրե՛նք առանց խտրութեան Մէ՛կ Տէր Աստուածը սիրողներուն միջև, որովհետեւ Քրիստոս խաչուեցաւ, մեռաւ ու յարութիւն առաւ համայն մարդկութեան փրկութեան համար:

«Մի՛ վախնար, փոքրիկ հօտ, որովհետեւ ձեր Հայրը հաճեցաւ ձեզի տալ արքայութիւնը» (Ղկ. 12.32):

Այո՛, վերստին յարութիւն պիտի առնենք Քրիստոսի հետ և մենք, մեր կարգին, պիտի յաղթենք մահուան, ոճրագործներուն և ոճրագործութիւններուն, որոնք թալանեցին ու կը շարունակեն կողոպտել մարդու իրաւունքները, կ'ոտնակոխեն մարդկային, կրօնական, ընկերային եւ քաղաքական արժէքներ ու սկզբունքներ, որոնք իւրաքանչիւր անհատին իրաւունքներն են, յատկապէս մեր անձնական իրաւունքները մեր վիրաւոր հայրենիքին մէջ։

«Մի՛ վախնար, փոքրիկ հօտ»: Ձեր Փրկիչը, որ մեռելներէն յարութիւն առաւ, ձեզ կը տեսնէ ու ձեզ կը հոգայ, ուստի, հաւատարիմ ծառաներ եղէ՛ք Անոր և Անոր պատուիրանին.«Սիրեցէ՛ք զիրար, ինչպէս Ես ձեզ սիրեցի, նոյնպէս դուք զիրար սիրեցէ՛ք: Բոլորը ձեզ պիտի ճանչնան իբրեւ իմ աշակերտներս, եթէ դուք զիրար սիրէք» (Յվհ 13, 34-35):

Յիսուսի սիրով եւ իրարու հանդէպ գործօն սիրով շնորհաւորե՛նք զիրար ու ցնծագին դաւանի՛նք.«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»: Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2024, 08:49