Որոնել

2020.05.07 Gesu' Via la Verità e la Vita - Vangelo della V domenica di Pasqua A

ԳԱԼՍՏԵԱՆ կիրակի (ՄՏԹ. 22, 34 – 23, 12) -Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը

Սիրելի հաւատացեալ քոյրս եւ եղբայրս, մենք որպէս մէկական քրիստոնեայ հաւատացեալներ, աշխարհ եկած ենք մէկ նպատակով. աշխատիլ մեր հոգիներու փրկութեանը համար, որպէսզի երբ սպասեալ պահը եւ կամ ժամը հասնի՝ արժանի ըլլանք վայելելու երկնքի արքայութիւնը:
Ունկնդրէ լուրը

Ահաւասիկ սիրելիներ, արդէն իսկ կը սկսինք քառասնորդաց մեծ պահքի շրջանին վեցերորդ եւ վերջին կիրակին որ կոչուած է՝ ԳԱԼՍՏԵԱՆ կիրակի:

Այստեղ հարց տալով պիտի ըսէք. «վարդապետ, երբ «գալստեան» եւ կամ «գալուստ» բառը կ՛օգտագործենք, կը հասկնանք Քրիստոսի գալուստը աշխարհ (որ պատահեցաւ 2000 տարիներ առաջ) եւ կամ նկատի ունինք Անոր երկրորդ գալուստը՝ որ արդէն իսկ 2000 տարիներէ ի վեր համայն մարդկութիւնը մինչեւ մեր օրs կը սպասէ (երբեմն հաւատքով եւ երբեմն ալ տարակոյսով). իսկ ինչո՞ւ մեր Եկեղեցւոյ հայրերը ուզած են քառասնորդաց մեծ պահքի շրջանի վեցերորդ կիրակին կոչել ԳԱԼՍՏԵԱՆ կիրակի»:

Սիրելի հաւատացեալ քոյրս եւ եղբայրս,

Մենք որպէս մէկական քրիստոնեայ հաւատացեալներ, աշխարհ եկած ենք մէկ նպատակով. աշխատիլ մեր հոգիներու փրկութեանը համար, որպէսզի երբ սպասեալ պահը եւ կամ ժամը հասնի՝ արժանի ըլլանք վայելելու երկնքի արքայութիւնը:

Իսկ ինչպէ՞ս կարող եմ պատրաստուիլ այս աշխարհէն մեկնումիս օրուան (երբ ժամանակը հասնի) եւ կամ դիմաւորելու Քրիստոսի երկրորդ գալուստը՝ որ կրնայ պատահիլ ոեւէ մէկ մեր չսպասած պահուն: Ճամբաները եւ միջոցները շատ են սիրելիներ, տեսնենք թէ մեր այսօրուան աւետարանի հատուածը մեզմէ ինչ կը պահանջէ լաւ պատրաստուելու համար.

1. « Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ մտքովդ» (Մտթ. 22, 37): Ինչպէս միշտ, նաեւ այսօր սիրելիներ մեր Աւետարանի հատուածը մեզ կը հրաւիրէ սիրելու...մեր Տէր Աստուածը, Ստեղծիչը, Հայրը եւ մեր էութեան միակ պատճառը. ոչ թէ մակերեսային սէր, այլ նախ սրտով սէր (բաբախումի եւ կեանքի գործիքը – զԱստուած դարձնել մեր սրտին բաբախման պատճառը եւ գործիքը), եւ հոգիով սէր ( չմոռնանք որ մեր հոգիներուն Տէրը միայն ու միայն Աստուած է...չյանձնենք մենք զմեզ եւ մեր հոգիները չարին եւ անոր ծրագրին), ու մտքով սէր ( մեր մտքերը եղած են մտածելու միայն Աստուծոյ մասին եւ թէ ինչպէս պիտի կարողանանք լաւ պատրաստուիլ՝ դիմաւորելու երկնքի եւ երկրի Տէրը..., եւ ամէնակարեւորը՝ երբ կանգնինք Աստուծոյ արդար դատաստանին յառաջ, ի՞նչ պատասխան պիտի տանք որպէսզի մենք զմեզ արդարացնենք – անշուշտ եթէ կարող ենք արդարանալ): Սիրելի քոյրս եւ եղբայրս, ես ինչպէ՞ս պիտի արդարանամ Քրիստոսի երկրորդ գալստեան օրը երբ սէր չունիմ...եւ ամէնակարեւորը՝ երբ այս սէրը չգործեր սրտիս, հոգիիս եւ մտքիս մէջ:

2. « Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս» (Մտթ. 22, 39): Այսօր սիրելիներ եւ դժբախտաբար, սէրը կը ոչնչանայ մեր հասարակութիւններէն եւ ընկերային միջավայրերէն. երբեմն կ՛ըսենք. « ես կը սիրեմ զԱստուած», բայց իրականութեան մէջ չեմ սիրեր իմ հարազատս, բարեկամս, կողակիցս, զաւակներս, գործընկերներս եւ կամ մարդ արարածը՝ առ հասարակ: Սիրելիս, ինչպէ՞ս կրնաս ըսել թէ կը սիրես զԱստուած՝ եւ սակայն չես սիրեր Անոր ստեղծագործութիւնները: Այստեղ հարց տալով պիտի ըսէք. « լաւ վարդապետ, ինչո՞ւ այս բոլոր բաները այսօր կը պատահին մեր ընկերային կեանքին մէջ...զոր օրինակ ատելութիւն, պատերազմ, անձնական շահեր եւ խաբեբայութիւններ...». պատասխանը շատ պարզ ու յստակ է սիրելիներ...որովհետեւ այսօր մարդս կորսնցուցած է զԱստուած եւ զԱստուած կորսնցնելով՝ կը կորսնցնէ նաեւ ՍԷՐԸ, եւ ՍԷՐԸ կորսնցնելով՝ կը շահի եսասիրութիւնը, եւ եսասիրութիւնը շահելով՝ կը կորսնցնէ իր մարդկութիւնը ինչպէս նաեւ Աստուծոյ նմանութիւնը եւ պատկերը զոր տրուած է մարդուն՝ իր ստեղծագործութեան պահուն...եւ կը դառնայ չարին ձեռքին մէջ գործիք՝ կատարելու միայն չարութիւն:

Այս բոլորէն ետք սիրելիներ, ի՞նչ կրնանք եզրակացնել. Մարդս կանչուած է սիրելու...եւ որպէսզի ՍԷՐԸ ունենայ, պէտք ունի Աստուծոյ...եւ երբ ունի զԱստուած իր մէջ, կը նշանակէ պիտի գործէ միայն բարին եւ Աստուծոյ կամքը՝որմով արժանի պիտի ըլլայ նախ դիմաւորելու Քրիստոսի երկրորդ գալուստը, եւ երկրորդ՝ վայելելու երկնքի փառքն ու յաւիտենական ուրախութիւնը:

Աւետարանը կ՛ըսէ թէ ոչ ոք գիտէ օրը եւ ժամը...հետեւաբար սիրելիներ, ունենանք մեր մէջ զԱստուած, որպէսզի միայն ու միայն սէրէն մղուած՝ գործենք եւ ապրինք մեր կեանքը այս աշխարհին մէջ. Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2024, 07:18