Որոնել

FILE PHOTO: New cardinal Louis Raphael I Sako of Iraq is seen during a consistory ceremony to install 14 new cardinals in Saint Peter's Basilica at the Vatican

Աւագ Շաբաթը անհրաժեշտ ժամանակն է` որուն կարիքը ունինք. Պատրիարք Սագօ

Պատգամին մէջ Պատրիարքը կը մատնանշէ ու կը մեկնաբանէ Փրկութեան Խորհուրդի զանազան հանգրուանները, Քրիստոսի չարչարանքը, մահը ու յարութիւնը, որոնք կը յիշատակուին աւագ շաբթուայ ընթացքին սկսեալ Անոր Երուսաղէմ մուտքէն, մինչեւ գողգոթայի վրայ խաչելութիւնը ապա Յարուցեալ Քրիստոսի հանդիպումները իր աշակերտներուն հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Պատմական այս պահի ընթացքին, երբ անձնական առաւելութիւնները կը գերիշխեն բարոյականութեան վրայ, կ՛արդարացուին այն բաները` որոնք պէտք են արգիլուիլ , և կաշառակերութիւնը կ՛ օրինականացուի, «մենք այնքան մեծ պահանջ ունինք, որ Յիսուս մեզ առաջնորդէ դէպի ճշմարտութիւնը, սէրը, բարի կամքը, արժանապատուութիւնը և շնորհքը»: Ասոր համար Աւագ Շաբաթը «անհրաժեշտ» ժամանակ է, ժամանակ` որուն բոլորս կարիքը ունինք «բիւրեղացնելու մեր մտքերն ու սրտերը» ու Քրիստոսի մէջ վերագտնելու «մեր կեանքի միակ կենդանի աղբիւրը, որուն այնքան ալ երախտապարտ ենք»։ Խօսքերն են ասոնք Քաղդէացիներու Պատրիարք` Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սագոյին, որ կը կարդանք Աւագ Շաբթուայ առիթով իր յղած պատգամին մէջ այնպիսի ժամանակահատուածի մը ընթացքին, ուր Քաղդէացի Եկեղեցին կ՛ապրի դժուար պահեր, տեսակ մը «Խաչի ճանապարհ», մինչ կոչուած է ըլլալու «եղբայրութեան, միութեան ու խաղաղութեան կամուրջ»։

Պատգամին մէջ Պատրիարքը կը մատնանշէ ու կը մեկնաբանէ Փրկութեան Խորհուրդի զանազան հանգրուանները, Քրիստոսի չարչարանքը, մահը ու յարութիւնը, որոնք կը յիշատակուին Աւագ Շաբթուայ ընթացքին սկսեալ Անոր Երուսաղէմ մուտքէն, մինչեւ գողգոթայի վրայ խաչելութիւնը ապա Յարուցեալ Քրիստոսի հանդիպումները իր աշակերտներուն հետ։

Յիսուս միշտ մեզի հետ է, նաեւ մարտահրաւէրներու ու դժուարութիւններու պահուն, որոնք մեզ կը վիրաւորեն։ Յիշենք Անոր խոստումը` «ես ձեզի հետ եմ, ամէն օր, մինչեւ աշխարհիս կատարածը»- կը գրէ Սագօ Պատրիարքը Աւագ Շաբթուայ առիթով հրապարակած իր պատգամի աւարտին։





Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2024, 07:47