«Անթիլիասի Ուխտի Օր»-ը մեծաշուք հանդիսութեամբ նշուեցաւ մայրավանքին մէջ
Անկրկնելի եւ անփոխարինելի անհուն լիցքաւորում մը կ՛ապրինք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջին «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս բերուելուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն անոր օրհնութիւնը ստանալուն եզակի առիթով: Մեծ սուրբին Խոր Վիրապ մուտքը, կրած չարչարանքներուն դէմ անոր յաղթանակը եւ Հայաստան աշխարհին մէջ քրիստոնէութեան պետականացումը մեր հաւատքին մէջ ամրանալու հրաւիրող միակ ազդակները չեն միայն, այլ նաեւ սուրբին մասունքներուն պատմութեան փոթորիկներուն ընդմէջէն հրաշքով գտնուիլը, մեզի հասնիլը եւ անոնց օրհնութիւնը մեր վայելելը եւս:
Ամէն տարի, Լուսաւորիչ հայրապետին մուտն ի վիրապի եւ «Անթիլիասի ուխտի օր»-ուան տօներուն առիթով, հաւատացեալներ, իրենց ծխային եկեղեցիներուն Ս. պատարագի աւարտին, կ՛ուղղուին կաթողիկոսարան` Անթիլիասի մայրավանք` ստանալու համար վեհափառ կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ թափօրով բաշխուած սուրբին օրհնութիւնը եւ Ս. Աջով կատարուած օրհնուած ջուրէն բաժին մը:
Առ այդ, երէկ` կիրակի, 17 մարտին, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ` ձեռամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի: Եկեղեցական արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը:
Յաւուր պատշաճի խօսուած իր քարոզին մէջ Մակար սրբազան նախ եւ առաջ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ, իբրեւ ուխտաւոր, առիթ շնորհեց մեզի նշելու յիշեալ զոյգ տօները: «Թէկուզ սուրբին կրած չարչարանքներուն տօնն է մեր նշածը, սակայն այդ չարչարանքներէն բխած արդիւնքն է մեզ տօնական մթնոլորտով պարուրողը», ըսաւ ան եւ մէջբերեց օրուան ճաշու ընթերցումէն Քրիստոսի յարութեամբ մեր յարութիւն ստանալու հատուածը: Ան դիտել տուաւ, որ մեր ապրելակերպը պէտք է ներդաշնակ ու յարիր ըլլայ մեր երկնաքաղաքացիութեան: Այս ըսելով` սրբազանը յիշեցուց, որ ի գին ամէն ինչի պէտք է մեր ուշադրութիւնը դարձնել դէպի երկինք` մեզի յաւիտենական ժառանգութեան արժանի դարձնող ճշմարտութիւններուն:
Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը ընդգծեց, որ այսօր Պօղոս առաքեալը մեզի անգամ մը եւս կը հրաւիրէ չմոռնալու, որ եթէ Քրիստոսով յարութիւն առած ենք, ապա Ան մեզի արժանի դարձուցած է հաղորդակից ըլլալու Իր փառքին: Ուստի, սրբազանը խրատեց չտարուիլ անցողակի ու ժամանակաւոր բարքերով, այլ մեր ուշադրութիւնը սեւեռել երկնաւոր կեանքի առաջնահերթութիւններուն` ճշմարիտ, պարկեշտ ու արդար գործերու: Վերջապէս, սրբազան հայրը ըսաւ, որ Ս. Մկրտութեան խորհուրդով Քրիստոսի հետ յարութիւն առինք եւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդով կը հաղորդուինք Տիրոջ կենդանարար մարմնով եւ արեամբ: Ս. Հաղորդութեան միջոցով Աստուծոյ հետ ապրիլ կը խնդրենք, եւ Աստուած մեզի վեր` փառքէ-փառք կը բարձրացնէ ու Իր կենդանի ներկայութեան կանգնեցնելով` մեր միջոցով կը ներգործէ, կը հրաշագործէ ու կը կենսաւորէ այն միջավայրն ու շրջապատը, ուր կ՛ապրինք ու կը գործենք: Վկա՛յ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մեծ հայրապետին կեանքը:
Ս. Պատարագի աւարտին, գլխաւորութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին աւանդական թափօրը կազմուեցաւ` բաղկացած միաբան հայրերէ, Լիբանանի թեմի քահանայից դասէն եւ դպրեվանքի սաներէ ու հաւատացեալներէ: Վեհափառ հայրապետը իր ձեռքին ունէր Լուսաւորիչի Ս. Աջը, իսկ հոգեւորականաց դասը` եկեղեցւոյ պատկանող դարաւոր սրբազան մասունքներ, որոնցմով օրհնուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդը:
Թափօրի աւարտին, վեհափառ հայրապետը միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ բարձրացաւ Ս. խորան, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին սրբազան Աջով կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն, որմէ ետք մայր տաճարի Ս. խորանին վրայ դրուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին, Ս. Սեղբեստրոս եւ Ս. Նիկողայոս հայրապետներուն եւ Պարսամ ճգնաւորին աջերը, որոնք միաբան հայրերու հսկողութեան ներքեւ այդտեղ մնացին մինչեւ ուշ երեկոյ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ