Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Ներսէս Շնորհալիի պատասխանը Մանուէլ Կայսրի երկրորդ նամակին – Ա. Մաս

Հաղորդաշար (54) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ.Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

«Գ­րե­ցաւ ի թուա­կա­նու­թեանս Հայոց վեց հա­րիւր ինն եւ տասն, յամ­սեանն Հայոց Արե­գի եւ Հո­ռո­մոց Հոկ­տեմ­բե­րի»։ Այս նա­խա­դա­սու­թեամբ կ՚ա­ւար­տի Ս. Ներ­սէս Շնո­րա­հա­լի Կա­թո­ղի­կո­սի յոյ­նե­րու Կիռ Մա­նուէլ կայս­րին ուղ­ղած երկ­րորդ պա­տաս­խան նա­մա­կը։ 1170 թուա­կա­նի Հոկ­տեմ­բեր ամ­սին կայ­սե­րա­կան բա­նագ­նաց­նե­րը՝ ար­քու­նի սպա­սա­ւոր՝ Թէո­ռիանոս մա­գիստ­րոս գիտ­նա­կա­նը եւ Յով­հան­նէս Ութ­ման Փի­լիպ­պու­պոլ­սի հայոց վա­նա­հայ­րը, ամիս­ներ տե­ւած բա­նա­վէ­ճե­րէ եւ յս­տա­կե­ցում­նե­րէ ետք, կը շտա­պեն կա­թո­ղի­կո­սա­կան նամակը Կոս­տանդ­նու­պո­լիս հասցնել, խու­սա­փե­լու հա­մար ձմե­րուան խիստ եղա­նա­կին ճա­նա­պար­հո­դու­թեան վտանգ­նե­րէն։

­Գարնան՝ բանագնացները եր­կու կամ եր­կու­քու­կէս տա­րի ետք Շնորհալիի առաջին նամակին պատասխանը բերած էին. Կայսրը, պա­տե­րազմ­նե­րով զբա­ղած, շու­տով չէր կրցած ար­ձա­գան­քել։ Մինչդեռ Հայ­րա­պե­տը՝ ըն­դա­ռա­ջե­լու հա­մար Մա­նուէլ կայս­րի եկեղեցւոյ միութեան փա­փա­քին՝ Հռոմկ­լայ հրա­ւի­րած էր հայ եկե­ղեց­ւոյ եպիս­կո­պոս­նե­րը, վար­դա­պետ­ներն ու վա­նա­հայ­րե­րը, սա­կայն պա­տաս­խա­նին ու­շա­նալուն՝ ամէն ոք վե­րա­դար­ձած էր իր հօ­տի խնամ­քն ապա­հո­վե­լու գործին։­

Ուս­տի, փո­խըմբռն­ման, յս­տա­կե­ցում­նե­րու եւ իրա­զեկ­ման նուի­րուած բա­նա­վէ­ճերն ու քննարկում­նե­րը կը կա­տա­րուին շատ աւե­լի սեղմ շր­ջա­նա­կի մէջ, Հռոմկ­լայ ապ­րող ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ, որոնք Հայ­րա­պե­տի կող­քին կը գտ­նուէին եւ ըն­թա­ցիկ կա­ռա­վար­ման աջա­կից­ներն էին։ Ասոնց շար­քին կը յի­շուին Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի եղ­բօ­րոր­դին՝ Գրի­գո­րը, որ երի­տա­սարդ տարիքին Կա­թո­ղի­կոս դառ­նա­լով՝ Գրի­գոր Տղայ պի­տի յոր­ջոր­ջուի, Սա­հակ եպիս­կո­պոսը, որ շատ հա­ւա­նա­բար Կա­թո­ղի­կո­սի Դրան եպիս­կո­պոսն էր, Վար­դան վար­դա­պետը եւ Ստե­փա­նոս՝ որ թարգ­ման եւ նուի­րակ կը թուի ըլ­լալ։ Այս ան­ձե­րէն բա­ցի, հա­ւա­նա­բար ու­րիշ հայ եպիս­կո­պոս­ներ ալ ըլ­լային, որոնց անու­նը չէ յի­շա­տա­կուած։ Մինչ­դեռ մե­զի աւան­դուած է որ ներ­կայ էին նաեւ ասո­րի­նե­րու Մի­խայէլ պատ­րիար­քի գիտ­նա­կան աշա­կեր­տը՝ Թէոդո­րոս, ինչ­պէս նաեւ Քե­սու­նի Յով­հան­նէս ասո­րի եպիս­կո­պո­սը։

­Զերծ խար­դախ, տգէտ ու ան­ձնա­կան շա­հեր հե­տապն­դող սրի­կա­նե­րու չա­րա­բա­նու­թիւն­նե­րէն, փո­խըմբռն­ման մթ­նո­լոր­տի մէջ, իրար իս­կա­պէս ճանչ­նա­լու ջան­քե­րը ուղ­ղուած էին յատ­կա­պէս Քրիս­տո­սի անձին վե­րա­բե­րող հար­ցե­րուն։

Շ­նոր­հա­լիի պա­տաս­խա­նէն կը տե­ղե­կա­նանք քն­նար­կում­նե­րու ար­դիւն­քի մասին, երբ կը գրէ թէ Աս­տուա­ծա­շուն­չի վրայ հիմ­նուած «այդ քն­նար­կում­նե­րը մեր­կա­ցու­ցին եւ հա­լա­ծա­կան դար­ձու­ցին իւ­րա­քան­չիւ­րիս իրա­րու մա­սին պատ­րուակ դար­ձած ստա­բա­նու­թիւ­նը եւ յայտ­նի դար­ձաւ ու հաս­տա­տուե­ցաւ ճշ­մար­տու­թիւ­նը, թէ հե­ռու ենք, դուք՝ Նես­տո­րի բա­ժա­նու­մէն, իսկ մենք՝ Եւ­տի­քէ­սի շփո­թու­մէն, եւ թէ Աս­տու­ծոյ շնորհ­քով իրա­րու մօ­տիկ ենք՝ հա­ւատ­քի ու­ղիղ դա­ւա­նու­թեամբ»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2024, 08:19