Որոնել

Բժշկական սարքեր Բժշկական սարքեր  (©Natalya Lys - stock.adobe.com)

Ֆրանսայի եպիսկոպոսները. տխրութիւն եւ ափսոսանք սահմանադրութեան մէջ վիժումի իրաւունքին համար

Ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի հաղորդագրութիւնը, ցաւ եւ տխրութիւն ֆրանսայի մէջ վիժումի իրաւունքին համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը կը քննադատէ ծերակոյտի մէջ սահմանադրական վերանայման օրէնքի հաստատումը, որ Հիմնարար կանոնադրութեան մէջ կ՝երաշխաւորէ վիժումի դիմելու ազատութիւնը։

«Վիժումը, որ կը մնայ մահափորձ մը կեանքին սկիզբը, կարելի չէ դիտուի բացառապէս կանանց իրաւունքներուն տեսանկիւնէն ներս», այս մասին նշած են Ֆրանսայի եպիսկոպոսները իրենց հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ որուն մէջ կը բացատրեն թէ մեծ տխրութեամբ իմացած են Ծերակոյտի մէջ կայացած սահմանադրական վերանայումի օրէնքի հաստատումը, որ կը ներառնէ վիժումի ազատութեան երաշխաւորումը հիմնական կանոնադրութեան մէջ։

Անդրադառնալով բոլոր անոնց, մասնաւորաբար դժուարութեան մէջ գտնուող կանանց, որոնք նկատի կ՝առնեն վիժումի դիմելու ողբերգական հնարաւորութիւնը, Ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը «կ՝ափսոսայ որ մեկնարկած բանավէճի մէջ ներկայացուցած չեն աջակցութեան միջոցներ, բոլոր անոնց հանդէպ որոնք կը փափաքին պահել իրենց զաւակը»

«Ի տես կանանց եւ երեխաներու դէմ կատարուած բազմաթիւ բռնութիւններուն», գրած են եպիսկոպոսները, «մեր երկրի սահմանադրութիւնը լաւ կ՝ընէր եթէ կեդրոն զետեղեր երեխաներու եւ կանանց պաշտպանութիւնը։ ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը ուշադիր պիտի ըլլայ յարգելու ծնողներուն ընտրութեան ազատութիւնը որոնք կը որոշեն նոյնիսկ դժուար պայմաններու մէջ պահպանել իրենց երեխաները  ինչպէս նաեւ բժիշկներու եւ առողջապահական անձնակազմի խիղճի ազատութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2024, 12:11