Եկեղեցիներու համամիութենական խորհուրդը. Ոչ մէկ պատերազմ սուրբ է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Եկեղեցիներու համամիութենական խորհուրդը գրառումով մը քննադատեց 27 մարտին, Ռուսիոյ ժողովուրդին համաշխարհային խորհուրդին կողմէ Կիւրեղ պատրիարքին նախագահութեամբ հաստատուած հրամանագիրը, ուր Ուքրանիոյ պատերազմը բնորոշուած է, որպէս գերբնական։ Եկեղեցիներու համամիութենական խորհուրդի անդամները հաստատեցին, որ «պատերազմը անհամատեղելի է Աստուծոյ բնութեան հետ ու հակառակ է քրիստոնէական, համամիութենական հիմնական սկզբունքներուն»։ Եկեղեցիներուն համամիութենական խորհուրդի անդամները յոյժ մտահոգուած են, Ռուսիոյ ժողովուրդին համաշխարհային 25 րդ խորհուրդին անցեալ 27 մարտին որդեգրած այն որոշումով, թէ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը սուրբ է ։
Եկեղեցիներու համամիութենական խորհուրդի քարտուղար, վերապատուելի Ժէռի Փիլա, 12 ապրիլին ստորագրած գրառումին մէջ կը հաստատէ, որ եկեղեցիներու համամիութենական խորհուրդը չկրնար հաշուիլ «Ռուսական աշխարհին ներկան եւ ապագան» հրամանագիրին հետ՝ հասցէագրուած Ռուսաստանի օրէնսդիր իշխանութիւններուն ու գործադիրներուն, Ռուսական ամենամեծ հասարակական ֆորումի կողմէ, որուն սահմանադրութեան համաձայն կազմակերպութեան մարմնի ղեակաւարը Մոսկուայի, համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ պատրիարքն է , որուն նախագահութեամբ տեղի կ՝ունենայ խորհուրդի տարեկան ժողովները։
Եկեղեցիներու համամիութենական խորհուրդը անօրինական եւ անհիմն նկատեց, Ուքրանիոյ ներխուժումը ու մերժեցին «կրօնական լեզուի եւ հեղինակութեան օգտագործումը պատերազմը եւ ազդեցութիւնը արդարացնելու համար։
Եկեղեցիներուն համամիութենական խորհուրդը, կը կարդանք գրառումի մէջ «չկրնար ընդունիլ, որ հրամանագիրը կը ներկայացնէ՝ Ռուսիոյ անօրինական ներխուժումը Ուքրանիա, որպէս Ռուսիոյ ազգային ազատութեան պայքարին նոր փուլ, ինչպէս նաեւ այն գաղափարը, ժամանակակից Ուքրանիոյ տարածքը պէտք է մտնէ Ռուսաստանի բացառիկ ազդեցութեան տակ»։
Վերապատուելի Փիլայ նամակը մը յղած է Կիւրեղ Պատրարքին՝ պարզաբանումներ խնդրելու համար։ «Պահանջեցինք անյապաղ հանիդպում կազմակերպել, հարցը քննարկելու եւ գտնելու համար ձեւը, մտահոգութիւնները դիմակայելու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ