Որոնել

VITA, donna incinta

ԵՄ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դաս․ Այո՝ կանանց խթանումին ու կեանքի իրաւունքին, ոչ՝ վիժումին եւ գաղափարախօսական պարտադրանքին

Վիժումի իրաւունքը ԵՄ հիմնարար իրաւունքներու կանոնադրութեան մէջ ներառելու նպատակով առաջիկայ 11 ապրիլին նախատեսուող քուէարկութեան կապակցութեամբ՝ COMECE-ի նախագահութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Հաւատքի Վարդապետութեան Վերատեսչութեան կողմէ հրապարակուած «Dignitas Infinita – Անսահման արժանապատուութիւն» փաստաթուղթի հրապարակումէն ետք, ուր մարդկային արժանապատւութեան ոտնահարումներու շարքին կը թուարկուի նաեւ վիժումը որպէս «լուրջ եւ ողբալի» սովորոյթ, ողջ Եւրոպայի Եպիսկոպոսները կը հաստատեն իրենց «ոչ»ը յղիութեան արհեստական ​​ընդհատումին, որ «երբեք չէ կարող ըլլալ հիմնարար իրաւունք», քանի որ «կանանց եւ անոնց իրաւունքներու խթանմանը հակահոսանք կ’ընթանայ»։

Այս մասին է Եւրոպական Միութեան Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Յանձնաժողովի (COMECE - Commissione delle conferenze episcopali dell’Unione europea)՝ Եւրոխորհրդարանի անդամներուն եւ եւրոպացի քաղաքացիներուն ուղղուած յայտարարութիւնը՝ հրապարակուած «Եւրոմիութեան հիմնարար իրաւունքներու կանոնադրութեան մէջ վիժումի իրաւունքը ներառելու մասին» քուէարկութեան կապակցութեամբ, որ նախատեսուած է 2024 թուականի 11 Ապրիլին։

Կեանքի իրաւունքը

«Վիժումը երբեք չէ կարող ըլլալ հիմնարար իրաւունք։ Կեանքի իրաւունքը մարդու միւս բոլոր իրաւունքներու հիմնարար հիմնասիւնն է, մասնաւորապէս՝ առաւել խոցելի, փխրուն եւ անպաշտպան մարդկանց կեանքի իրաւունքը, ինչպիսիք են մոր արգանդի մէջ չծնուած մանուկը, գաղթականը, տարեցը, հաշմանդամութիւն ունեցող անձը, հիւանդը եւ այլն», կը նշուի մամլոյ յայտարարութեան մէջ։

Փաստաթուղթի մէջ շեշտուած է նաեւ, որ Եկեղեցին միշտ հետեւողական կերպով մտածած է առ այն, որ չծնուած կեանքի պաշտպանութիւնը սերտօրէն կապուած է մարդու ցանկացած այլ իրաւունքի պաշտպանութեան հետ», ինչը «կ’ենթադրէ համոզմունք, որ մարդը միշտ սուրբ եւ անձեռնմխելի է, իւրաքանչիւր իրավիճակէն ներս եւ զարգացման իւրաքանչիւր փուլի ընթացքին»:

Եւրոմիութիւնը չէ կարող գաղափարախօսական դիրքորոշումներ պարտադրել

Եպիսկոպոսները ապա յղում կը կատարեն վերոնշեալ «Dignitas Infinita» յայտարարութեան․ «Մարդը ինքն է իր նպատակը եւ ոչ թէ միջոց է այլ խնդիրներ լուծելու համար։ Եթէ այս համոզմունքը վերանայ, կ’անհետանան նաեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ամուր եւ կայուն հիմքերը․․․ («Dignitas Infinita», Ապրիլ 2024, թիւ 47), եւ կը յորդորեն Եւրոմիութեանը յարգել «Անդամ Պետութիւններու տարբեր մշակոյթներն ու աւանդոյթները եւ անոնց ազգային իրաւասութիւնները: Եւրոմիութիւնը չէ կարող ուրիշներուն՝ իր սահմաններէն ներս եւ անոնցմէ դուրս, գաղափարախօսական դիրքորոշումներ պարտադրել մարդկային անձի, սեռականութեան եւ սեռի, ամուսնութեան եւ ընտանիքի վերաբերեալ»:

Մշակոյթներու եւ աւանդոյթներու բազմազանութեան հանդէպ յարգանք

«ԵՄ հիմնարար իրաւունքներու կանոնադրութիւնը չէ կարող ներառել իրաւունքներ, որոնք բոլորի կողմէ ճանաչուած չեն եւ բաժանումներ կ’առաջացնեն», կը շարունակենք կարդալ Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ, որ կ’եզրափակէ․ Կանոնադրութիւնը պէտք է յարգէ «Եւրոպայի ժողովուրդներու մշակոյթներու եւ աւանդոյթներու բազմազանութիւնը», ինչպէս նաեւ «սահմանադրական աւանդոյթները» եւ «Անդամ Պետութիւններու համար ընդհանուր միջազգային պարտաւորութիւնները»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2024, 12:38