Յինանցի (50 օրերու) Երկրորդ Կիրակին. (Յովհ. 1, 1 - 17) Նոր Կիրակի - Ողորմութեան Կիրակի
Այսօր սիրելիներ, համաձայն հայկական տօնացոյցին, կը գտնուինք Յինանցի (50 օրերու) Երկրորդ Կիրակին որ նաեւ կոչուած է Նոր Կիրակի, եւ կամ Լատինաց մօտ՝ Ողորմութեան Կիրակի:
Անցած յիսուն օրերուն, ապրեցանք Քառասնորդաց Մեծ պահքի կարեւոր շրջանը, ետքը նշեցինք Քրիստոսի Փառաւոր մուտքը Երուսաղէմ...կանչեցինք «Ովսաննա»ներ (մեզմէ ամէն մէկը ինք գիտէ ինչ նպատակի եւ ինչ դիտաւորութեան համար), մինչեւ որ հասանք Քրիստոսի Յարութեան հրաշափառ տօնը: Ես վստահ եմ որ մեծ ուրախութեամբ եւ գեղեցիկ հագուստներով տօնեցինք այս զոյգ տօները...միթէ՞ սրտով եւ ապրումով տօնեցինք, թէ պարզապէս տօնեցինք քանի որ մեզմէ խնդրուած է տօնել...որովհետեւ օրէնքը այդպէս կը պահանջէ: Թոյլ տուէք որ յանդգնիմ եւ ըսեմ ՈՉ սիրելիներ, որովհետեւ եթէ իսկապէս հասկցած ըլլայինք Քառասնորդաց Մեծ Պահքի շրջանը, Ծաղկազարդը եւ Քրիստոսի Յարութեան տօնը, այսօր մեր մէջ շատ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենար եւ կամ յայտնուէր...բաւարար է մեզմէ ամէն մէկը այսօր իսկ քննէ ինքզինքը, եւ յստակօրէն պատասխանէ ինք իր անձին...միթէ՞ ես այսօր նոր անձ մըն եմ, թէ նոյնն եմ այն ինչ որ էի Քառասնորդաց Մեծ Պահքի շրջանէն առաջ:
ՅԻՆԱՆՑ ՇՐՋԱՆԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԻՐԱԿԻՆ
Մեր հայրերը Յինանց շրջանը դրած են մեր տօնացոյցին մէջ մէկ նպատակով սիրելիներ. որպէսզի մարդս որ ապրեցաւ քառասուն խիստ եւ դժուար օրեր (յուսամ այդպէս կարողացանք ապրիլ եւ կամ գէթ փորձեցինք ապրիլ), աշխատելէ եւ յոգնելէ ետք ինք իր անձին վրայ՝ Քրիստոսի յարութեանը հետ ուրախ ըլլայ, եւ ամէնակարեւորը՝ ազատուած զգայ իր մեղքերէն եւ մեղքի գերութենէն, եւ յիսուն օրեր ետք՝ Պենտեկոստէին, կեանքը շարունակէ Ս. Հոգիին մխիթարութեամբը եւ Անոր ուղղութեամբը:
Այստեղ մենք զմեզ կրկին հարց տանք սիրելիներ. «միթէ՞ ես արժանի եմ այս յիսուն օրերը արժանապէս ուրախանալու...միթէ՞ պէտք եղածին պէս պատրաստուեցայ որպէսզի այսօր վայելեմ այս վիճակը»:
ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ
Այսօր ոչ թէ միայն Յինանց շրջանի Երկրորդ Կիրակին է, այլ նաեւ Նոր Կիրակի է: Նոր Կիրակի, որովհետեւ Քրիստոսի մահով, թաղումով եւ յարութեամբ, ամէն ինչ նոր սկսաւ եւ կամ վերսկսաւ...մէկ խօսքով, նոր առիթ մըն է մեր բոլորին համար՝ կրկին մենք զմեզ վերաքննելու եւ առաջադրելու՝ կրկին մօտենալու Քրիստոսի, եւ ապրելու համաձայն Անոր կամքին եւ պատուիրաններուն:
Պատրաստ ե՞ս այսօր վերսկսելու եւ վերամշակելու քու յարաբերութիւնդ Քրիստոսի հետ:
ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՆ ԿԻՐԱԿԻ
Այստեղ հարց տալով պիտի ըսէք. « լաւ վարդապետ, քանի՞ անգամ ներողութիւն պիտի ըսեմ...Աստուած որչա՞փ պիտի հանդուրժէ եւ կամ պիտի համբերէ ինծի»:
Սիրելի քոյրս եւ եղբայրս, Աստուածային համբերութիւնը չի նմանիր մարդկայինին..., բայց այս մէկը չի նշանակեր կանչուած ենք շահագործելու Աստուծոյ անսահման բարութիւնն ու ողորմութիւնը: Յիշենք որպէս մէկական մարդ արարածներ, պահ պիտի գայ ուր մեր ֆիզիքական ներկայութիւնը վերջ պիտի գտնէ այս աշխարհէն, եւ պիտի կանգնինք Աստուծոյ արդար դատաստանին առջեւ՝ հաշիւ ներկայացնելու...արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր պատասխանը:
Սիրելիներ, այսօր կանչուած ենք ուրախ ըլլալու, կանչուած ենք նոր սկսելու եւ կամ վերսկսելու մեր հոգեւոր ճանապարհը եւ ճամբորդութիւնը, եւ ամէնակարեւորը՝ յիշելու թէ մեր Հայրը ողորմած եւ ներող Հայր է (անշուշտ եթէ մեր կողմէն կը տեսնէ փոխուելու առաջադրութիւններ)...բայց վայ մեզի եթէ գիտակցաբար ընտրենք մութը՝ փոխանակ լոյսը, որովհետեւ «Կեանքը Անով սկիզբ առաւ: Եւ կեանքը մարդոց համար լոյսն է, որ խաւարին մէջ կը փայլի. բայց խաւարը չկրցաւ հասկնալ զԱյն» (Յովհ. 1, 4 – 5):
Ուրեմն սիրելի հաւատացեալ քոյրս եւ եղբայրս, այսօր ո՞րմէկը կ՛ընտրես. Լոյսը թէ խաւարը, նորը թէ հինը. Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ