Որոնել

2024.04.07 Conferimento titolo Monsignore a Padre Kevork Bahe Chiesa armena cattolica Damasco

Մշակը արժանի է իր վարձքին (Ղուկ. 10:7) . Հայր Գէորգ Պահէի Գերյարգելիութեան Աստիճանի տուչութիւն

Սիրելի հաւատացեալներ՝ Մի դադրիք աղօթելէ Հ. Գէորգին համար: Միշտ իր կողքին եղէք, որպէսզի Ս. Պօղոսի բառերով ան « ծառայէ ձեզի հաճութեամբ եւ ուրախութեամբ»: Որով մնաք օրհնեալ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեան ամէն:
Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ 6 ապրիլ 2024-ի կէսօրէ ետք,Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ «Թագուհի Տիեզերաց» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ,որու ընթացքին համայնքի ժողովրդապետ Հ.Գէորգ վրդ. Պահէեանը ստացաւ ծայրագոն վարդապետութեան աստիճանը:Ս.Պատարագին ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ հաւատացեալներ,որոնց կը գլխաւորէին պետական ու զինուորական պատասխանատուներ, հայաստանի հանրապետութեան դեսպանի ներկայացուցիչ՝ խորհրդական տիար Ազատ Խաչատրեան ինչպէս նաեւ հիւպատոս Տէր եւ տիկին Վարդան Ադամեան, ազգային միութիւններու եւ մարմիններու,ինչպէս նաեւ հայկական վարժարաններու ներկայացուցիչներ:Իսկ խորանին վրայ տեղ գտած էին հոյլ մը քոյր եկեղեցիներու բարձրաստիճան հոգեւորականներ,եպիսկոպոսներ ու վարդապետներ,գլխաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ.Արմաշ եպս. Նալպանտեանի Դամասկոսի Հայոց Թեմի առաջնորդի ու Արհի Տ. Անդրանիկ եպս. Այվազեանի,Ճեզիրէյի Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդին:

Հայր Գէորգ Պահէի Գերյարգելիութեան Աստիճանի տուչութիւն։
Հայր Գէորգ Պահէի Գերյարգելիութեան Աստիճանի տուչութիւն։

Ս.Պատարագը մատուցանեց համայնքիս վիճակաւոր Արհի Տ. Գէորգ եպս.Ասատուրեանը: Նախքան ընթերցուածներու ու Ս.Աւետարանի ընթերցումը Հ.Գէորգ վրդ Ս. Խորան մուտք գործեց Սարգիս սրկ.Պուրունսուզեանի առաջնորդութեամբ, մինչ երգչախումբը կ՝երգէր «Ուրախ լեր» շարականը: Վարդապետը իր հաւատքի դաւանութիւնը տուաւ Գերապայծառ Տիրոջ առաջ ու ստացաւ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանը խորհրդանշող մատանին,լանջախաչն ու գաւազանը,ներկայ հաւատացեալներու ծափահարութիւններու ընկերակցութեամբ:Այստեղ երգչախումբը հնչեցուց «Դու ես քահանայ յաւիտեան» մաղթերգը: Այնուհետեւ Գեր. Պետրոս վրդ. Մարաշլեան ներկայացուցիչը Զմմառեան միաբանութեան,որ ընկերակցութեամբ տիար Արամ Գարտաղլեանի՝ վարիչ տնօրէն Զալքայի հայ կաթողիկէ Ս.Խաչ հարպոյեանի,մասնաւորապէս ժամանած էր Լիբանանէն,կատարեց Ս.Գրային ընթերցում մը, իսկ Ս.Աւետարանէն հատուած մը կարդացին Գերաշնորհ Տ.Արմաշ եպիսկոպոսն ու Արհի.Տ Անդրանիկ եպիսկոպոսը,հայերէն ու արաբերէն լեզուներով:

Հայր Գէորգ Պահէի Գերյարգելիութեան Աստիճանի տուչութիւն։
Հայր Գէորգ Պահէի Գերյարգելիութեան Աստիճանի տուչութիւն։

 Առաջնորդ Տ.Գէորգ եպիսկոպոս իր քարոզին որպէս բնաբան ընտրած էր «Մշակը արժանի է իր վարձքին» (Ղուկաս 10:7) Տիրոջ խօսքը:Ան վեր առաւ Պահէեան վարդապետին նուիրումը իր հօտին,մանաւանդ պատերազմի դժուար տարիներուն ու թուեց այն արժանիքները որ ունի Հ.Գէորգ  եւ որոնք նկատի ունենալով կը ստանայ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանը:Գերապայծառ Տէրը իր քարոզը եզրափակեց խնդրելով հաւատացեալներէն անդադար աղօթել նոր Գերյարգելիին համար: Ս.Պատարագի աւարտին՝ սրտի խօսք արտասանեց Արհի.Տ.Անդրանիկ եպիսկոպոսը: ՀԿՄ-ի շնորհաւորական խօսքը ներկայացուց Շանթ Քէշիշեան,իսկ «Սիրոյ ընտանիք» սկաուտախումբի անունով ելոյթ ունեցաւ տիար Ժօրժ Նազար:Ի վերջոյ Գերյարգելի Գէորգ ծ. վրդ. Պահէեանը իր երախտագիտական խօսքը յայտնեց: « Կեցոյ Զորդի» մաղթերգի հնչիւններով վերջ գտաւ հոգեպարար արարողութիւնը: Առաջնորդարանի դահլիճի մուտքին Գերապայծառ Տէրն ու Գերյարգելին հատեցին կարկանդակը, ապա ընդունեցան շնորհաւորոոթիւնները ներկաներուն:Եկեղեցւոյ բակին մէջ սարքուած էր կոկիկ հիւրասիրութիւն մը,մինչ «Սիրոյ ընտանիք أسرة المحبة» սկաուտներու շեփորախումբը կը կատարէր ազգային ու տօնական նուագներ:

Կիրակի 7 ապրիլի առաւօտեան՝ « Նոր Կիրակիի» Ս.Պատարագը մատոյց Հ.Գէորգ ծայրագոյն վարդապետը:Աւարտին՝ ՀԿՄ-ի Տիկնանց վարչութեան անդամուհիները շնորհաւորեցին Հ.Գէորգը ու այս առթիւ զինք պատուեցին յիշատակի նուէրով:

Աղբիւրը` Դամասկոսի ՀԿՄ դիմատետր

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/04/2024, 07:42