Որոնել

 Հոգեւոր Տէրը եւ Զահլէի «Ֆաթիմայի Տիրամայր» Հ. Կ. Ժողովրդապետութեան նորակազմ ծխական խորհուրդի անդամները Հոգեւոր Տէրը եւ Զահլէի «Ֆաթիմայի Տիրամայր» Հ. Կ. Ժողովրդապետութեան նորակազմ ծխական խորհուրդի անդամները 

Հոգեւոր Տիրոջ այցելեց Զահլէի «Ֆաթիմայի Տիրամայր» Հ. Կ. Ժողովրդապետութեան նորակազմ ծխական խորհուրդը

Ամենպտ. եւ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը հրճուանքով օրհնեց, շնորհաւորեց, ու քաջալերեց իր ացելուները, ինչպէս նաեւ առարկայական ցուցմունքներ տուաւ անոնց՝ Զահլէի մեր Ժողովրդապետութեան թէ՛ ներքին ու թէ՛ արտաքին վերելքին համար:

Չորեքշաբթի, 3 Ապրիլ 2024, երեկոյեան ժամը 6-ին, Զահլէի «Ֆաթիմայի Տիրամայր» Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութեան նորակազմ Ծխական Խորհուրդը, առաջնորդութեամբ հոգեւոր Հովիւին՝ Տ. Ալիշան Քհ. Աբարդեանի, այցելեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին, Աշրաֆիէի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ՝ մեր Եկեղեցապետը շնորհաւորելու Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, ինչպէս ալ անոր հայրական հաւանութիւնն ու օրհնութիւնը խնդրելու համար։

Յիշենք, որ առաջին անգամ ըլլալով՝ Զահլէի Հայ Կաթողիկէ Համայնքն ունեցաւ իր երկսեռ Ծխական Խորհուրդը, որ եօթը անդամներէ կազմուեցաւ՝ ընդառաջելով Հոգեւոր Տիրոջ հրահանգին (Յունուար 2024-ին):

Շաբաթ, 24 Փետրուար 2024-ին իր առաջին ժողովը գումարած Խորհուրդին կը նախագահէ եկեղեցիին ժողովրդապետը, իսկ անդամ-անդամուհիներն են Պրն. Իպրահիմ Ահմարանի (ատենապետ), Տիկ. Սամիրա Կէտիկեան (ատենադպիր), Տիկ. Ռանիա Ճրճըս (գանձապահ), Տիկ. Աստղիկ Չելեզեան Պրն. Էլի Հաքէմ, Պրն. Էլի Գարզուն եւ Պրն. Թոնի Ճէպեան (խորհրդականներ):

Ամենպտ. եւ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը հրճուանքով օրհնեց, շնորհաւորեց, ու քաջալերեց իր ացելուները, ինչպէս նաեւ առարկայական ցուցմունքներ տուաւ անոնց՝ Զահլէի մեր Ժողովրդապետութեան թէ՛ ներքին ու թէ՛ արտաքին վերելքին համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/04/2024, 08:00