Որոնել

Սրբուհի Ֆաուսթինան Սրբուհի Ֆաուսթինան 

Սրբուհի Ֆաուսթինա եւ Աստուածային ողորմութեան տօնը

Աստուածային Ողորմութեան օրը յատուկ օր մըն է, ուր իւրաքանչիւր մեղաւոր առիթը ունի, իր անցեալը Ողորմած Աստուծոյ ձեռքը ձգել եւ ամէն բան նոր սկսելու։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Յառաջիկայ կիրակի` 7 ապրիլին եկեղեցին կը յիշատակէ Աստուածային ողորմութեան տօնը։ Արդարեւ Զատկուայ յաջորդող առաջին Կիրակին, զոր հայկական ծէսի օրացոյցին համաձայն կը կոչուի Նոր Կիրակի, Տօնն է Աստուածային Ողորմութեան։

Աստուածային Ողորմութեան օրը յատուկ օր մըն է, ուր իւրաքանչիւր մեղաւոր առիթը ունի, իր անցեալը Ողորմած Աստուծոյ ձեռքը ձգել եւ ամէն բան նոր սկսելու։

Հռոմի Եկեղեցին որոշած է Աստուածային սիրոյ Ողորմութեան տօնը կատարել մեկնելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խնդրանքէն, որ անցեալ դարու ընթացքին ինքզինք յայտնեց` որպէս տոգորուած սիրոյ ողորմութեամբ, գլխաւորապէս երկու անձերու, Սրբուհի Ֆաուսթինա Քովալսքա անունով լեհ մայրապետին եւ Քոյր Սբերանցային, այս վերջինս վախճանեցաւ 1983-ին եւ հիմնեց Ողորմած Սիրոյն զոյգ միաբանութիւնները, քոյրերու եւ վարդապետներու, ինչպէս նաեւ շինել տուաւ սքանչելի սրբավայր մը` Իտալիոյ Ումպրիա շրջանի` Քոլլեվալենցա գիւղին մէջ։

Աստուածային Ողորմութեան կիրակին հաստատուած է երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին կողմէ, Քոյր Ֆաուսթինա Քովալսքայի սրբադասումին օրը՝ 30 ապրիլ 2000ին։ Նոյնինքն Յիսուսն է` որ Քոյր Ֆաուսթինայէն խնդրած է յիշատակել այդ օրը. «Կը փափաքիմ որ ողորմութեան տօնը ըլլայ ապաստան ու պատսպարան բոլոր հոգիներուն։ Մարդկութիւնը խաղաղութիւն պիտի չգտնէ մինչեւ որ չդիմէ իմ ողորմութեանս ակնաղբիւրին (Օրագիր 699)» ըսած էր Յիսուս Քոյր Քովալսքային։

Սրբուհի Ֆաուսթինա, մկրտութեան անունով Հեղինէ, ծնած է 1905թ.ի Օգոստոսի 25-ին Լեհաստանի մէջ. 20 տարեկան հասակին մտած է Վարշաւայի Սրբուհի Կոյս Մարիամ Ողորմութեան Քոյրերու Միաբանութիւն եւ 1938թ.ի Հոկտեմբերի 5-ին, երբ հազիւ 33 տարեկան էր, իր երկրաւոր կեանքը աւարտեց։

1993թուականի Ապրիլի 18-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի կողմէն Ան հռչակուեցաւ Երանելի, եւ 2000 թուականի Ապրիլի 30-ին, զայն Սուրբ հռչակեց։ Անոր աճիւնները կը հանգչին Քրաքովիայի Աստուածային Ողորմութեան ուխտավայրին մէջ։

Վանական կեանքի քիչ տարիներու ընթացքին Սրբուհի Ֆաուսթինան ապրեցաւ ամենապարզունակ ու համեստ կեանքով, բայց իր հոգեւոր կեանքը շատ բարձր ու խոր էր. ունեցաւ երկնաւոր տեսիլքներ, հիմնականին մէջ Յիսուսի կեանքի ու չարչարանքներու հետ կապուած. բայց ամէնակարևոր պատգամը, որ ստացաւ Յիսուսէն՝ եղաւ Աստուածային Ողորմութեան ջերմեռանդութեան իննօրեան։

Այս ջերմեռանդութեամբ Յիսուս կու գայ բոլորիս ըսելու, որ օգտուինք իր Աստուածային Ողորմութիւնէն, ապաւինենք իր Սուրբ Սրտին ու ապաշխարենք, քանի մօտ է Աստուածային Արդարութեան պահը, որուն ընթացքին Աստուած այլևս մեզի հետ պիտի խօսի Արդարութեան լեզուով։

Ան որ այս Իննօրեան կատարէ իսկապէս զղջացած սրտով, մեղքերը խոստովանի, եւ Սուրբ Զատիկի յաջորդ Կիրակի օրը՝ Ողորմութեան Կիրակին, (Նոր Կիրակի) Սուրբ Հաղորդութիւն ստանայ՝ Յիսուս կը խոստանայ ներել անոր բոլոր մեղքերն ու մեղքերու պատիժները։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԴԱՐԱՆ

Յիսուս յայտնած եւ կամեցած է նաեւ, որ Ողորմութեան Տօնէն առաջ (Կարմիր կիրակի) կատարուի Աստուածային ողորմութեան Վարդարանը որ կը սկսի Աւագ Ուրբաթ օրուընէ եւ նախընտրելի է, որ ան կատարուի ամէն օր՝ ժամը 15։00-ին՝ Յիսուսի մահուան ժամին։

Յիսուս սրբուհի Ֆաութինային ըսած է. «Ես կը կամենամ, որ այս ինը օրերու ընթացքին դուն հոգիները բերես Իմ ողորմութեան աղբիւրի մօտ, որպէսզի անոնք այնտեղէն քաղեն ուժ, թարմութիւն և շնորհք, որուն կարիքն ունին դաժան կեանքի ընթացքին, և յատկապէս՝ իրենց մահուան ժամանակ»:

«Իւրաքանչիւր օր դուն Իմ Սրտին մօտ պէտք է բերես հոգիներու տարբեր խումբեր, որպէսզի անոնք ընկղմին Իմ ողորմութեան այս ովկիանոսի մէջ, իսկ Ես այս բոլոր հոգիները կը տանիմ Իմ Հօր տուն: Դուն այս ընելու ես երկրային այս կեանքի և գալիք կեանքի մէջ: Ես ոչինչ չեմ մերժեր այն հոգիին, որ դուն պիտի բերես Իմ ողորմութեան աղբիւրի մօտ...»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/04/2024, 08:57