Որոնել

Հարաւային Արաբիոյ Առաքելական Փոխանորդ Գերապայծառ Փաոլօ Մարթինելլին ելոյթ ունեցած է Ապու Տապիին մէջ Հարաւային Արաբիոյ Առաքելական Փոխանորդ Գերապայծառ Փաոլօ Մարթինելլին ելոյթ ունեցած է Ապու Տապիին մէջ 

Միջ կրօնական կրթութիւնը մարդկութիւնը կը դարձնէ աւելի եղբայրական․ Գերապայծառ Մարթինելլի

Հարաւային Արաբիոյ Առաքելական Փոխանորդը ելոյթ ունեցած է Ապու Տապիի մէջ «Convening of Champions. Ethics Education to Contribute to Global Citizenship and Build Inclusive and Peaceful Societies» բնաբանը կրող հանդիպումին․ Կրօնները՝ բազմազանութեան հանդէպ ամենէ խոր յարգանքով, կոչուած են համատեղ ճանապարհ անցնիլ՝ յանուն մարդկութեան բարօրութեան
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Կրօնական հարթութիւնը վստահաբար կրթական փորձի բաղկացուցիչ մասն է: Կրօնը, յիրաւի, կը թափանցէ մարդաբանական փորձառութեան սիրտ, քանզի կը հայի ամէն մէկ անձի յարաբերութիւններուն Աստուծոյ հետ, որպէսզի համագործակցի բարի կամքի բոլոր մարդոց հետ աւելի մարդկային եւ եղբայրական հասարակութեան համար»: Այս մասին յայտարարած է Հարաւային Արաբիոյ Առաքելական Փոխանորդ Գերապայծառ Փաոլօ Մարթինելլին, որ 29 Ապրիլին ելոյթ ունեցած է Ապու Տապիին մէջ «Convening of Champions. Ethics Education to Contribute to Global Citizenship and Build Inclusive and Peaceful Societies» բնաբանը կրող հանդիպումին, որուն նախաձեռնողներէն են Մարդկային եղբայրութեան կոմիտէն եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն:

Յարգանք բազմազանութեան նկատմամբ

Քահանայապետական Միսիոներական Գործունէութեան պատկան Ֆիտես լրատու գործակալութեան հաղորդմամբ, Գերապայծառ Մարթինելլին հաստատած է, որ Մարդկային Եղբայրութեան մասին փաստաթուղթը՝ ստորագրուած Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայեպի կողմէ, ընդլայնած է «միջ կրօնական կրթութեան» հայեցակարգը, ինչը «կ’աճէ ժողովուրդներու եւ կրօններու գիտակցութեան մէջ»:

«Եթէ ​​ամէն ուրոյն կրթական փորձ յոյսի ուղի է դէպի ապագայ, ապա միջ կրօնական կրթութիւնը առ աւելիով մեծ յոյս կը հաղորդէ ողջ մարդկութեանը, քանի որ աւելի եղբայրական եւ մարդկային հասարակութիւն ստեղծելու հնարաւորութիւն է, ուր կայ հանդուրժողականութիւն, համակեցութիւն, համերաշխութիւն եւ ընկերային բարեկամութիւն», յղում կատարելով վերոնշեալ փաստաթուղթին՝ նշած է Գերապայծառ Մարթինելլին։

Ան շեշտած է, որ «կրօնները՝ բազմազանութեան հանդէպ ամենէ խոր յարգանքով, կոչուած են համատեղ ճանապարհ անցնիլ, որտեղ տարբեր դաւանանքներու հաւատացեալները կը սորվին ճանչնալ եւ յարգել մէկը միւսին՝ միասին առաջ մղելով բարոյագիտական եւ հոգեւոր արժէքները՝ յանուն մարդկութեան բարօրութեան»:

«Նոր սերունդները մեծահասակներէն կը խնդրեն վկաներ դառնալ, որ խաղաղ աշխարհը հնարաւոր է» ըսած է Հարաւային Արաբիոյ Առաքելական Փոխանորդը իր խօսքի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2024, 08:00