Եկեղեցական գիտելիքներ Երկրորդ Շաբաթ Յինանց (7_14 Ապրիլ 2024)
Յինանց շրջանի երկրորդ շաբաթուայ մէջ կը մտնենք, ուր արդէն Սուրբ Պատարագի ընթացքին` կը սկսինք կարդալ Յովհաննէսի աւետարանը հետեւողական կերպով, սկսելով առաջին գլուխէն մինչեւ 13-րդ գլուխը, Պենտնկոստէէն առաջ։
Նոյն ատեն, ընթերցուածներէն առաջ կը կարդացուին երեք սաղմոսներ փոխան երկուքի, եւ այդ` սաղմոսարանի մէն մի սաղմոսի առաջին համարը։ Այսպէսով, 150 սաղմոսներու առաջին համարները կը կարդացուին յինանց 50 օրերուն ընթացքին։
Կիրակի 7 Ապրիլը` նոր կիրակի կը կոչուի, որովհետեւ կը սկսի նոր շրջան մը, Յարուցեալ Քրիստոսի շրջանը։ Այդ օրուընէ սկսեալ, կարելի է եկեղեցիներու մէջ պսակ կատարել, տօնակատարութիւն ու խրախճանք ընել սրահներու մէջ, առանց արգելքի, որով մեծ պահքի շրջանը անցած է։
Նոր Կիրակիի աւետարանը մեզի կ՛ընծայէ սքանչելի նախերգանքը Յովհաննէս աւետարանչին, որ կը խօսի Աստուծոյ խօսքին մասին. Բանն Աստուծոյ, սկիզբէն գոյութիւն ունէր եւ անով ստեղծուեցաւ աշխարհը. Ժամանակներու լրումին` ան իջաւ մարդկութեան մէջ, մարմնացաւ ու մարդացաւ եւ եղաւ մեզի նման որպէսզի մեզ փրկէ սատանայի գերութենէն. Մեզ ազատեց խաւարէն ու դրաւ ճշմարտութեան լոյսին տակ. Ուստի որպէսզի օգտուինք իր բերած շնորհքէն, հարկ է որ ընդունինք իր պատգամը եւ մնանք լոյսի ենթակայ, դուրս ելլելով մեղքի խաւարէն։
Հռովմի Եկեղեցին տօնեց այդ օր` Ողորմած սիրոյն տօնը, հաստատուած Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Սրբազան Պապին կողմէ։ Քրիստոսի այս նոր անունով` որ է Ողորմած սէր, Եկեղեցին կ՛ուզէ ցոյց տալ թէ Աստուծոյ Որդին չէ եկած որպէս խիստ դատաւոր, դատելու եւ դատապարտելու մեղաւոր մարդկութիւնը, այլ կը ներկայանայ որպէս անհունօրէն գթած ու ողորմած, որ կու գայ ներելու նոյնիսկ ամենամեծ մեղաւորին. Իր փափաքն է որ բոլոր մարդիկ դառնան իրենց յանցաւոր ու սխալ կեանքէն դէպի առաքինի ու սիրով լեցուն կեանք մը։
Եթէ աստուածային արդարութիւնը գործէր մարդկութեան վրայ, աշխարհի վերջը պէտք էր եկած ըլլալ, ինչպէս տեղի ունեցաւ ջրհեղեղի շրջանին, կամ թէ Սոդոմ եւ Գոմոր քաղաքներու կործանման օրը. Սակայն Տիրոջ ծրագիրը տարբեր է, ան կ՛ուզէ փորձ մը ընել մարդկութիւնը դարձի բերելու. Այս նոր դարը, Աստուծոյ ողորմած սիրոյն դարն է։ Ան դառնալու է հոգւոյ տիրապետութեան դարը, նիւթապաշտութենէն ազատագրման դարը, որպէսզի պայքարը որ կը մղուի չարին դէմ, ըլլայ արդիւնաւոր ու պտղաբեր։
Երկուշաբթի 8 ապրիլին տօնն է Տիրամօր Սուրբ Աւետման, հայ կաթողիկէ եկեղեցին Աւետման տօնը կը կատարէ 25 մարտին, որ այս տարի աւագ երկուշաբթի էր, ասոր համար Աւետումը կը տօնենք ապրիլին:
Աւետում կը նշանակէ բարի լուր: Մինչ Մարիամ կ՛աղօթէր, Գաբրիէլ հրեշտակը կ՛ողջունէ և կ ՛աւետէ որ Ս հոգւոյն զօրութեամբ պիտի յղանայ և պիտի ծնի Աստուածորդին՝ մարդկութեան փրկիչը: Մարիամի պատասխանը կ՛ըլլայ. «Ես Տիրոջ աղախինն եմ, թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն»:
Կիրակի 14 Ապրիլ Յինանց Գ. Կիրակին Աշխահամատրան կիրակի է,
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ