Աշարհամատրան կամ Կանաչ Կիրակի (Յովհ.. 2, 23 – 3, 12) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը
Այսօր սիրելիներ կը սկսինք Յինանց շրջանի Երրորդ Կիրակին, որ նաեւ կոչուած է Աշարհամատրան Կիրակի եւ կամ Կանաչ Կիրակի:
Անցեալ կիրակի խօսեցանք թէ ինչպէս կանչուած ենք Նոր Կեանք մը սկսելու՝ Քրիստոսի Յարութեամբը եւ Անոր անսահման Ողորմութեամբը շնորհիւ, եւ այսօր կը շարունակենք այս նոյն գաղափարը եւ կամ միտքը՝ որպէս առիթ կրկին վերաքննելու մենք մեր անձերը եւ տեսնելու համար, թէ իսկապէս այս մէկ շաբթուան ընթացքին մեր մէջ բան մը փոխուեցաւ թէ ոչ:
Սկսինք մեր կիրակնօրեայ մտածականը
Մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածին առաջին մասը կ՛ըսէ. « Զատիկի տօնին, մինչ Յիսուս Երուսաղէմ կը գտնուէր, շատեր հաւատացին Իրեն, երբ տեսան Անոր գործած հրաշքները: Սակայն Յիսուս ինքզինք չէր վստահեր անոնց, որովհետեւ բոլորն ալ կը ճանչնար եւ պէտք չունէր ոեւէ մէկուն մասին ուրիշին վկայութեան, քանի Ինք գիտէր թէ ինչ կայ մարդոց սրտին մէջ» (Յովհ. 2, 23 – 25):
Ի՞նչ կրնանք հասկնալ եւ կամ գաղել այս հատուածէն.
1. Մենք որպէս մարդ արարածներ, ընդհանրապէս կը հաւատանք մեր տեսածին եւ լսածին (որոնք կրնան նաեւ կեղծ եւ կամ սուտ ըլլալ) եւ ոչ թէ չտեսածին եւ չլսածին (Հոգեւոր աշխարհը՝ որ անհերքելի ճշմարտութիւն մըն է, նոյնիսկ եթէ մեր մարդկային աչքերով զայն բոլորս չենք տեսներ):
2. Կանչուած ենք զանազանելու հաւատքը՝ հասկնալէն:
3. Ժողովուրդը հաւատաց Քրիստոսի, որովհետեւ տեսաւ Անոր գործած հրաշքները. մենք ինչո՞ւ կը հաւատանք...կրնա՞նք հաւատալ առանց հրաշք տեսնելու (այս մէկը չի նշանակեր թէ մենք մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ չենք ապրիր ու չենք տեսներ հրաշքներ):
4. Քրիստոս մեր անձերը շատ լաւ կը ճանչնայ:
5. Քրիստոս ոչ թէ միայն մեզ լաւ կը ճանչնայ, այլ նաեւ քննողն է մեր սիրտը եւ անոր խորհքը:
6. Մենք մեր կեանքին մէջ քանիցս որոշում առած ենք նոր կեանք մը սկսելու՝ Քրիստոսով եւ Քրիստոսի հետ, եւ սակայն չենք յաջողած...ուրեմն պէտք ենք յանձնո՞ւիլ:
Այստեղ հարց տալով պիտի ըսէք սիրելիներ. « լաւ վարդապետ, ինչպէ՞ս կրնանք այս մեր հաւատքի եւ որոշում առնելու հարցը լուծել. ձեւ մը կա՞յ»:
Մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածին երկրորդ մասը կ՛ըսէ. « Յիսուս պատասխանեց. Հաստատ գիտցիր, որ եթէ մէկը ջուրէն եւ Հոգիէն չծնի՝ չի կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել, որովհետեւ մարմինէն ծնածը մարմին է, իսկ հոգիէն ծնածը՝ հոգի: Դուն մի զարմանար, որ քեզի ըսի՝ թէ պէտք է վերստին ծնիք: Հովը ուր որ ուզէ կը փչէ. Դուն անոր ձայնը կը լսես, բայց չես գիտեր թէ ուրկէ կու գայ եւ ուր կ՛երթայ: Նոյնպէս են բոլոր անոնք, որոնք Հոգիէն կը ծնին» (Յովհ. 3, 5 – 8):
1. Երբ փոքր էինք, բոլորս եւ կամ մեզմէ շատեր կրկին ծնան Եկեղեցւոյ արգանդէն (մկրտութեան աւազանին մէջ):
2. Միայն ջուրով ծնիլը բաւարար չէ սիրելիներ, այլ նաեւ կանչուած ենք ծնելու Հոգիէն:
3. Ս. Հոգիէն ծնիլ կը նշանակէ կեանք մը ունենալ՝ առաջնորդուած Անկէ եւ Անով, ինչպէս նաեւ խոստովանարանէն անցնելով՝ ունենալ զղջումով լեցուն իրավիճակ մը:
4. Յիշել որ մարմինը պէտք ունի դաստիարակութեան. պարտինք դաստիարակել նախ մեր հոգին, որպէսզի ինքնաբերաբար դաստիարակուի մեր մարմինը:
Ահաւասիկ սիրելիներ թէ մեզմէ ինչ կը պահանջէ մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածը. կանչուած ենք միշտ հսկելու մենք մեր անձերուն վրայ, ինչպէս նաեւ խնդրելու Ս. Հոգիին մխիթարութիւնը եւ Անոր ուղղութիւնը, որպէսզի ոչ թէ միայն մեր մէջ փոփոխութիւններ տեղի ունենան, այլ նաեւ հիմնուինք ապահով ժայրի մը վրայ՝ ուր ոչ մէկ փոթորիկ կարողանայ քանդել մեր մարմինները, որոնք կոչուած են Ս. Հոգիին տաճարները. Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ