Որոնել

2023.01.28 Gesù che predica sul monte

Յինանց շրջանի հինգերորդ Կիրակին (Յովհ . 7, 14 – 23)- Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը

Երեւոյթներէն մի՛ դատէք, այլ արդար դատաստան կատարեցէք ( Յովհ. 7, 19 – 24):
Ունկնդրէ լուրը

Այսօր սիրելիներ, կը սկսինք Յինանց շրջանի հինգերորդ Կիրակին որ արդէն իսկ պատրաստութիւնն է Քրիստոսի Համբարձման Տօնին (որ այս տարի կը տօնուի Մայիսի 9 ին):

Առնենք մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածին երկրորդ մասը սիրելիներ, եւ տեսնենք թէ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ինչ նամակ ունի մեզի փոխանցելիք ՝ անոր ընդմէջէն եւ մեզմէ ամէն մէկուն: Հատուածը կ՛ըսէ. «Մովսէս ձեզի Օրէնքը չտուա՞ւ. սակայն ձեզմէ ոչ ոք կը հնազանդի օրէնքին: Ինչո՞ւ կ՛ուզէք զիս սպաննել: Ժողովուրդը պատասխանեց. դիւահա՞ր ես, ի՞նչ ես. ո՞վ կ՛ուզէ քեզ սպաննել: Յիսուս պատասխանեց. Հրաշք մը գործեցի եւ բոլորդ վրդովեր էք: Մովսէս հրահանգեց թլփատել ձեր զաւակները – թէեւ Մովսէս չէր սկսողը, այլ ձեր նախահայրերը – եւ դուք ձեր զաւակները կը թլփատէք Շաբաթ օրով: Եթէ մէկը կը թլփատէք Շաբաթ օրով, որպէսզի չբեկանուի Մովսէսի Օրէնքը, ինչո՞ւ զայրացած էք ինծի դէմ, որովհետեւ մէկը ամբողջութեամբ բժշկեցի Շաբաթ օրով: Երեւոյթներէն մի՛ դատէք, այլ արդար դատաստան կատարեցէք ( Յովհ. 7, 19 – 24):

1. Յիշենք որ՝ թէ Հին կտակարանին մէջ եւ թէ ալ Նոր կտակարանին մէջ մեզի տրուած են օրէնքներ եւ կամ ուղղութիւններ, որպէսզի անոնց հետեւելով եւ զանոնք գործադրելով՝ կարողանանք Քրիստոսի աւելի մօտենալ, ինչպէս նաեւ կազմակերպել մեր Հոգեւոր եւ Ֆիզիկական վիճակը:

2. Բնական է որ Շաբաթը մարդուս համար եղած է եւ ոչ թէ մարդս՝ Շաբաթ օրուան համար, բայց այս մէկը չի նշանակեր թէ պէտք չէ յարգել եւ կամ պահել կարգը եւ կանոնը (այսօր ինչ որ կը տեսնենք եւ կը պատահի մեր շուրջը եւ աշխարհի չորս ծագերուն ...օրինակ առնենք տիեզերքը):

3. Կանչուած ենք հնազանդելու եւ պահելու օրէնքը, որովհետեւ սատանան կ՛աշխատի այնտեղ որտեղ Աստուած չկայ, այսինքն՝ այնտեղ որտեղ կարգ եւ կանոն չկայ:

4. Երբ հեռու ենք կարգ ու կանոն է (ինչպէս նաեւ Աստուծմէ), այդ ժամանակ է որ Քրիստոս մեզմէ ամէն մէկուն կ՛ըսէ եւ կամ պիտի ըսէ. «Ինչո՞ւ կ՛ուզէք զիս սպաննել»:

5. Քրիստոսը սպաննել կը նշանակէ՝ շարունակել մնալ , ապրիլ եւ գոյատեւել մեղքին եւ անոր ազդեցութեանը տակ: Մեղքը ընտրել կը նշանակէ՝ Քրիստոս մերժել:

6. Մենք որպէս մարդ արարածներ, քանիցս Քրիստոսի ըսած ենք եւ կամ կ՛ըսենք հետեւեալ նախադասութիւնը. «դիւահա՞ր ես, ի՞նչ ես. ո՞վ կ՛ուզէ քեզ սպաննել»:

7. Սիրելիներ, երբ հեռու ենք Քրիստոսէ, միայն զԻնք չէ որ կը սպանենք՝ այլ նաեւ մենք մեր անձերը, որովհետեւ մարդ արարած չի կրնար ապրիլ առանց Աստուծոյ...մի՛ համոզէք դուք ձեզի եւ ոչ ալ ուրիշներուն՝ որ մենք կարող ենք ապրիլ առանց Քրիստոսի, որովհետեւ այս պարագային պիտի կոչուինք կարծեցեալ մարդ՝ եւ ոչ թէ տրամաբանութեամբ եւ Աստուծոյ հոգիով օժտուած, ապրող, շնչող եւ գործող էակ:

8. Ոչ թէ միայն կ՛ուզենք Քրիստոս սպաննել մեր արարքներով, այլ կը զայրանանք Անոր դէմ: Կը զայրանանք որովհետեւ մեր հոգին է որ մեզ կը տանջէ երբ հեռու ենք Անկէ...կը զայրանանք որովհետեւ չենք ուզեր ընդունիլ թէ Ինք գոյութիւն ունի...կը զայրանամ որովհետեւ չեմ ուզեր ընդունիլ թէ իմ «ես» ը պէտք է նսեմանայ՝ որպէսզի Ինք բարձրանայ եւ դառնայ միակ Տէրը եւ Արարիչը այս մարմինին...կը զայրանամ՝ որովհետեւ չեմ ուզեր ընդունիլ եւ կամ տեսնել իմ խեղճութիւնս...ինչո՞ւ:

9. Որովհետեւ մենք կը սիրենք եւ կամ կ՛ուզենք երեւոյթները դատել եւ ոչ թէ կատարել արդար դատաստան: Պիտի ըսէք. «լաւ ինչպէ՞ս վարդապետ»:

10. Մեզ կը հետաքրքրէ երեւոյթը, արտաքինը, մակերեսային կեանքը, մարդիկը եւ այն ինչ որ աշխարհը եւ կամ չարը մեզի կու տայ (հաճոյքը, դրամը, տիտղոսը, անունը...) եւ ափսոս որ չենք ընդունիր եւ կամ մեզ չի հետաքրքրեր երկնայինը, երկինքը, հոգեւորը եւ կամ սրբութիւնները... մէկ խօսքով՝ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ:

Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան աւետարանի հատուածի բաժինէն քաղուած փոքրիկ մտածական մը, որ մեզմէ կը պահանջէ հետեւեալ փոփոխութիւնները մեր առօրեայ կեանքին մէջ. ընդունինք Քրիստոսը, զԻնք չփոխանակենք ոչ մէկ ուրիշ բանի եւ կամ անձի հետ, ընդունինք մեր մեղաւոր եւ խեղճ ըլլալը եւ սկսինք փնտռել երկնայինը՝ որ է Ճշմարիտը եւ ոչ թէ սուտը եւ կամ կեղծը, որպէսզի այս պահէն սկսեալ՝ մեր կեանքը ունենայ իր արժէքը, եւ երբ սպասեալ պահը հասնի, չըսենք եւ կամ չ՛օգտագործենք «ԵՐԱՆԻ» բառը, որովհետեւ այժմէն իսկ ձեզ կրնամ վստահեցնել թէ՝ անիմաստ պիտի ըլլայ:

Այսօր է օրը սիրելի քոյրս եւ եղբայրս, եւ այսօրուան գործը եւ կամ պարտականութիւնը՝ վաղուայ մի ձգեր. Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2024, 07:47