Որոնել

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը եւՇիիթ Համայնքին Գերագոյն Խորհուրդին փոխնախագահը՝ Շէյխ Ալի Խաթիպ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը եւՇիիթ Համայնքին Գերագոյն Խորհուրդին փոխնախագահը՝ Շէյխ Ալի Խաթիպ, 

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին այցելութիւնը Շիիթ Համայնքին Գերագոյն Խորհուրդին Փոխնախագահին

Այցելութեան աւարտին՝ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը ըսաւ իր խօսքին մէջ. «Նախ՝ այս ուրախ առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք յարգարժան Շէյխին, որ Մեզի առիթը շնորհեց կատարելու այս եղբայրական այցելութիւնը, որուն նպատակն է հոգեւորականներուն միջեւ ամրապնդել հաւատարմութիւնը, համակեցութիւնն ու փոխադարձ սէրը: Նոյն ժամանակ՝ անոնք տիպար օրինակ հանդիսանան մեր ընկերութեան, որուն մէջ կ'ապրինք:
Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2024-ին, Շիիթ Համայնքին Գերագոյն Խորհուրդին փոխնախագահը՝ Շէյխ Ալի Խաթիպ, այսօր կէսօրին, իր կենդրոնին մէջ ընդունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը, ընկերակցութեամբ՝ Տ. Կարապետ Քհնյ. Թադէոսեանի եւ Պատրիարքարանին արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Շարպէլ Պասթուրիի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Շիիթ Գերագոյն Խորհուրդին անդամը՝ Շէյխ Հասան Ապտալլա, պրն. Հիւսէյն Հիժազի, գրասենեակին տնօրէնը՝ Շէյխ Ահմատ Շըհատէ, լրատուական խորհրդականը՝ Ուասէֆ Աուատա եւ Խորհուրդին քարտուղարը՝ Մոհամմատ Րէզք: Անոնք քննարկեցին ազգային ու կրօնական հարցեր, ինչպէս նաեւ անդրադարձան Լիբանանի եւ տարածաշրջանի զարգացումներուն, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի Կազայի մէջ ցեղասպանութեան պատերազմին ու Լիբանանի դէմ տեղի ունեցած վայրագ յարձակումներուն:

Ներկաները նոյնպէս արծարծեցին ներքին խնդիրները եւ ընդգծեցին քաղաքական համաձայնութեան կարեւորութիւնը՝ երկիրը դիմագրաւած քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական առօրեայ ծանր հարցերը լուծելու համար: Ամենպտ. Հոգեւոր Տէրը Շէյխ Խաթիպին նուիրեց խորհրդանշական շքանշան մը, որ Աստուծոյ անուան տակ կը համախմբէ Լիբանանի բոլոր համայնքները:

Այցելութեան աւարտին՝ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը ըսաւ իր խօսքին մէջ. «Նախ՝ այս ուրախ առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք յարգարժան Շէյխին, որ Մեզի առիթը շնորհեց կատարելու այս եղբայրական այցելութիւնը, որուն նպատակն է հոգեւորականներուն միջեւ ամրապնդել հաւատարմութիւնը, համակեցութիւնն ու փոխադարձ սէրը: Նոյն ժամանակ՝ անոնք տիպար օրինակ հանդիսանան մեր ընկերութեան, որուն մէջ կ'ապրինք: Քննարկեցինք նաեւ երկրին մէջ տիրող ներկայ խնդիրները, հաստատելով՝ որ բոլորս այս սիրելի երկրին ծառայութեան, բարգաւաճումին ու միասնականութեան համար կը գործենք»:

Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին առընչութեամբ հարցումի մը պատասխանելով՝ Հոգեւոր Տէրը յայտնեց.«Կը մաղթենք, որ հանրապետութեան նախագահն ունենանք, սակայն, դժբախտաբար, ներքաղաքական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ համաշխարհային կացութիւնը, դժուարութեան առջեւ կը գտնուին»:

Շէյխ Խաթիպը իր կարգին ըսաւ.«Անշուշտ, կ'ողջունենք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, որ իրականութեան մէջ կ'այցելէ իր տունն ու բոլոր լիբանանցիներուն տունը: Ամենպտ. Հոգեւոր Տիրոջ եւ հայ համայնքին հետ իւրայատուկ կապեր ունինք, ինչպէս է ըլլայ պարագան լիբանանեան այլ համայնքներուն հետ, որովհետեւ բոլորս կը հաւատանք, որ Լիբանան եթէ զանազան համայնքներով յատկանշուած է, ապա, ուրեմն, անիկա հարստութիւն է Լիբանանի համար: Ասկվ պէտք է օգտուին ղեկավարները ի խնդիր Լիբանանի շահին ու անոր ժողովուրդին միասնականութեան, ինչպէս նաեւ դիմագրաւելու համար բոլոր վտանգները, որոնք կը սպառնան անոր գոյութեան, մանաւանդ իսրայէլեան յարձակումը, որ առօրեայ դրութեամբ կը սպաննէ Կազայի եւ Պաղեստինի ժողովուրդը, եւ ինչպէս միշտ անոր գոյութենէն ի վեր՝ կը հարուածէ Լիբանանի հարաւը:

Հետեւաբար, այս ժողովներն ու հանդիպումները բնական են մեր միջեւ եւ նոյն ժամանակ անհրաժեշտ են, մանաւանդ այս հանգրուանին՝ դիմակայելու համար վտանգաւոր զարգացումներուն եւ երկրին ներքին պայմաններուն՝ առօրեայ քաղաքական տագնապներուն կողքին: Դժբախտաբար, այդ բոլոր իրղութիւնները պէտք է ըլլան ազգային միասնականութեան, լիբանանեան գերիշխանութեան եւ լիբանանցի ժողովուրդին պահպանումին հովանիին տակ»:

Ան աւելցուց. «Այս հոգեւոր համակեցութիւնը պէտք է նկատի առնուի քաղաքական ղեկավարներուն կողմէ՝ հոգ տանելու համար երկրին միասնականութեան եւ պահելու անոր շահերը: Անոնք պէտք է իրագործեն իրենց յանձնուած պատասխանատուութիւնները՝ այս խնդիրները լուծելու համար, եւ վտանգի պարագային՝ երկիրը պահելու համար:

Հիմա քան երբեք, այս վտանգները մեր առջեւ են, ուստի, միշտ կոչ կ'ուղղենք դուրս գալու այս դատարկ իրավիճակէն եւ ուղղուելու դէպի երկխօսութեան ու համաձայնութեան սեղանը, որովհետեւ առանց երկխօսութեան՝ կարելի չէ լուծումներու հասնիլ, եւ հետեւաբար՝ հանրապետութեան նախագահին ընտրութեան ու սահմանադրական հաստատութիւններուն կայունացումին, որպէսզի անոնք ծառայեն երկրին եւ դիմագրաւեն յաջորդ վտանգները»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2024, 07:59