Որոնել

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը այցելեց Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պերրին Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը այցելեց Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պերրին 

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը այցելեց Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պերրին

Այցելութեան ընթացքին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդգծեց Լիբանանը ներկայ ճգնաժամէն դուրս բերելու ջանքերու աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը։ Ան նաեւ բարձր գնահատեց Պերրի նախագահին իմաստուն մօտեցումները, ինչ կը վերաբերի ճգնաժամին եւ ազգային միասնականութեան վերականգման:
Ունկնդրէ լուրը

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը այցելեց Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պերրին, ընկերակցութեամբ Հոգեւոր Տիրոջ քարտուղարին՝ Գերյ. Հայր Նարեկ Ծ.Վ. Մնոյեանի, Գերպ. Հայր Արամ Վրդ. Աբրահամեանի, Արժ. Տէր Րաֆֆի Քհնյ. Յովհաննէսեանի եւ պատրիարքարանի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Շարպէլ Պասթուրիի:

Այցելութեան ընթացքին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդգծեց Լիբանանը ներկայ ճգնաժամէն դուրս բերելու ջանքերու աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը։ Ան նաեւ բարձր գնահատեց Պերրի նախագահին իմաստուն մօտեցումները, ինչ կը վերաբերի ճգնաժամին եւ ազգային միասնականութեան վերականգման:

Երկու կողմերը շեշտեցին պետական հաստատութիւններու և բոլոր համայնքներու միջև երկխօսութեան ամրապնդման հրամայականին վրայ՝ դուրս գալու համար ներկայ ճգնաժամէն։ Անոնք նաև ընդգծեցին քաղաքական, կրօնական և ընկերային բոլոր խմբաւորումներուն միջեւ համատեղ ջանքերու կարեւորութիւնը՝ պահպանելու համար կայունութիւնը Լիբանանի մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2024, 10:21