Որոնել

Սուրբ Հոգի, աղաւնի Սուրբ Հոգի, աղաւնի 

«ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԸ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ՏԵՂ ԸՆԵՆՔ...»Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Ամէն որոշում պէտք է առնուի Աստուծոյ կամքը մեր կեանքերէն ներս իրագործելու հիման վրայ : Ուսում, ամուսնութիւն, գործի ասպարէզ, ճամբորդութիւն, գաղթ եւն., ամէն ինչ, պէտք է ենթարկուի Աստուծոյ կամքին:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Շատ յաճախ, տարբեր առիթներով արտասանուած խօսքերու ընթացքին կը լսենք հետեւեալ արտայայտութիւնը՝ « Այս Աշխարհը աւելի լաւ տեղ ընենք ապրելու համար»: Այս խօսքը ոչ միայն դասախօսութիւններու ժամանակ, այլեւ գիրքերու եւ յօդուածներու մէջ ալ կը գտնենք. ձեւով մը մարդկութեան ընդհանուր մտայնութիւն, դարձած է: Այս այնքան արմատացած է մարդոց մտքին եւ ենթագիտակցութեան մէջ, որ եթէ մէկը գայ եւ ըսէ՝ « այս արտայայտութիւնը քրիստոնէական հաւատքի հակառակ է» կրնայ ընդվզում, պոռթկում եւ ծիծաղ յառաջացնել: Յաճախ մարդիկ կը ներկայացնեն կեանքը, որպէս քառնաւալ մը, սէյրան մը` զբօսախնջոյք, ուր կոչուած ենք ուրախ ըլլալու եւ զուարճանալու: Մեր հաւատքը սակայն, մեզի կը սորվեցնէ, որ այսպիսի զուարճանք մը նման է խնջոյքի մը ժանտախտի պայմաններու մէջ: Այս աշխարհը խրախճանքի եւ ուրախութեան վայր նկատելը, կը նմանի Թիթանիք նաւուն մէջ գեղեցիկ բնակավայր մը հաստատելուն:

Յիսուս խօսելով իր աշակերտներուն եւ հետեւորդներուն ըսաւ՝ «Եթէ մէկը կ՚ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ ամէն օր իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ» ( Ղուկ. 9:23): Խաչը ընդհանրապէս կը մեկնաբանուի որպէս այս կեանքի դժուարութիւնները: Այսուհանդերձ՝ խաչը, ըստ շատ մը հայրերու, նոյն ինքն կեանքն է: Ուրեմն խաչը վերցնել կը նշանակէ՝ կեանքը շալկել: Բայց մեր կեանքերը շալկելով ո՞ւր կը տանիք զայն... Աստուծոյ, որպէսզի իր կամքը իրականանայ մեր կեանքերէն ներս:

Խաչ շալկելու խորհրդանիշը յստակօրէն կը պատկերացուի մկրտութեան խորհուրդին մէջ: Մենք կը մխրճուինք ջուրին մէջ, որպէս նշան մեռնելու այս աշխարհին համար: Ապա դուրս կու գանք վերստին ծնելով ուրիշ աշխարհի մը մէջ որն է՝ Աստուծոյ Արքայութիւնը: Քրիստոս եկաւ Աստուծոյ Արքայութիւնը քարոզելով: Երկրի վրայ հիմնեց իր եկեղեցին, որպէս այդ արքայութեան սկիզբը: Իր նպատակն էր, որ այդ արքայութիւնը ընդլայնի եւ տարածուի: Եւ երբ Ինք վերադառնայ, ամէն ինչ այդ արքայութեան պիտի ենթարկէ: Արդ՝ ժամանակ պիտի գայ, երբ « երկիրը Տիրոջը փառքին գիտութեամբը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն» ( Ամբակում 2:6)։ Այս իմաստով Յայտնութեան գիրքը կը գրէ՝ «Աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տիրոջը ու իր Օծեալինը եղան։ Ինք պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից» ( Յայտ. 11:15): Միտք բանին հետեւեալն է՝ Քրիստոսի հիմնած արքայութիւնը ընդլայնելով պիտի ծածկէ ամբողջ ստեղծագործութիւնը: Հետեւաբար՝ Մեր կոչումը այս աշխարհը աւելի լաւ ընել չէ. այս աշխարհին վրայ ներկայիս իշխանութիւն չունինք: Ժամանակ պիտի գայ, երբ Քրիստոս պիտի տիրէ ամէն ինչի վրայ. երբ «երկրի վրայ Իր կամքը պիտի գործադրուի ինչպէս երկինքի մէջ», այն ժամանակ քրիստոնեաները պիտի թագաւորեն Իրէն հետ յաւիտեան:

Ինչո՞ւ համար կարեւոր այս խորհուրդը:Այս աշխարհին մէջ ամենադժբախտ անձը անհաւատը չէ. այլ այն քրիստոնեան է, որ Աստուծոյ պատուիրանները չապրիր: Նման հաւատացեալներ միշտ դժգոհ են եւ յարատեւ գանգատի մէջ: Իրենց երեսին վրայ միշտ տխրութիւն գծագրուած է, եւ իրենց այդ վիճակը ուրիշի փոխանցելու պատրաստակամութիւնը ունին:
Հետեւաբար՝ ամէն որոշում պէտք է առնուի Աստուծոյ կամքը մեր կեանքերէն ներս իրագործելու հիման վրայ : Ուսում, ամուսնութիւն, գործի ասպարէզ, ճամբորդութիւն, գաղթ եւն., ամէն ինչ, պէտք է ենթարկուի Աստուծոյ կամքին: Այս է Քրիստոսի ուսուցումը՝ « Եղիցին կամք քո»: Բայց քրիստոնեաներու ներկայ իրականութիւնը կը յայտնէ, որ անոնք ամէն որոշում կ'առնեն կամ ընտրութիւն կ'ընեն, այս աշխարհը աւելի լաւ տեղ դարձնելու համար: Ոչ այս աշխարհը աւելի լաւ տեղ կ'ըլլայ եւ ոչ ալ իրենք իրենց ցանկացած ուրախութիւնն ու հանգիստը կը գտնեն:

Հոգեգալուստի առաջնորդող այս ժամանակաշրջանը թող բոլորիս համար ըլլայ առիթ մը, որպէսզի աղերսենք Աստուծոյ Հոգիէն՝ գայ եւ մեզ հիմնայատակ նորոգէ: Նմանինք մեր Երկնաւոր Թագաւորին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի, որ աղօթեց Իր Հօր եւ ըսաւ՝ « ոչ թէ իմ ուզածս՛ այլ քու ուզածդ թող ըլլայ»: Յիսուս վստահելով Աստուծոյ յանձնուեցաւ մահուան, եւ Հայրը յարութիւն տուաւ Իրէն: Եթէ մենք ալ վստահինք Աստուծոյ, պիտի տեսնենք ան փառքը, զոր Աստուած պատրաստած է մեզի համար: Միայն այն ժամանակ պիտի ըլլանք երջանիկ եւ վայելենք երկնային խաղաղութիւնը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2024, 08:00