Որոնել

Յիսուս կը բժշկէ կոյրը Յիսուս կը բժշկէ կոյրը  (Orazio De Ferrari)

«Անոր վէրքերով մենք բժշկուեցանք» (Ես. 53:5) Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Պարտական ենք մեր նահատակ նախահայրերուն՝ իրենց ձայնը լսելի դարձնել աշխարհին, իրենց արեան կանչը, որ տակաւին արդարութիւն կը պահանջէ: Սակայն միաժամանակ մենք ալ ընելիք եւ իրագործելիք ունինք, այն է՝ աճիլ, մեծնալ եւ յառաջդիմել: Մենք ներքին բժշկութեան կարիքը ունինք, եւ այդ բժշկութիւնը միայն Աստուած կրնայ հայթայթել։
Ունկնդրէ լուրը

Որպէս անհատներ կը ծնինք եւ կ'ապրինք ընտանիքի մը մէջ, որու անունն ու յատկանշական գիծերը կը ժառանգենք: Նոյնպէս, որպէս ազգ կը սերինք մեր նախնիներէն, եւ կը կրենք անոնց անունն ու նկարագրային գիծերը: Երբ մեր նախահայրերը 1915-ի աղէտները ապրեցան՝ անմարդկային տառապանք եւ հալածանք կրեցին, չարչարուեցան եւ նահատակուեցան, անոնց հետ մենք ալ ցաւ ու վիշտ ապրեցանք եւ տակաւին կ'ապրինք. անոնց հառաչանքն ու աղաղակը տակաւին կ’արձագանգեն մեր ականջներուն մէջ:

Ցեղասպանութիւն... նորակազմ բառ մը, որ այնքա՜ն ծանր կը հնչէ, կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ: Բոլոր ազգերէն աւելի՝ խորը կ’ըմբռնուի եւ կ’ապրուի մեր ազգին սրտին ու պատմական յիշողութեան մէջ։
Ցաւը այնքան խորն էր, որ հայու ենթագիտակցութեան մէջ պատմութեան ժամացոյցը կարծես 1915 թուականին կարծես կանգ կ’առնէ : Երբ աչքէ անցնենք հայկական թերթերը, այցելենք մեր գրադարանները, երբ քով-քովի գանք ազգային կամ ընկերային հաւաքի մը մէջ՝ պիտի զգանք Մեծ Եղեռնի ցաւը տակաւին ներկայ՝ մեր սրտերուն մէջ։

Պարտական ենք մեր նահատակ նախահայրերուն՝ իրենց ձայնը լսելի դարձնել աշխարհին, իրենց արեան կանչը, որ տակաւին արդարութիւն կը պահանջէ: Սակայն միաժամանակ մենք ալ ընելիք եւ իրագործելիք ունինք, այն է՝ աճիլ, մեծնալ եւ յառաջդիմել: Ընդունինք, որ մեր ազգային մտածելակերպը այնքան կլանուած է աղէտին ցաւով, որ կը մոռնանք ու կը թերանանք վաղուան նայելու, նոր բան մը իրագործելու: «Մեր Վէրքը բաց պիտի մնայ» ըսելով, մենք զմեզ վիրաւոր պահելով, կը կարծենք՝ մեր նախնիներուն համար արդարութիւն ընելու նպաստած կ’ըլլանք: Չբուժուած վէրքը կը նեխի եւ մեզ քրոնիք հիւանդ կը դարձնէ: Այդ է պատճառը, որ յաճախ կը նկատենք թէ ինչքան կը թերանանք որակային յառաջխաղացք արձանագրելու մէջ: Արցախ կորսնցուցինք եւ դարձեալ տեղահանութիւն ապրեցանք, իսկ աշխարհ կրկին լուր հանդիսատես մնաց, երբեմն առանց նոյնիսկ դէպքին անդրադառնալու իրենց լրատուամիջոցներուն մէջ: Միջին արեւելքի հայութիւնը, որ աշխարհասփիւռ հայութեան գլխաւոր մէկ կռուանն է, կը պարպուի իր հայ բնակչութենէն: Արեւմտահայերէնը հետզհետէ կը խամրի եւ անհետանալու ճամբան կը բռնէ Ափիւռքի տարածքին։Հայ ընտանիքներ յաճախ կը գանգատին իրենց վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, որ հայոց պատմութիւնն ու Հայերէն լեզուն արդէն կարեւոր չեն, եւ պէտք չկայ աւելի ծանրաբեռնել դպրոցական արդէն իսկ խճողուած ծրագիրը, մինչ այդ նոյն ընտանիքներէն շատեր կը ներկայանան իբրեւ Հայ Դատի պաշտպաններ: Հայաստանի ամբողջականութիւնը, թերեւս նոյնիսկ անոր գոյութիւնը վտանգի սեմին է մէջ է եւ հորիզոնի վրայ յուսադրող լուծումներ չեն երեւիր: Հայ ժողովուրդը աւելի քան երբեք բաժանուած եւ պառակտուած վիճակի մէջ է՝ Հայրենիք - Սփիւռք, Հայրենիք - Հայրենիք, եւ Սփիւռք-Սփիւռք: Այս բոլորին ի տես՝ ժամը չէ՞ խորհելու եւ յուսալու, որ տեղ մը, բան մը կայ, որ պէտք է վերականգնի, խորապէս բժշկուի:

Ամէն անգամ, երբ ներկայ գտնուիմ յուղարկաւորութեան մը, ուր տեսնեմ՝ իր երեխան եւ կամ ոեւէ հարազատ մը կորսնցուցած ընտանիք մը, ես ինծի հարց կու տամ՝ «ինչ կրնամ ըսել այդ սգաւորներուն՝ զանոնք մխիթարելու կամ անոնց վիշտը ամոքելու»: Պատասխանը կը մնայ միայն մէկը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոս: Եսայի Մարգարէն Քրիստոսի համար կը գրէ ըսելով՝ «իր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք» (Եսայեայ 53․5): Միայն Ինք կրնայ մխիթարել անմխիթարը, Ինք միայն կրնայ բժշկել մեր վէրքը:

Այո՛, Վիրաւոր ազգ մըն ենք եւ ասիկա շատ յաճախ կը յիշենք: Բայց ոչ ոք կը մտածէ բժշկութեան մասին, կարծես վարժուած ու ապահով կը զգանք մեր ցաւին մէջ: Ընդունի՛նք, որպէս եկեղեցի, որ այնքան քիչ աշխատած տարած ենք այս ուղղութեամբ, ինչպէս Երեմեայի Մարգարէութեան մէջ ըսուած է՝ «Իմ ժողովուրդիս վէրքը հարեւանցիօրէն բժշկելով՝ “խաղաղութի՜ւն, Խաղաղութի՜ւն է” կ’ըսեն, երբ խաղաղութիւն չկայ» (Երեմ․ 6.14)։ Նման վէրքը մը միայն Աստուած ինք կրնայ բժշկել եւ մեզ պահել հաւատարիմ՝ մեր հայրերու ժառանգութեան ու կտակին։ Կը սիրենք կրկնել՝ «Վասն Հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» նշանաբանը: Եթէ մեր հայրերուն սուրբ հաւատքը վերանայ, հայրենիքն ալ վտանգուած կը դառնայ: Նայեցէք Արեւմուտքին. Հակառակ իր ամբողջ յառաջդիմութեամբ, անցեալի բարձր քաղաքակրթութեան ու մշակային ժառանգութեան, երբ կռնակ դարձուց Քրիստոնէութեան, իր հայրերու Աստուծոյն, անջրպետ կազմուեցաւ անցեալի հարուստ ժառանգութեան եւ անոր այսօրուան արժէքներուն եւ ապրելակերպին միջեւ: Մինչեւ այն աստիճան, որ այլեւս արեւմուտքի քաղաքացին ինքզինք օտար կը զգայ իր իսկ հողին վրայ:

Երբ Աստուած մեր վէրքերը բուժէ՝ մենք ի վիճակի կը դառնանք ողջամիտ կերպով մտածելու։ Երբ Աստուած մեր աչքերը բանայ՝ ծածկող վարագոյրը մեր աչքերէն կը վերնայ եւ մենք ի վիճակի կը դառնանք տեսնել ճշմարտութիւնը այնպէս ինչպէս իրօք կայ։
Մենք ներքին բժշկութեան կարիքը ունինք, եւ այդ բժշկութիւնը միայն Աստուած կրնայ հայթայթել։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2024, 08:00